Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողան Ներքաշուած Է 15 Միլիոն Տոլարի Ֆինանսական Նոր Գայթակղութեան Մը Մէջ

December 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Յարութ Սասունեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 14 տարի առաջ իշխանութեան եկաւ որպէս բարեպաշտ մահմետական` յայտարարելով, որ մտադիր է կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընել թրքական քաղաքականութենէն:

Իր իշխանութիւնը ամրապնդելէ եւ վարչապետէ աւելի բռնակալ նախագահ մը դառնալէ ետք, ան մոռցաւ իր խոստումները եւ վարեց խիստ փտախտաւոր քաղաքականութիւն, ինչ որ ինք նախօրօք դատապարտած էր: Ինչպէս ըսած է բրիտանացի պատմաբան Լորտ Աքթոն` «Իշխանութիւնը կը փճացնէ. բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս…»:

Այս շաբաթ կը փափաքիմ լուսաբանել Էրտողանի կաշառակերական չորրորդ գայթակղութիւնը` սկսելով իր եւ իր ընտանիքի ներգրաւմամբ իրականացած նախորդ երեքի ամփոփմամբ:

Առաջին դէպքը տեղի ունեցած է 2008-ին եւ կը  վերաբերի Էրտողանի` 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ քարիւղատար նաւ նուէր ստանալուն, ազրպէյճանցի միլիառատէր Մուպարիզ Մանսիմովէն: Էրտողանի խնդրանքով Մանսիմով հետագային դարձաւ Թուրքիոյ քաղաքացի եւ փոխեց մականունը Կուրպանօղլուի:

Երկրորդ դէպքը տեղի ունեցած է 2013 դեկտեմբերին, երբ Էրտողան եւ անոր նախարարներէն չորսը ներգրաւուած էին բազմաթիւ միլիոններ հաշուող կաշառակերութեան քննութեան մը մէջ: Դատավարութենէն առաջ չորս նախարարներն ալ հրաժարական տուին: Սակայն Էրտողան միջամտեց դատավարութեան, մերժեց դատական հայցը եւ գործէ արձակեց այն դատախազներն ու ոստիկանները, որոնք բացայայտած էին նախարարներուն կաշառակերական գործունէութիւնը… Գաղտնի կերպով լսուած էին Էրտողանի եւ անոր զաւկին` Պիլալի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային յատուկ խօսակցութիւնները` բացայայտելով անոնց քննարկումները հարիւր միլիոն տոլարներ իբրեւ կանխիկ գումարներ թաքցնելնուն մասին. գումարներ, զորս անոնք ստացած էին խորհրդաւոր կերպով…

Կաշառակերութեան երրորդ դէպքը Նիւ Եորքի մէջ շարունակուող դատավարութիւնն է` Թուրքիայէն Իրան քարիւղի համար մաքսանենգ ճանապարհով ոսկի արտահանելու միլիառաւոր տոլարներու ծրագրի մը վերաբերեալ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու խախտումով: Անցեալ շաբաթ թուրք-իրանցի ոսկիի առեւտրական Ռեզա Զարապ մեղաւոր հռչակուեցաւ բոլոր եօթը մեղադրանքներով` բացայայտելով մասնակցութիւնը դրամատան տէր թուրք Մեհմետ Հաքան Աթիլայի եւ եօթը այլ մեղադրեալներու, որոնց շարքին` Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայանի, որ կը մեղադրուի միլիոնաւոր տոլարներ կաշառք ստանալու յանցանքով` ի դիմաց ապօրինի ծրագիրը կազմակերպելուն: Զարապ նաեւ ներքաշած է Էրտողանը` նաւթի առեւտուրի համար ապօրինի ոսկին արտահանելու թոյլտուութեան ձեռքբերման համար:

Չորրորդ եւ վերջին կաշառակերութեան ծրագիրը կը ներառէ Էրտողանի ընտանիքի անդամները, որոնք 2011 դեկտեմբերէն մինչեւ 2012 յունուար 15 միլիոն տոլար փոխանցած են Պէլուէյ Լիմիթըտ ստուերային ընկերութեան` Անգլիոյ Մեն կղզիի հարկային ապաստարանին մէջ: Այս մեղադրանքը ներկայացուցած է Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր` Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն: Մեն կղզին բրիտանական գահի թագաւորական ինքնավար տարածք է, որ կը գտնուի Իրլանտական ծովուն մէջ, Անգլիոյ եւ Իրլանտայի միջեւ:

Վերջերս ՀԺԿ նախագահ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2011 օգոստոս 1-ին, Մեն կղզիի մէջ, 1 փաունտ սթերլին հիմնադիր դրամագլուխով: Ան բացայայտած է Bellway Limited ընկերութեան 15 միլիոն տոլարի դրամատնային փոխանցումներու քաղուածքներն ու պատճէնները.

– 2011 դեկտեմբեր 15-ին Էրտողանի փեսան` Զիյա Իլկեն, փոխանցած է 2,5 միլիոն տոլար, իսկ 2011 դեկտեմբեր 26-ին` 1,25 միլիոն տոլար:

– 2011 դեկտեմբեր 15-ին Էրտողանի եղբայրը` Մուսթաֆա, փոխանցած է 2,5 միլիոն  տոլար, իսկ 2011 դեկտեմբեր 26-ին` 1,25 միլիոն տոլար:

– 2011 դեկտեմբեր 27-ին Էրտողանի աները` Օսման Քեթենճի, փոխանցած է 1,25 միլիոն  տոլար, իսկ 2011 դեկտեմբեր 28-ին` 1 միլիոն տոլար:

– 2011 դեկտեմբեր 27-ին Էրտողանի նախկին գործադիր օգնական Մուսթաֆա Կիւնտողան փոխանցած է 1,25 միլիոն տոլար, իսկ 2011 դեկտեմբեր 28-ին` 250 հազար տոլար:

– 2011 դեկտեմբեր 29-ին Էրտողանի որդին` Ահմետ Պուրաք Էրտողան, փոխանցած է 1,45 միլիոն տոլար, իսկ 2012 յունուար 4-ին` 2,3 միլիոն տոլար:

Քըլըճտարօղլու ներկայացուցած է խորհրդարանական միջնորդութիւն` պահանջելով քննութիւն բանալ վերոնշեալ փոխանցումներուն վերաբերեալ: Սակայն մեծամասնութիւն կազմող Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը դէմ քուէարկած է այդ առաջարկին: Երբ Քըլըճտարօղլու դիմած էր խորհրդարան` Էրտողանի դէմ մեղադրանքներու առնչութեամբ, պետական հեռատեսիլային ընկերութիւնը անջատած էր ուղիղ հեռարձակումը…

Անցեալ շաբաթ թուրք դատախազները յայտարարեցին, որ իրենք կը քննեն Էրտողանի դէմ մեղադրանքները: Այնուամենայնիւ, ինչպէս յայտնի է, ոչ մէկ դատաւոր կը համարձակի հաստատել, որ Էրտողան մեղաւոր է որեւէ յանցանքով, հաշուի առնելով, որ բազմաթիւ դատաւորներ պաշտօնազրկուած են կամ կալանաւորուած` Թուրքիոյ նախագահի ցանկութիւնները չկատարելնուն համար:

Էրտողան, ինչպէս եւ կը սպասուէր, զայրացած էր իր ընտանիքի հասցէին հնչած մեղադրանքներուն համար: Ան յայտարարած է, որ հրաժարական կու տայ, եթէ ապացուցուի, որ ինք դրամատնային հաշիւ ունի արտասահմանի մէջ: Էրտողանի իրաւաբան Ահմետ Օզել յայտարարած է, որ Քըլըճտարօղլուի կողմէ հրապարակուած դրամատնային փաստաթուղթերը «կեղծ» էին, իսկ մեղադրանքները որակած է որպէս «սուտ»: Էրտողան սպառնացած է, որ Քըլըճտարօղլու «սուղ պիտի վճարէ» այդ եղածին համար եւ դատական հայց ներկայացուցած է անոր դէմ` պահանջելով 500 հազար տոլար, զրպարտութեան համար…

Այսօրինակ գայթակղութիւնները կրնան բացասականօրէն ազդել Էրտողանի վերընտրութեան վրայ, 2019 թուականին, եթէ, ի հարկէ, ան թոյլ տայ արդար ընտրութիւններու կայացման: Յոյսով ենք, որ Էրտողան կը մնայ իր պաշտօնին վրայ, քանի որ ան յամառօրէն կը շարունակէ վարկաբեկել Թուրքիան` ամբողջ աշխարհի տարածքին…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբը` Լիբանանահայ Մշակոյթի Բարձունքը

Յաջորդը

Հայ-Թրքական Պատերազմը Եւ Պոլշեւիկները

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.