Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումով ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան պարգեւատրուած է հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար` 2-րդ աստիճանի շքանշանով:
Շքանշանը Ալեքքօ Պէզիքեանին յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, 29 նոյեմբերին, Ժընեւի մէջ կայացած Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին: