Ընտրական Քրոնիկ. Ինչո՛ւ Դաշնակցութեան Քուէարկեմ
ՄԻՀՐԱՆ Ք. Նախընտրական շրջան է Լիբանանի մէջ: Քաղաքացիներ հաւանաբար «պատճառներ» կ՛ունենան երկընտրանքի առջեւ գտնուելու` ցանկի կամ թեկնածուի մը թեր կամ դէմ կողմնորոշուելու համար: Ենթադրելի է, որ այդ «պատճառներուն» մէջ գերակշռողը քաղաքացիին առօրեային առնչուած խնդիրներ են: Թէ` թեկնածու առաջադրուած երէկի քաղաքական գործիչը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին որքա՞ն յարգած է իր խոստումները եւ` աշխատած, որ ապահովուին քաղաքացիի ամէնօրեայ անհրաժեշտ կարիքները (ջուր, ելեկտրականութիւն, աղբահաւաքում,...
















