Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Սուրիոյ նախագահին թելադրանքով պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու քրիստոնեայ եւ հայ համայնքապետներուն այցելութիւնը երկրին մէջ կրօններու եւ մշակոյթներու համագոյութեան պահպանումի պատգամը կը յղէր:
Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Համուտա Սապաղ այցելեց Դամասկոսի քրիստոնեայ ե հայ համայնքապետներուն, իսկ Հալէպի մէջ Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան փոխնախագահ Հիլալ Հիլալ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարէն, Հալէպի նահանգապետէն եւ անոնց ընկերակցող պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը այցելեց հայ համայնքապետներուն:
Եթէ նկատի ունենանք վերոյիշեալ այցելութիւններուն առիթը, բնականաբար մեզի պիտի թուի, թէ անոնք Ս. Յարութեան տօնին առիթով կատարուած շնորհաւորական այցելութիւններ են պարզապէս, որոնք պատերազմի նախորդող տարիներուն ալ տեղի կ՛ունենային եւ նորութիւն չեն համարուիր: Իրականութեան մէջ, սակայն, սուրիական պատերազմի ա՛յս փուլին բարձրաստիճան պատասխանատուներու մակարդակով կատարուած շնորհաւորական այս այցելութիւններն ու անոնց յաջորդող քարոզչական աշխատանքը ներքին թէ արտաքին կողմերու քանի մը պատգամ կը յղեն:
Առաջին պատգամը ուղղուած է Սուրիոյ դիմագիծը փոխելու համար տարիներ շարունակ նկրտող հաւատադրժողական գաղափարներու խնկարկուներուն: Անոնց, որոնք պատերազմի այս տարիներուն խաւարամիտ կրօնամոլներ գրգռելով, կաշառելով` Սուրիա ճամբեցին ու քանդել տուին եկեղեցիներ, հնագիտական վայրեր, թանգարաններ եւ այլն, ամէն գնով աղաւաղելու Սուրիոյ դիմագիծը, քաղաքակրթութիւնը, մշակութային եւ կրօնական բազմազանութիւնը: Անոնք առաւելաբար փորձեցին քայքայել Սուրիոյ ընկերային հիւսուածքը` համայնքային եւ կրօնական լարուածութիւններ սրելով, կրօնաւորներ ու մշակութային գործիչներ սպաննելով:
Այս այցելութիւնները եկան հաստատելու, որ Սուրիան, եօթը տարի մաքառելէ ետք, կը շարունակէ մնալ կրօններու եւ մշակոյթներու համագոյութեան երկիր. եկան հաստատելու, որ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ամէն ջանք թափել ոչ միայն պահպանելու սուրիական ընկերութեան խճանկարը, այլեւ` բոլոր համայնքները մասնակից դարձնելու երկրի վերակառուցման ու նոր Սուրիան, Սուրիոյ նոր քաղաքացին կերտելու աշխատանքին:
Երկրորդ պատգամը սեփական ուժերուն վստահելու եւ միասնական ճիգերով երկրին ու անոր փոքրամասնութիւններուն դէմ հիւսուած դաւերը չէզոքացնելու հաւատքի ամրապնդման շեշտադրումն էր:
Շնորհաւորական բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ սուրիական բանակին մարտավարութեան, վերջին ամիսներուն, յատկապէս արեւելեան Ղութայի մէջ, անոր սրընթաց յառաջխաղացքին, աշխարհակուլ ուժերու կողմէ ծրագրուած զինուորական թէ քարոզչական յարձակումներուն դէմ արձանագրած յաղթանակներուն վրայ: Սուրիական բանակը, դաշնակից երկիրներու զօրակցութեան հետ մէկտեղ, գետնի վրայ հերոսական պատմութիւն կերտեց: Աշխարհի զանազան երկիրներէ Սուրիա ղրկուած, զինուորական եւ նիւթական հսկայ կարելիութիւններով օժտուած հարիւր հազարաւոր ահաբեկիչներուն դէմ յաղթանակ արձանագրելը, տակաւին, ստորգետնեայ հարիւրաւոր փապուղիներ, կառուցապատուած ու կահաւորուած ապաստաններ, արդիական հիւանդանոցներ պատրաստած ուժերու յարձակումները ձախողութեան մատնելը բանակի մը հզօր կարելիութիւններուն եւ գաղափարական ուժին մասին կը խօսին պարզապէս:
Պատերազմի օրերուն երկրի տարածքային ամբողջականութեան, արդարութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատման ջատագովը հանդիսացող հայ համայնքը, պետական ներկայացուցիչներուն հաստատումով, որպէս վստահելի ու գործունեայ համայնք, իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ Սուրիոյ վերակառուցման, ընկերային հիւսուածքի պահպանման ու նոր Սուրիոյ առողջ քաղաքացին կերտելու աշխատանքին մէջ:
Ճիշդ է որ սուրիական տագնապը իր աւարտին չէ հասած տակաւին, այս այցելութիւնները, սակայն, նոր Սուրիան կերտելու պատրաստակամութիւնն ու գործնական քայլերու մեկնարկը կ՛ուրուագծէին` վեր առնելով երկրին մէջ հայ համայնքին կառուցողական ներկայութիւնը:
«Գ.»