Անդրադարձ

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Մեր Գիտակի՛ց Վերածաղկումը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հոկտեմբեր 2017-էն մինչեւ տարեվերջի օրերը Քալիֆորնիա նահանգին մէջ տեղի ունեցան անտառային աղէտալի հրդեհներ, որոնք մահ ու աւեր տարածեցին Նափա հովիտէն մինչեւ Սանթա Պարպարայի Վենթուրայի ու Լոս Անճելըսի մերձակայ ու Օրենճ Քաունթիի կարգ մը շրջանները. հրդեհներէն հալածական բնակիչներ կարճ ատեն ետք երկրորդ տեղահանութեան մը ենթարկուեցան, երբ անձրեւաբեր եղանակը ողողումներ ու ցեխի սահանքներ պատճառեց բուսականութենէ զրկուած լեռնալանջերու դրացի շրջաններու մէջ:...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական. Պատերա՞զմ, Թէ՞ Քաղաքական Ճնշում

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ «Ինթըրնեշընըլ քրայսիս կրուփ» կազմակերպութիւնը փետրուար 2018-ին հրապարակեց հետազօտութիւն մը, ուր կը քննարկէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ծաւալելիք յառաջիկայ հաւանական պատերազմը, եւ թէ ինչպէ՛ս Ռուսիա կրնայ կասեցնել այդ հարցը: Հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հըզպալլա ամէն ջանք կը թափէ, որ հզօրացնէ իր դիրքերը հարաւային Սուրիոյ մէջ եւ ընդարձակէ իր քաղաքական ու ռազմական ազդեցութիւնը` ռազմակայաններ կառուցելով Սուրիոյ տարածքին: Այս արարքը մղեց Իսրայէլը,...

Մի՛շտ Կողք Կողքի

Մի՛շտ Կողք Կողքի

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ Առաջին անգամը չէր, որ հայ ժողովուրդը ճգնաժամի մէջ կը յայտնուէր... Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը լի է արհաւիրքներով, ճգնաժամերով եւ փոթորկալից ժամանակաշրջաններով: Սուրիական պատերազմը, սակայն, վատթարագոյններէն մէկն էր սփիւռքի մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ ան հարուածեց մեր մայր գաղութը: Դաժան էր պատերազմը, որ դժբախտաբար տակաւին չէ աւարտած, կարգ մը շրջաններու մէջ կը շարունակուին անողոք բախումները: Արդեօ՞ք տակաւին թիրախ կը դառնան հայկական...

Խաչօ՞, Թէ՞ Չալօ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դրան Առջեւ Պատրաստ Հիւրեր

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Մեր փողոցին մէջ կատուներ Ներկայ են միշտ սերտ անկիւններ. Ինքնաշարժի մը տակ պառկած Կամ պատի մը կից երկնցած. Հալածող են չար մուկերուն, Թշնամիներ` թռչուններուն, Յաճախորդներ` մսագործին, Բարեկամներ միշտ սիրողին. Մլաւող են առաւօտեան, Զուր լալկաններ մութ գիշերուան: Եթէ գտնեն լքուած պատառ, Կ՛առնեն, կ՛ուտեն սովորաբար: Դրան առջեւ պատրաստ հիւրեր, Չեն սպասեր տան հրաւէր, Կը վայելեն փափուկ ծոցեր, Կը նախընտրեն գգուանք...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Հիմնական Խնդիրը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Ազդակ» օրաթերթը իր 24 հոկտեմբեր 1937-ի թիւին մէջ լիբանանահայերուն կոչ կ՛ուղղէր իրենց քուէները չծախելու: Այդ կոչը կը վկայէ, թէ որքա՛ն հին է Լիբանանի մէջ ընտրակաշառքի երեւոյթը: Մայրիներու երկրի անկախութենէն ալ առաջ գոյութիւն ունեցած այդ ախտը, դժբախտաբար, կը գոյատեւէ մինչեւ օրս: Այլ համայնքներու մօտ այդ ընտրակաշառքները կը կատարուին զուտ ընտրական հաշիւներով: Լիբանանահայերու քուէներու գնումը, սակայն, ընտրական նպատակներ չի հետապնդեր...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Դիմաւորել 100-ամեակը 14. Հայ Եկեղեցականը Հայրենակերտման Ճակատին Վրայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Պատմական իրադարձութիւնները եւ անոնց մէջ մարդոց ստանձնած դերերը եւ որդեգրած ընթացքը ոչ միայն պէտք չէ մոռնալ, այլ` անոնց լոյսին տակ ընդունիլ եւ տէր ըլլալ մեր ներկային: Հայ եկեղեցականը ազգի անդամ է, հետեւաբար նաեւ` պատասխանատու: Այս գիտակցութեան երկու օրինակներու մասին պէտք է խօսուի, երբ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակի առիթով ժողովներ պիտի գումարուին, քիչ մը ամէն տեղ տօնակատարութիւններ պիտի ըլլան:...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն . Ուսուցիչը` Պարոն Փիլիպոս Դերձակեան

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի: «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական» Բ. տարի դասագիրքս յանկարծ աչքիս զարկաւ: Ու ի՜նչ զարմանք, արդէն կը զգամ, որ բազմազան անուններ ծնունդ կը սկսին առնել ու կարգով կը փորձեն խածնել սիրտս եւ ուղեղս: Անուններ, որոնց առջեւէն յաճախ եւ ինքնաբերաբար կ'անցնիս սրտի...

Ըստ Թրքական Կայքին` Թուրքիոյ Մէջ Կ՛ապրին 300.000 Համշէնցիներ

Ըստ Թրքական Կայքին` Թուրքիոյ Մէջ Կ՛ապրին 300.000 Համշէնցիներ

Թուրքիոյ ամէնէն շատ ընթերցուող ժամանցային կայքերէն onedio.com-ը յատուկ անդրադարձ մը հրապարակած է համշէնցի հայերուն մասին` լուսարձակի տակ առնելով անոնց դիմագրաւած հարցերը, ծագումը եւ աւանդութիւնները: «Մայրենին կորսնցնելու վտանգին տակ գտնուող սեւծովեան ժողովուրդ մը. Համշէնցիներ» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը յիշուի, որ համշէնցիները իսլամացուած են դարեր առաջ` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին: Նիւթին հեղինակները ընդգծած են, որ թէեւ Թուրքիոյ մէջ համշէնցիներու ցեղային ծագումին շուրջ տարակարծութիւնները...

Ինչո՞Ւ Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Ձախողուեց

Չինական Երազը Եւ Հայաստանը (Մաս 4 – Վերջին)

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Ինչպէս արդէն տեղեկացրել ենք մեր նախկին յօդուածներով, Չինաստանը 70-ականներից իր առջեւ դրեց զարգացման ծրագիր` դառնալու աշխարհի առաջատար երկիր. այն  տեւելու է մինչեւ 2049 թուականը: Այժմ նա հանդիսանում է աշխարհի երկրորդ տնտեսապէս հզօր երկիրը: Այդ պատճառով է, որ Չինաստանը հանեց նոր Մետաքսի ճանապարհի գաղափարը, որի նպատակն է աշխարհին տալ որակեալ ապրանք մատչելի գներով, իսկ Եւրոպայից ներմուծել նոր արհեստագիտութեան համար...

Լոյս Տեսաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Սուրիոյ Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր (24-27 Մայիս 2015) Հատորը

Լոյս Տեսաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Սուրիոյ Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր (24-27 Մայիս 2015) Հատորը

Հատորը կ՛ընդգրկէ 41 ուսումնասիրական յօդուածներ, որոնց 31-ը գիտաժողովին կարդացուած զեկոյցներուն վերամշակուած տարբերակներն են: Մնացեալ տասը ուսումնասիրութիւնները նոր աշխատութիւններ են` հատորին առաւել ամբողջականութիւն տալու համար: Հատորը կ՛ընդգրկէ նաեւ գիտաժողովի օրերուն տեղի ունեցած կլոր սեղանի զրոյցին ամբողջութիւնը, ուր  Շահան արք. Սարգիսեան (առաջնորդ Բերիոյ թեմի), վեր. Յարութ Սելիմեան (համայնքապետ Սուրիոյ Հայ աւետ. համայնքի) եւ Արմաշ եպս. Նալպանտեան (առաջնորդ Դամասկոսի հայոց) արծարծեցին Սուրիոյ տագնապի...

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները,  Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները, Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ ճանչնալ հայոց պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդի էութիւնը: Ճանչնալ մեր հերոսները` կը նշանակէ վերադարձ մեր 5 հազարամեայ հարազատ արմատներուն, մեր ազգային ակունքներուն, աւանդոյթներուն եւ մեր արժանապատուութեան: Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ կառչիլ մեր սրբազան հայրենիքին, իւրաքանչիւր թիզ հողին եւ մեր ազգի բոլոր իրաւունքներուն: Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Ծառ Չկտրել Լուցկի Շինելու Համար

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ամէն ամիս նիւթով մը միջազգային հետաքրքրութիւն ստեղծելու վրայ է: Յարատեւօրէն կը փորձէ հաստատել, որ ինքը Փութինի օգնութեամբ չէ, որ նախագահ ընտրուած է: Երբեմն նոյնիսկ հսկայ ծրագիրներ մէջտեղ կը նետէ, որպէսզի վերջաւորութեան պզտիկ յառաջխաղացք մը արձանագրէ: Ոմանք կը հաւատան, որ Ամերիկա, Եւրոպա, Թուրքիա, Իսրայէլ եւ Ռուսիա, Իրան, Չինաստան, Սուրիա ճակատումը անպայման տեղի պիտի ունենայ, այդ ալ`...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. «Զզուեցանք Դաշնակցականներէն…»

ԼԵՆԱ ՊԱԼԵԱՆ Ընտրական այս օրերուն բազմացած են կարծիք յայտնող «իմաստուն»-ները... Մի ոմն, ձանձրացեր է Դաշնակցութեան «պարապ-սարապ պըր-պըր»-ները լսելէ եւ գլուխը սկսած է ցաւիլ «Քուէս Դաշնակցութեան» կարգախօսէն: Մի ոմն, դո՛ւն եւ քեզի նման բթամիտներդ լա՛ւ իմացէք ու միանգամընդմիշտ ըմբռնեցէք, որ Դաշնակցութեան ձայնը չի լռեր: Դաշնակցութեան ձայնը 128 տարի հնչած է ու դեռ պիտի շարունակէ հնչել, եւ բարձր պիտի հնչէ ու ձեզի...

Ռուբէնը  (Մահուան Քառասունք)

Ռուբէնը (Մահուան Քառասունք)

ՄԻՀՐԱՆ Ք. Ռուբէնին հետ դասընկերներ էինք ու թաղի տղաք` Հայաշէնի մէջ: Արդէն անկարելի է հայաշէնցի ըլլալ ու իրարու կապուած չըլլալ մանկութեան-պատանութեան տարիքի դպրոցական, դասի ու խաղի, փողոցային թափառումներու եւ անմեղունակ անառակութիւններու յուշերով: Զտարիւն հայաշէնցի մը միայն կը հասկնայ այս ըսուածին խորքն ու իրաւութիւնը: Հայաբնակ հին Հայաշէնի մէջ կային տարբեր գաղափարի մարդիկ: Կային դաշնակցականներ, կային համայնավարներ, թերեւս նաեւ` հնչակեաններ: Բայց ատոնք...

Քարամանի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի…  Ի Յիշատակ Մեծ Մօրս` Զարուհի Նազարէթեանին

Քարամանի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի… Ի Յիշատակ Մեծ Մօրս` Զարուհի Նազարէթեանին

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՅՐ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ Տարիներէ ի վեր մեծ մարմաջ ունէի արձանագրելու  սոյն պատմութիւնը եւ յանձնելու հանրութեան: Սակայն յարմար ժամանակին կը սպասէի... Ամէնօրեայ դրութեամբ ծարաւով կը կարդամ  գաղութիս օրաթերթերը: Հայրենիքիս լուրերը երբեմն կ՛ալեկոծեն հոգիս, երբեմն հոգիով կը փոխադրեն զիս այնտեղ, ուր պէտք է ըլլանք բոլորս, շատ յաճախ կ՛ուզեմ պոռթկալ անիրաւութիւններուն դէմ եւ Թուրքիոյ յայտնել, որ` «Դո՛ւն չես տէրը այն հողին, որուն վրայ...

Սահմանին Կանգնած Զինուորները Մեր Հերոսներն Են. Լիբանանի Բանակի Հայազգի Զօրավարն Իր Անցած Ուղու, Հայկական Բանակի Մասին

Սահմանին Կանգնած Զինուորները Մեր Հերոսներն Են. Լիբանանի Բանակի Հայազգի Զօրավարն Իր Անցած Ուղու, Հայկական Բանակի Մասին

ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ Լիբանանի բանակի զօրավար, պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Փանոս Մանճեանը ռազմական ոլորտում իր առաջին քայլերն սկսել է 1972 թուականին, երբ ընդունուեց ռազմական հաստատութիւն: Այս ոլորտն ընտրելու գործում Փանոս Մանճեանի համար գլխաւոր ոգեշնչողը հայրն էր: Ռազմական տաղանդը նա ժառանգել է նախնիներից, պատերազմների միջով անցել է Փանոս Մանճեանի հայրը, պապը: Հայրը սկզբում ֆրանսական բանակի զինուորական է եղել, որոշ ժամանակ անց տեղափոխուել է...

Թրքացած Հայերու Ծագման Հարցի Պատճառով Յառաջացած Այլ Ողբերգական Պատմութիւններ

Թրքացած Հայերու Ծագման Հարցի Պատճառով Յառաջացած Այլ Ողբերգական Պատմութիւններ

ՐԱՖՖԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Անցած ամիս թրքական կառավարութեան կողմէ ստեղծուած էր կայք մը, ուր Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնային որոնել իրենց արմատները` հասնելով մինչեւ 1850-ականներու կէսերը: Տպագիր ու ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած են հարիւրաւոր պատմութիւններ, որոնք ցնցում յառաջացուցած են Թուրքիոյ մէջ ու անոր սահմաններէն  դուրս: Կան նաեւ քանի մը պատմութիւններ թուրքերու մասին, որոնք յայտնաբերած են, որ ունին ալպանական, արաբական, Պոնտոսի յոյներու, եւ որ ամենավատն...

«Արդէն Ուշ Էք…»

«Արդէն Ուշ Էք…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Պահրէյնի թագաւորութեան գիրքի միջազգային տասնութերորդ ցուցահանդէսը ունեցաւ բաւական յատկանշական դրուագներ: Նախ` Պահրէյնի Մուհարաք քաղաքը հռչակուած է 2018 տարուան Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ մարտ 28-էն մինչեւ 7 ապրիլ  2018, նոյն քաղաքին մէջ եւ նուիրուեցաւ իսլամական մշակոյթին: Բայց կար նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր մասնակցութիւնը` պետական ու պաշտօնական հրաւէրով եւ աւելի քան չորս հարիւր հրատարակչատուներու կողքին, որոնք կու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Իմ Հերոսը

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Ապրիլ ամիսը տրտում եւ տխուր յիշատակներ կը վերապրեցնէ, որովհետեւ արդի համաշխարհային պատմութեան մէջ ապրիլ ամիսը կը ներկայացնէ անցեալ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը: Այս անպատիժ մնացած Ցեղասպանութիւնը դուռը բացաւ այլ ցեղասպանութիւններու. իբրեւ մարդկային տարրական յարգանք` պէտք է պահ մը կանգ առնենք, թէկուզ մէկ անգամ յիշենք` խոնարհելով հրեաներու, Քամպոտիայի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին առջեւ: Հայոց ցեղասպանութենէն մօտ...

Ակնարկ.  Եթէ Հարկը Զգացուի` Ամէն Գնով

Ակնարկ. Եթէ Հարկը Զգացուի` Ամէն Գնով

Համաշխարհային լրատուամիջոցներու հետեւողներ կրնան կազմել այն արագ տպաւորութիւնը, որ համաշխարհային պատերազմի նախաշեմին կը գտնուի երկրագունդը: Սպառնալիքները  եւ որոշ առումներով Սուրիոյ ուղղութեամբ զինուժի նախապատրաստական տեղաշարժները այդ տպաւորութիւնը կը ստեղծեն: Միաժամանակ սակայն արդէն դիտուածի (տէժա վիւ) տեսութիւնը կը շրջագայի հետեւողներու մտապատկերին մէջ, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ նման փոխսպառնական հռետորութիւն, նոյնիսկ անոնց հետեւած հարուածներ մնացած են սահմանափակ, առանց տեղի տալու համընդգրկուն բռնկումներու: Առանց...

Page 542 of 806 1 … 541 542 543 … 806

Արխիւներ