ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Լիբանան համաձայնական ժողովրդավարութեամբ օժտուած համայնքային երկիր մըն է, ուր 2 տարիէ ի վեր կը տիրէ քաղաքական կայունութիւն մը շնորհիւ եռապետերու` նախագահ-խորհրդարանի նախագահ-վարչապետ համագործակցութեան: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի անցնող 2 տարուան ընթացքին յաջողեցան երկրին մէջ հաստատել դրական մթնոլորտ մը` երկիրը վերածելով շրջանային փոթորկոտ ովկիանոսին մէջ կայունութեան կղզիի մը, ուր հարցերը կը լուծուին երկխօսութեամբ, հանդարտութեամբ եւ փոխադարձ զիջումի սկզբունքի հիմամբ:
Անոնք յաջողեցան շրջանցել դժուարութիւնները եւ տարակարծութիւնները, չէզոքացնել ու մեկուսացնել խնդրայարոյց գործիչները, եւ ներքին կայունութեան պահպանման համար` «չէզոքութեան» քաղաքականութիւն որդեգրելով` Լիբանանը հեռու պահել շրջանային ու միջազգային առանցքներու պայքարէն:
Գործող իշխանութիւնը անցնող երկու տարուան ընթացքին խորհրդակցութիւններու, երկխօսութեան ու քննարկումներու շնորհիւ եւ փոխադարձ զիջումներու հիմամբ որդեգրեց ընտրական նոր օրէնքը, կատարեց թափուր մնացած պետական պաշտօններու համար նշանակումներ, ինչպէս նաեւ որդեգրեց պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելման օրէնքն ու 2018-ի պետական ամավարկը: Տակաւին վերջերս տեղի ունեցան Լիբանանի օժանդակութեան յատկացուած միջազգային խորհրդաժողովներ` զինեալ ուժերու օժանդակութեան «Հռոմ 2» եւ տնտեսութեան օժանդակութեան «Սետր 1» խորհրդաժողովները: Շուտով պիտի գումարուի սուրիացի տեղահանուածներու հարցին նուիրուած Լիբանանի համար դարձեալ մեծ կարեւորութիւն ունեցող Պրիւքսելի ժողովը: Աւելի՛ն, նախագահ-խորհրդարանի նախագահ-վարչապետ եռամիասնութեան ու ժողովրդային մեծ զօրակցութեան շնորհիւ էր, որ կարելի եղաւ ապահովել Լիբանանի վարչապետին Ռիատէն Պէյրութ վերադարձը:
Այս կարճատեւ, սակայն դրական ընթացքին, մթնոլորտին ու ձեռքբերումներուն շարունակումը կը բխի Լիբանանի` պետութեան ու ժողովուրդի շահերէն: Ահա թէ ինչու, երբ աչքէ անցընենք կազմուած ընտրական դաշինքները, այդտեղ կարելի է նշմարել իշխանութեան երթը շարունակելու ձգտում մը, որ լռելեայն կ՛արտայայտուի Մուսթաքպալ հոսանք-Ազգային ազատ հոսանք ընտրական դաշինքներուն մէջ: Այդ դաշինքները բնական արդիւնքն են անցնող երկամեակի ներլիբանանեան ընդհանուր մթնոլորտին:
Եթէ զանց առնենք կարգ մը ընտրաշրջաններու մէջ նշեալ երկու հոսանքներուն միջեւ ընտրական նեղ հաշիւներէ մղուած մրցակցութիւնը, կարելի է ըսել, թէ 6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին պայքարը համախոհութեան ու երկխօսութեան ուժերու եւ ճակատումի ու լարուածութեան ստեղծման ուժերու ընտրադաշինքներուն միջեւ է: Ահա այս է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդհանուր վերնագիրը: