
ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ զէնքերու համաշխարհային առեւտուրին դէմ պայքարող «Global Net. Stop the Arms Trade» ցանցին առաջարկով պատրաստուած նոր ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է, որ Գերմանիոյ կայսրութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ եւ անոր ընթացքին յատկանշական քանակութեամբ զէնքեր տրամադրած է Օսմանեան կայսրութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրը իրականացնելու համար:
Ուսումնասիրութիւնը նաեւ կը շեշտէ, որ զէնքեր տրամադրելու կողքին, գերմանացի սպաները իրե՛նք հաստատած են Ցեղասպանութեան «գաղափարական հիմքերը»: Յատկանշական է, որ այս ուսումնասիրութիւնը մօտաւորապէս 100 կազմակերպութիւններէ բաղկացած վերոյիշեալ միջազգային ցանցին ջանքերով պատրաստուած առաջին հետազօտական աշխատասիրութիւնը կը հանդիսանայ:
Հոն կը նշուի, որ թրքական զօրքերը Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման համար հիմնականօրէն օգտագործած են գերմանական հրացաններ եւ այլ զինատեսակներ: Գերմանական «Մաուզեր» ընկերութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տուած է միլիոնաւոր հրացաններ եւ ատրճանակներ, որոնք օգտագործուած են Ցեղասպանութեան ժամանակ` գերմանացի սպաներու աշխուժ աջակցութեամբ: Զեկոյցին համաձայն, գերմանացի սպաները, որոնք ծառայած են թուրք-օսմանեան զինուորական անձնակազմին մէջ, աշխուժօրէն օգնած են իրականացնելու սպանդները:
«Յարձակողներուն մեծ մասը զինուած եղած է «Մաուզեր» տիպի հրացաններով, իսկ սպաները` նոյն ընկերութեան ատրճանակներով», նշուած է զեկոյցին մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, որ մեծ թիւով գերմանացի սպաներ կոտորածներուն ականատես եղած են եւ անոնց մասին գրած` իրենց ընտանիքներուն ուղղուած նամակներուն մէջ:
Բացի հրացաններէ եւ ատրճանակներէ` թրքական բանակը նաեւ զինուած է Գերմանիոյ Էսեն շրջանին մէջ հաստատուած յայտնի «Քրուփ» (Krupp) ընկերութեան արտադրած հարիւրաւոր թնդանօթներով, որոնք օգտագործուած են յատկապէս Մուսա Լերան մէջ հայերու զինուած դիմադրութիւնը ճնշելու համար:
Լրատուամիջոցը կը յիշեցնէ, որ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուքը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ «համապատասխանատուութիւն»-ը, եւ նոյն տարուան ընթացքին լրագրող Եուրկըն Կոթշլիխին հրապարակած գիրքը մանրամասնած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Գերմանիոյ տրամադրած ռազմական խորհուրդներն ու մարզումները` Օսմանեան կայսրութեան, իսկ այս նոր զեկոյցը առաջին անգամ ըլլալով մանրամասնութիւններ կը բացայայտէ նաեւ «Մաուզեր» եւ «Քրուփ» ընկերութեանց տրամադրած նիւթական աջակցութեան ծաւալներուն մասին:
Ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակն է Գերմանիոյ կողմէ զէնքի արտածումներու մասին շարք մը ժապաւէններ արտադրած Վոլֆկանկ Լանտկրայպերը, որ կը նշէ, թէ «Մաուզեր» ընկերութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ատրճանակներու մենաշնորհ ունէր: Ան կ՛աւելցնէ, որ մինչ ներկայիս այդ ընկերութիւնը պատմութեան անցած է, «Քրուփ»-ի իրաւայաջորդը` գերմանական «ԹիսենՔրուփ»-ը, վերածուած է պողպատ արտադրող հսկայ ընկերութեան մը, որ երբեք հրապարակային կերպով չէ խոստովանած Ցեղասպանութեան մէջ իր ունեցած դերակատարութիւնը:
Լանտկրայպերը կը յիշեցնէ թրքական բանակի հրամանատարներէն Ֆահրի փաշայի գերմանացի խորհրդական զօր. Կրաֆ Վոլֆսքելին մէկ վկայութիւնը` Ուրֆայի մէջ իրենց տուները ապաստանած հայերուն դէմ թրքական բանակի յարձակումին մասին, որուն ընթացքին սպաննուած են մեծ թիւով հայեր:
Մինչ գերմանական ընկերութիւնները տրամադրած են զէնքերը, իսկ գերմանացի զինուորները` զանոնք գործածելու փորձագիտական օժանդակութիւնը, գերմանացի սպաները, ըստ Լանտկրայպերի, դրած են Հայոց ցեղասպանութեան «գաղափարական հիմքերը»:
Ուսումնասիրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Օսմանեան կայսրութեան նման` Գերմանիա եւս կասկածով կը մօտենար հայութեան, Ռուսիոյ հետ հայերուն ունեցած կապերուն պատճառով: Զեկոյցը կ՛անդրադառնայ զօր. Քոլմար վոն տեր Կոլցին, որ 1883-էն սկսեալ ռազմական առանցքային խորհրդական դարձած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ ջատագով մըն էր դէպի կայսրութիւն գերմանական զէնքի արտածումներուն: Ան հայատեաց մըն էր` հայերը նկարագրելով իբրեւ «իւղոտ, առեւտուրի ժողովուրդ», ու կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր սուլթանը համոզելու մէջ, որպէսզի ան «Հայկական հարցը վերջնականապէս լուծէ»: Լանտկրայպերը Կոլցը կը համարէ նաեւ նացիական գաղափարախօսութեան աղբիւրը` պնդելով, որ Ատոլֆ Հիթլեր` ոչ միայն թշնամին պարտութեան մատնելու եւ անոր յանձնուիլ պարտադրելու, այլեւ ամբողջովին զայն ոչնչացնելու դիրքորոշումը իւրացուցած էր Կոլցի գիրքէն:
Վերջապէս, Լանտկրայպերը ընդգծած է, որ նոր հետազօտութիւնը ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնէ Օսմանեան կայսրութիւնը իր մեղքէն, այլ պարզապէս կ՛ամբողջացնէ պատմութեան բաց մնացած կէտերը: «Ամբողջական պատկերը պէտք է աւելի՛ լիարժէք ըլլայ», ըսած է ան ուսումնասիրութեան ներկայացման ընթացքին: