Անդրադարձ

Զատկուան Գոյժ

Զատկուան Գոյժ

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ Ապրիլ 2-ին` Զատկուան յաջորդող օրը, նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ դարձեալ շաբաթավերջը անցուցած էր Ֆլորիտայի իր զեխ պանդոկներէն մէկուն մէջ, այս անգամ` ինքզինք շրջապատած խումբ մը ծայրայեղ ազգայնականներով, աւետիս մը ծանուցելու փոխարէն` գուժեց «ՏԱՔԱ» կամ «Երազողներ» անունով մկրտուած եւ իրենց ծնողներուն հետ ապօրինի միջոցներով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած երեխաներուն ժամանակաւոր կեցութեան իրաւունք տուող օրէնքին «մահը»` անհիմն կերպով պնդելով, որ...

Վտանգաւոր Բեւեռացում

Վտանգաւոր Բեւեռացում

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Այսօր հայ իրականութիւնը բեւեռացած է: Մարդիկ կրնան հակափաստարկել, որ այսօր աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ հասարակութիւնները բեւեռացած են, եւ հայկական իրականութիւնը պէտք չէ անջատել աշխարհի մէջ տիրող համընդհանուր պատկերէն: Ճիշդ է` արեւմտեան երկիրներուն մէջ հասարակութիւնները բեւեռացած են: Ներկայի բեւեռացումները աւանդական աջի ու ձախի գաղափարախօսութիւններու վրայ հիմնուած բեւեռացումներ չեն այլեւս, այլ, այսպէս կոչուած,  էլիթիզմի եւ ամբոխավարութեան (populism), համաշխարհայնացած եւ զուտ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Թուրքիա Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագիրը Ամէնէն Շատ Խախտողն Է

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թուրք փորձառու լրագրող Սետաթ Էրկին «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ կը գրէ, որ` «Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) Թուրքիան է մարդկային իրաւունքներու խախտումներու առաջամարտիկը»: Եւրոպական դատարանը դատական գործերու վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնէ այն ատեն, երբ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը ստորագրած պետութիւնները կը խախտեն անոր դրոյթները: Թէեւ Թուրքիա միացած է Եւրոպական դատարանին` վերջինիս հիմնադրումէն...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Առանցքներ

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն  լիբանանահայ համայնքի մօտեցման եղանակի, մասնակցութեան եւ մանաւանդ ճշդած քաղաքական սկզբունքներու աւանդութիւն մը կայացած է, որ հերթական փուլի վերյիշելը օգտակար է: Երկու հիմնական ուղղութիւն ինքզինք միշտ զգալի դարձուցած է քաղաքական կեդրոնական ուժերուն եւ հիմնական ընտրազանգուածին համար: Երկրի գերագոյն օրինականութիւնը, որ ընդհանրապէս նախագահ-խորհրդարանի նախագահ-վարչապետ եռեակով կը խորհրդանշուի, առանցքը հանդիսացած է ո՛չ միայն լիբանանահայ համայնքի քաղաքական, այլ նաեւ ընտրական աշխատանքներուն:...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Նշմար. Ոճրագործ Մետալակիրներու Միջեւ Խօսքի Աճուրդ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհի հզօր ու նուազ հզօր պետութիւններու վարիչները տարօրինակ մրցակցութեան մը մէջ են ու կը փորձեն զիրար գերազանցել այլանդակութիւններով, սակայն կրնանք անվարան ըսել, որ Թուրքիոյ նախագահը եւ անոր գործակիցները կրնան խլել ոսկեայ, արծաթեայ ու պրոնզեայ մետալները, աչք ունին նաեւ թիթեղեայ եւ կերպընկալէ մետալներու` իբրեւ գլխաւոր մրցակից ունենալով Իսրայէլի պետական պատասխանատուները: Լեզուով պաղեստինցիներուն հետ է, գրպանն ու սիրտը` Իսրայէլի հետ...

ՀՅԴ-ի Կազմակերպած Կլոր Սեղանները` «Ի՞նչ Ապագայ Ֆրանսահայութեան Համար» Նիւթին Շուրջ

ՀՅԴ-ի Կազմակերպած Կլոր Սեղանները` «Ի՞նչ Ապագայ Ֆրանսահայութեան Համար» Նիւթին Շուրջ

Շաբաթ, 24 մարտին Փարիզի քաղաքապետարանի լսարանին մէջ կայացան ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած երեք կլոր սեղանները` հետեւեալ նիւթերով. - «Հայկական ինքնութիւնը Ֆրանսայի մէջ` ժառանգութեան եւ արդիականութեան միջեւ»: -  «Հայեցի դաստիարակութիւնը` ի՞նչ բովանդակութեամբ եւ ինչպիսի՞ միջոցներով»: -  «Ինչպէ՞ս դիմագրաւել հայ ժողովուրդի քաղաքական գրաւարկները (enjeux)»: Առաջին կլոր սեղանին մասնակցեցան` գրող եւ երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեանը, «Ֆրանս-Արմէնի»-ի խմբագիր Վարուժան Մարտիկեանը, գրող եւ...

Վա­նայ Իշ­խան (­Նի­կոլ ­Պօ­ղո­սեան, ­Մի­քա­յէ­լեան. 1883-1915). Ան­վե­հեր ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կը, ան­պար­տե­լի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը

Վա­նայ Իշ­խան (­Նի­կոլ ­Պօ­ղո­սեան, ­Մի­քա­յէ­լեան. 1883-1915). Ան­վե­հեր ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կը, ան­պար­տե­լի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րու­մին ու կազ­մա­կեր­պու­մին նա­խան­շան­նե­րէն մէ­կը տրո­ւե­ցաւ 1915ի Ապ­րիլ 3ին, երբ ­Վա­նի օ­րո­ւան կու­սա­կալ Ճեւ­տէթ ­Պէ­յի սադ­րան­քով դա­ւադ­րա­բար սպան­նո­ւե­ցաւ ­Վա­նայ Իշ­խա­նը՝ իր ե­րեք զի­նա­կից­նե­րով։ Օ­րին, սա­կայն, ­Վա­նէն դուրս՝ ­Պոլ­սոյ մէջ թէ այ­լուր, իբ­րեւ այդ­պի­սին չըն­կա­լո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման Գա­ղա­փա­րի ­Մար­տի­կին ու հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան մար­տու­նա­կու­թիւ­նը խորհր­դան­շող Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կին դէմ կա­տա­րո­ւած պե­տա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Վա­նայ...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Մենք Նախընտրական Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 22 մարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց 6 մայիսի լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող Դաշնակցութեան թեկնածուներուն ցանկը: Բայց մեր անձնական կարծիքով, այդ հանդիսութեան ընթացքին ամէնէն կարեւորը ոչ թէ թեկնածուներու անուանացանկին յայտարարութիւնն էր, այլ ամփոփ գիծերու մէջ կուսակցութեան նախընտրական ուղեցոյցի կամ ծրագիրի նախագիծին ներկայացումն էր: Պէտք է այստեղ կարեւորութեամբ նշուի, որ Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութենէն եւ երկրին սահմանադրական կեանքի բնականոնացումէն ետք,...

Ապրիլեան Պատերազմը Ցոյց Տուաւ, Որ Եթէ Ժամանակին Լսուէր Առողջ Քննադատութիւնը, Շատ Խնդիրներ Այլ Կերպով Կը Լուծուէին. Սպարտակ Սէյրանեան

Ապրիլեան Պատերազմը Ցոյց Տուաւ, Որ Եթէ Ժամանակին Լսուէր Առողջ Քննադատութիւնը, Շատ Խնդիրներ Այլ Կերպով Կը Լուծուէին. Սպարտակ Սէյրանեան

«Մտածել, որ մենք հիմա աւելի լաւ պատրաստուած ենք պատերազմի, քան` երկու տարի առաջ, կամ հասարակութիւնը որակապէս շատ փոխուած է, կը կարծեմ, որ այդ յուզիչ խօսքերէն ու արտայայտութիւններէն պէտք է զերծ մնալ եւ իրական գետնի վրայ պատկերացնել վիճակը», այսպէս արտայայտուեցաւ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանի եթերէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը` անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմէն քաղուած դասերուն: «Դասերը, զորս քաղեցինք 2 տարի...

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի.-  Ապրիլեան Ախտանիշ

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի.- Ապրիլեան Ախտանիշ

Երկու տարի առաջ` 2016թ. ապրիլի 2-ի լոյս գիշերը Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հրետանու, զրահամեքենաների եւ մարտական օդուժի կիրառմամբ ձեռնարկեցին լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններ շփման գծի գրեթէ ողջ երկայնքով: Ընդ որում, հակառակորդը կրակը տեղափոխեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի խորքը` հրետակոծութեան ենթարկելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերն ու Պաշտպանութեան բանակի մի շարք զօրամասերի մշտական տեղակայման վայրերը: Ազրպէյճանական յարձակումին զոհեր դարձան նաեւ քաղաքացիական անձինք, այդ թւում` երեխաներ:...

Սուղ Գին Վճարելով

Սուղ Գին Վճարելով

«ԱՍՊԱՐԷԶ» Հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատրաստ պէտք է ըլլալ որեւէ գին վճարելու: Պատրա՛ստ ենք: Երկու տարի առաջ, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, իսկապէս սուղ վճարեցինք պաշտպանելու համար մեր հողը: Հրաշալի տղաք, երիտասարդներ, իրենց անմիջական հրամանատարներուն հետ, իրենց կեանքի գնով կասեցուցին դաւադիր ներխուժումը ու ետ մղեցին նենգ թշնամին: Այսօր ցաւով, բայց հպարտութեամբ կը յիշենք մեր հերոսները, որոնք իրենց քաջագործութեամբ, իրենց գիտակից զոհաբերութեամբ նոր սերունդին...

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի – Մարտ Ե. –   Զարգանալ` Առանց Զիջելու

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի – Մարտ Ե. – Զարգանալ` Առանց Զիջելու

Մարտ ամսուան երկրորդ կիսուն Հայաստանի եւ հայութեան առնչուող ամենակարեւոր եղելութիւնները Արցախի նախագահին եւ պետական ներկայացուցիչներուն քաղաքական եւ ներհայկական հանդիպումներն ու այցելութիւններն էին: Գլխաւոր նորութիւնը Արցախի նախագահին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք այցելութիւնն էր, յատկապէս  ելոյթ ունենալը երկրի օրէնսդիր կառոյցին` Քոնկրեսի շէնքին մէջ: Ծերակոյտի անդամներ եւս ելոյթ ունենալով` ընդգծեցին, որ անհրաժեշտ է Արցախի միջազգային ճանաչումին նոր որակ հաղորդել, որովհետեւ...

Ուրացող Պետութիւնը

«Մեծ Աւետիս»-ը Յաջորդով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Քրիստոսի յարութեան հրաշքը տօն է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն համար: Ամէն տարի, գարնան կիրակիներուն զուգադիպող այդ տօնը կը նշենք մեծ ցնծութեամբ եւ ոգեւորութեամբ: Կ՛երեւի նախնիները տօնական տրամադրութիւնը ա՛լ աւելի բարձրացնելու համար նախապէս պարտադրեր են եօթը շաբաթուան զրկանքներու երկար շրջան մը: Յատկապէս Մեծ պահքի վերջին օրերուն ժողովուրդը առաջնորդեր են դէպի սուգի հոգեբանութիւն: Աստուածաշունչի թարգմանիչ վարդապետները Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը նկարագրեր են`...

Այսպէս Դիմաւորեցինք Գարունը

Այսպէս Դիմաւորեցինք Գարունը

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ Գարնան եղանակը թեւակոխելով`  ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: Վարժարանին բոլոր յարկերն ու գրասենեակները գոյնզգոյն ծաղիկներով զարդարուած էին: Դասարաններու մուտքի թէ ներսի պատի թերթերը կը ցոլացնէին գարունը:  Գարնանային աշխուժութիւնը տարածուած էր վարժարանին մէջ ամէնուրեք: Կրթական առօրեային կողքին, վարժարանը ունեցաւ ընկերային առօրեայ մը,  որ  աշակերտներուն փոխանցեց  դաստիարակիչ  այլ մթնոլորտ մը:    Մանկապարտէզի փոքրիկները դաշտ գացին` վայելելու նոր...

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Ընտրական Քրոնիկ. Ինչո՛ ւ Եւ Որո՛ւն Կը Քուէարկենք

Ս. Մ. Երբ քուէարկելու մասին կը խօսինք, մեր մտածումներն ու յիշողութիւնը պտոյտի չեն ելլեր դէպի հին ժամանակներ կամ միջնադար, երբ իշխանաւորները յաճախ «ի վերուստ տնօրինուած» էակներ էին եւ անոնց ըսածն ու արարքները անվիճելի էին ու անյեղլի: Յետոյ, մարդկային ընկերութիւնը զարգացում ապրեցաւ, քաղաքական միտքի յառաջընթաց տեղի ունեցաւ, իշխանաւորի ու ենթակայի իրաւունքներու-պարտականութիւններու սահմանումներ տեղի ունեցան, այդ բոլորը մարդկութիւնը հասցուցին ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ տարազներու, որոնց...

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանահայ Ատամնաբուժներու Միութիւնը Մեծ Շուքով Կը Նշէ Միութեան Հիմնադրութեան Արծաթեայ Յոբելեանը

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանահայ Ատամնաբուժներու Միութիւնը Մեծ Շուքով Կը Նշէ Միութեան Հիմնադրութեան Արծաթեայ Յոբելեանը

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, ներկայութեամբ ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Քարլոս Խէյրալլայի, Լիբանանահայ ատամնաբուժներու միութիւնը ( A.D.A.L. Association des Dentistes Arméniens du Liban)  16 մարտ 2018-ին ընթրիքով մը նշեց  իր արծաթեայ յոբելեանը`  հիմնադրութեան 25-ամեակը: Այս յատուկ առիթով միութեան վարչութիւնը պատուեց լիբանանահայ եօթը երէց ատամնաբուժներ` աւելի եւս հետաքրքրական դարձնելով յոբելեանը: Արդարեւ, ներկայութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի, Լիբանանեան համալսարանի եւ Արաբական համալսարանի ատամնաբուժական...

Համաժողով` Նուիրուած  Մայիս 28-ի Հարիւրամեակին Անվերծանելի Խորհուրդին.   (Նախաձեռնութիւնը Դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին)

Համաժողով` Նուիրուած Մայիս 28-ի Հարիւրամեակին Անվերծանելի Խորհուրդին. (Նախաձեռնութիւնը Դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին)

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  հարիւրամեակի  նշումը կազմակերպող ու համակարգող յանձնախումբը կարելի չեղաւ գործի մղել Հայոց ցեղասպանութեան համազգային յանձնաժողովին համազօր հեղինակութեամբ. թէ ինչո՞ւ, յստակ չէ: Փաստօրէն, սակայն, այդ թերացումը սրբագրեց Կիլիկիոյ հայրապետ  Արամ Ա. կաթողիկոսը:  Նման յանձնաժողովի մը անհրաժեշտութիւնը կը բխէր այդ տօնախումբին տալու նոյն հնչեղութիւնը, ինչ որ` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովին,  որովհետեւ կարեւորութիւնը  տեսանելի է առաջին իսկ անդրադարձին, մանաւանդ երբ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Լեւոն Շանթի գրականութիւնը ընդհանրապէս անկարելի է հասկնալ եւ տպաւորուիլ` առանց անդին անցնելու գրուածի հեքիաթային անմիջականութենէն, առանց տեսնելու խորհրդանիշները, անկախաբար տուեալ ժամանակէն եւ պատմական անուններէն, քանի որ խորհրդանիշներու ետին գտնուող գաղափարները, ցանկութիւնները մարդն իսկ են, մարդը, որ կար երէկ, կայ այսօր. սէր, փառք, իշխանատենչութիւն: Իշխանատենչութեան հարցը այնքան տիրական է մեր օրերուն նաեւ, որ քիչ մը երեւակայութեամբ կը տեսնենք, որ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ազրպէյճան Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Բանաձեւերը. Մաս 2

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ       «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ շաբաթ ներկայացուցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` 1993-ին ընդունած չորս բանաձեւերէն երկուքին խեղաթիւրումները Ազրպէյճանի կողմէ, իսկ այժմ կը ներկայացնեմ մնացած երկուքը: Հատուածներ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 874 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 14 հոկտեմբեր 1993-ին. «Կոչ կ՛ընէ շահագրգիռ կողմերուն` մնայուն եւ արդիւնաւէտ դարձնել հրադադարը, որ հաստատուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան oժանդակութեամբ ձեռնարկուած ուղիղ շփումներու իբրեւ...

Խմբագրական.  Շփման Գիծ Կամ Փաստացի (Տէ Ֆաքթօ)  Սահմաններ. Միջազգային  Ամրագրման Նախադրեալներ

Խմբագրական. Շփման Գիծ Կամ Փաստացի (Տէ Ֆաքթօ) Սահմաններ. Միջազգային Ամրագրման Նախադրեալներ

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն երկու տարի անց այսօրուան իրավիճակին մասին որոշ երեւոյթներու ընդգծումներ կարելի է կատարել: Ապրիլեան պատերազմը ըստ էութեան զերօ կէտ վերադարձուց արցախեան բանակցային գործընթացը: Նման յարձակողապաշտութիւն դրսեւորելով եւ իր առջեւ դրած ռազմական առաջադրանքը իրականացնել չկարենալով Պաքուն այս ձեւով նուազ արձանագրեց նաեւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ: Բանակցութիւններու թեման թէ՛ Վիեննայի, թէ՛ Փեթերսպուրկի եւ թէ՛ Ժընեւի մէջ ըստ էութեան կազմեցին ոչ թէ...

Page 544 of 806 1 … 543 544 545 … 806

Արխիւներ