ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, թէ` «մենք շուտով Սուրիայէն դուրս պիտի ելլենք, ուրիշ ազգեր թող հետապնդեն Սուրիոյ հարցը», բաւական տարօրինակ եւ յանկարծակի էր ոչ միայն միջազգային ընտանիքին, այլեւ ամերիկեան ապահովական հաստատութիւններուն, մասնաւորապէս պաշտպանութեան նախարարութեան համար: Այս քայլը դարձեալ պիտի մեկուսացնէ Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի մէջ եւ որբ ձգէ իր դաշնակիցները, մասնաւորապէս` քիւրտերը: Փենթակոնը զգուշացուց այսպիսի «կործանիչ» քայլէ մը:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի (31 մարտ 2018) համաձայն, Թրամփի այս յայտարարութիւնը կը նմանի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի 2009-ի յայտարարութեան, որուն միջոցով ան Իրաքէն տուն կանչեց ամերիկեան ուժերը` այսպիսով պարապութիւն մը ստեղծելով Իրաքի քաղաքական կեանքին մէջ, ուր Իրան իր դերակատարութիւնը բարձրացուց: Ըստ օրաթերթին, նոյնն ալ պիտի ըլլայ Սուրիոյ պարագային, եթէ դարձեալ Միացեալ Նահանգներ կիսատ ձգեն իրենց գործը:
Ամերիկեան ուժերը (քանակով 2000) հաստատուած են Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր կը գործակցին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ, որոնց սիւները կը կազմեն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները: Այս ուժերը հսկայական դերակատարութիւն ունեցան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին ընթացքին, անոնք նաեւ, շնորհիւ ամերիկեան ճնշումներուն, կրցան դէմ դնել սուրիական բանակի ոտնձգութիւններուն, մասնաւորապէս` Տէր Զօրի մէջ, ուր ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքէն քարիւղի հսկայական հանքեր գրաւուեցան: Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ին (31 մարտ 2018), սուրիական կառավարութիւնը կորսնցուցած է իր քարիւղի հանքերուն 90 առ հարիւրը` յօգուտ քրտական ջոկատներուն: Ամերիկացի դիւանագէտներ նաեւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին` ըսելով, որ եթէ ամերիկացի զինուորները քաշուին Սուրիայէն, ապա ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը կրնայ ինքզինք վերակազմակերպել եւ յարձակիլ քրտական դիրքերուն վրայ: Քիւրտերը չդիմանալով երկու ուղղութեան վրայ ճակատումին` շատ հաւանաբար զիջին ի նպաստ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ:
Ժոշ Ռոկին «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին մէջ հրատարակուած այլ յօդուածի մը մէջ (30 մարտ 2018) կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քարիւղը ամէն գնով պահել. եթէ ամերիկեան ուժերը քաշուին, ապա քարիւղը պիտի իյնայ իրանցիներուն ձեռքը, եւ պէտք չէ կրկնել իրաքեան սխալը: Յօդուածագիրին համաձայն, Ամերիկայի հիմնական նպատակն է սահմանափակել Իրանի ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ խոչընդոտել Ռուսիոյ յառաջխաղացքը շրջանին մէջ: Եթէ Ռուսիա, Իրան եւ Սուրիա յաջողին դուրս քշել ամերիկեան ուժերը եւ չէզոքացնել Ուաշինկթընի ազդեցութիւնը, ապա Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը լուրջ վտանգի առջեւ կ՛ըլլան: Չակայ Ցուրիել` Իսրայէլի հետախուզական մարմինին տնօրէնը, յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ իսկապէս կ՛ուզեն սահմանափակել իրանեան ազդեցութիւնը, ապա ատիկա պէտք է Սուրիայէն սկսի: Աւելի՛ն. եթէ Ամերիկա կ՛ուզէ ապագային Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան մէջ դեր ունենալ, ապա պէտք է, որ ռազմական ներկայութիւն ունենայ գետնի վրայ: Ցուրիելի համաձայն, եթէ ամերիկեան ուժերը քաշուին, ապա քիւրտերը ստիպուած` համաձայնութեան պիտի գան սուրիական վարչակարգին հետ, եւ այսպիսով Ամերիկայի թափած բոլոր ջանքերը պիտի անհետանան:
«Ալ Մաստար» լրատուական կայքը (30 մարտ 2018-ին) կը հաղորդէ, որ արդէն իսկ ռուսական եւ սուրիական բանակներու զինուորները մտած են ռազմավարական Թալ Ռիֆաաթ քաղաքը, որ կը գտնուէր քրտական զինեալ ջոկատներու հսկողութեան տակ` այսպիսով կասեցնելով թրքական բանակին մուտքը այդ քաղաք:
Հակառակ Թրամփի պնդումներուն, չեմ կարծեր, որ մօտիկ ապագային ամերիկեան ուժերը պիտի քաշուին Սուրիայէն, երկու պատճառներով. նախ` Միացեալ Նահանգներ պէտք ունին քարիւղի պաշարներուն տիրանալու, եւ տրամաբանական չէ, որ անոնք քաշուին առանց որեւէ համաձայնութեան հասնելու սուրիական կառավարութեան հետ` քարիւղին հարցին շուրջ: Երկրորդ, եթէ այս վիճակին մէջ ամերիկեան ուժերը քաշուին, ապա ասիկա ռազմավարական կորուստ պիտի ըլլայ ամերիկեան շահերուն համար, որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութիւնը պիտի զօրանայ Միջին Արեւելքին մէջ, բան մը, որ երբեք չի բխիր Իսրայէլի շահերէն: