ՄԻՀՐԱՆ Ք.
Նախընտրական շրջան է Լիբանանի մէջ: Քաղաքացիներ հաւանաբար «պատճառներ» կ՛ունենան երկընտրանքի առջեւ գտնուելու` ցանկի կամ թեկնածուի մը թեր կամ դէմ կողմնորոշուելու համար:
Ենթադրելի է, որ այդ «պատճառներուն» մէջ գերակշռողը քաղաքացիին առօրեային առնչուած խնդիրներ են: Թէ` թեկնածու առաջադրուած երէկի քաղաքական գործիչը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին որքա՞ն յարգած է իր խոստումները եւ` աշխատած, որ ապահովուին քաղաքացիի ամէնօրեայ անհրաժեշտ կարիքները (ջուր, ելեկտրականութիւն, աղբահաւաքում, առողջապահական մարզի բարելաւում, թանկացման առաջքն առնել եւ այլն, եւ այլն):
Առօրեայէն դժգոհ քաղաքացին նո՛րը կը փնտռէ, նոր թեկնածուներու կապուած նոր յոյսեր կը սնուցանէ, ապա նախորդ անգամներու պէս նոր յուսախաբութիւններ կ՛ապրի:
Ահա այս հոգեբանութեամբ կ՛առաջնորդուի պարզ քաղաքացին եւ ընդհանրապէս յուսախաբ կ՛ըլլայ:
Իսկ լիբանանահայը, իր առօրեայ մտահոգութիւններուն կողքին, ունի նաեւ ազգային-գաղութային առաջնահերթութիւններ, որոնց դիմաց երկընտրանքը պարզապէս աւելորդ պերճանք է, որովհետեւ քուէարկութիւնը թէեւ համալիբանանեան է, բայց յատկապէս այս անգամ ընտրութիւնը փաստօրէն համայնքային բնոյթ ունի: Այս մասին կասկած չի ձգեր նոյնինքն ընտրական օրէնքը: Կը հետեւի ուրեմն, որ հայ քուէարկողը իր քուէն պիտի տայ հա՛յ թեկնածուին: Բայց ո՞ր հայ թեկնածուին…
Հայ թեկնածուները շատ են: Անոնցմէ ոմանք` թարմ դէմքեր: Ուրիշներ` իրենց ասպարէզին մէջ համբաւ նուաճած հանրածանօթ անուններ: «Բայց ես իմ քուէս պիտի տամ Դաշնակցութեան թեկնածուին», պիտի կողմնորոշուի լիբանանահայը մանաւանդ ա՛յս ընտրութիւններուն: Ինչո՞ւ:
Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ ընդունինք, որ ներկայ ընտրական օրէնքին յետին ծալքերուն մէջ, յստակ չէ` գիտակցաբար թէ ակամայ, փոքր համայնքները տկարացնելու, խորհրդարանին մէջ անոնց ներկայացուցչութեան միասնութիւնը հարուածելու միտում կը նշմարուի: Կը դժուարացնէ օրինակ, որ հայ համայնքը խորհրդարանական միաձոյլ խմբակցութիւն (պլոք) ունենայ: Կարճ` օրէնքը նպաստաւոր է մեծ համայնքներուն եւ վնասակար` փոքրերուն:
Աստուած գիտէ` ապագայի համար ինչ-ինչ հաշիւներով… Արդէն առաջին ժխտական նախանշանը մէջտեղն է. հայ համայնքին պատկանած ըլլալու հանգամանքով անհատներ թեկնածու դարձած են այն յոյսով, որ թերեւս կ՛օգտուին օրէնքի անկատարութեան ընձեռած պատեհութենէն: Պարզապէս` պատեհապաշտութի՜ւն… Անոնց հոգն իսկ չէ, որ հայկական քուէները պիտի տարտղնուին, վաղը կը տարտղնուին նաեւ խորհրդարանին մէջ, որով եւ լիբանանահայութիւնը շատ բան կը կորսնցնէ իր քաղաքական ու համայնքային կշիռէն:
Գիտենք. ամէն քաղաքացիի իրաւունքն է թեկնածու առաջադրուիլ եւ իր «բախտը» փորձել:
Ամէն քուէարկող հայու իրաւունքն է նոյնպէս հարց տալ եւ իրազեկուիլ, թէ տուեալ թեկնածուն ի՛նչ ձեւի ու որակի առնչութիւններ ունի լիբանանահայութեան ազգային-համայնքային կեանքին հետ:
Ոչ հայ քուէներու զգալի նպաստով եւ հայկական համայնքին իրաւունքով անցեալ տարիներուն ալ ունեցած ենք հայ երեսփոխաններ, որոնց ձայնը օր մը օրանց լսուա՞ծ է արդեօք, որ վճռական ու անտեղիտալի պաշտպանած ըլլան հայութեան շահերը:
Այս հարցումին արձագանգն է միայն, որ պիտի յամենայ օդին մէջ` առանց պատասխանի…
Գիտենք նաեւ, որ անցնող տարիներուն հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ամբողջ ծանրութիւնը շալկողը եւ անունը արժեցնողը միայնակը դաշնակցական երեսփոխանը եղաւ…
Ուրեմն, «Դաշնակցութեան պիտի քուէարկեմ ես», որովհետեւ`
1) Լիբանանահայ իրականութեան մէջ ամէնէն կազմակերպ ու ժողովրդանուէր կուսակցութիւնն է ան, որ կը ծառայէ միա՛յն ու բացառապէ՛ս հայութեան շահերուն: (Ուշադրութի՛ւն. խօսքը չի վերաբերիր անհատ դաշնակցականներուն: Գիտեմ, որ անոնցմէ ոմանց խոտորումները հիասթափութիւն կը պատճառեն յաճախ): Ինծի համար Դաշնակցութիւնն է այն կուսակցութիւնը, որ քուէներու բացարձակ առաւելութիւնը ստանալով` պիտի չէզոքացնէ ընտրական օրէնքին ժխտական երեսը եւ խորհրդարանին մէջ պիտի կարենայ կազմել հայկական երեսփոխանական խմբակցութիւն` ի պաշտպանութիւն համայնքային իրաւունքներուն:
2) Աւելի քան անհրաժեշտ կը նկատեմ, որ մեր համայնքը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ունենայ ինքնուրոյն խմբակցութիւն մը (երեսփոխանական պլոք), որ Դաշնակցութեան հետ գործակցաբար եւ իրերօգնութեամբ կարենայ ունենալ հաշուառելի վարկանիշ, կշիռ ու քաղաքականութիւն:
3) Կը մերժեմ քուէ տալ թեկնածուներու, որոնք իբրեւ սոսկական երեսփոխան պիտի արժեն այնքան միայն, որքան որ այս կամ այն խմբակցութեան քուէն պիտի աւելցնեն:
4) Ինքզինքս, համայնքս եւ քուէս պիտի արժեցնեմ` քուէարկելով արժանաւորի ցանկին, Դաշնակցութեան թեկնածուներուն…
Ահա պատասխանը, թէ լիբանանցի հայը ինչո՛ւ Դաշնակցութեան պիտի քուէարկէ…



