Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները Թուրքիոյ Մէջ Մինչեւ Օրս Կը Շարունակուին, Անոնք Չաւարտեցան 1915-ին

January 5, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ կողմէ հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ հրեաներու նկատմամբ կատարուած հալածանքներն ու մարդու իրաւունքներու համակարգուած խախտումները 1915 թուականին չաւարտեցան: Ցեղասպանութենէն դար մը ետք եւս թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն ցեղապաշտական, մերժողական եւ խտրական քաղաքականութիւն կիրարկել ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ:

Վերջին ամիսներուն Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին աջակցող որոշ հայեր սխալելով կը պնդեն, որ Թուրքիան հետաքրքրուած չէ Հայաստանի վրայ յարձակումով: Այս պնդումները կ՛անտեսեն ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստերը, այլ նաեւ Թուրքիոյ անմիջական ռազմական մասնակցութիւնը` 2020 թուականի արցախեան պատերազմին, որուն պատճառով շուրջ 4000 հայ զինուորներ զոհուեցան, եւ հազարաւոր ուրիշներ վիրաւորուեցան: Բացի ատկէ, 1993 թուականին Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ կիրարկուած շրջափակումը մինչեւ օրս կը շարունակուի:

Քիչերը գիտեն, որ 1993-ին Թուրքիան նոյնիսկ քննարկած էր Հայաստանի վրայ ուղիղ ռազմական միջամտութեան կարելիութիւնը: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ Յունաստանի դեսպան Լէոնիտաս Քրիզանթոփուլոսը աւելի ուշ իր յուշագրութիւններուն մէջ նկարագրած է այդ կասեցուած ծրագիրին հանգամանքները:

Թուրք պատմաբան Այշէ Հիւրը կազմած է թրքական իշխանութիւններուն հակահայկական, հակաասորական, հակայունական եւ հակահրէական քաղաքականութեան ընդարձակ ժամանակագրութիւն: Անոր ցանկը կը սկսի 1923 թուականէն եւ կ՛աւարտի 2007 թուականին, երբ հայ լրագրող Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ Պոլսոյ մէջ` թուրք ծայրայեղականի մը կողմէ: 2018-ին Հիւրը ինք եւս դատապարտուեցաւ 15 ամսուան բանտարկութեան` ընկերային ցանցերու մէջ կատարած իր գրառումներուն համար, թէեւ դատավճիռը պայմանականօրէն կասեցուեցաւ, պայմանաւ, որ ան հինգ տարի շարունակ զերծ մնայ նմանատիպ իրաւախախտումներէ:

Կը ներկայացնենք անոր փաստագրուած գրառման առաջին մասը.

– 1923 մարտ 16. Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք Ատանայի մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց. «Երկիրը վերջապէս հաստատուած է իր իսկական տէրերուն ձեռքը: Հայերը եւ միւսները հոս իրաւունքներ չունին: Այս բերրի հողերը բացառապէս եւ իրաւամբ թրքական հողեր են»:

– 1923 յունիս. հրեայ, յոյն եւ հայ պաշտօնեաները արձակուեցան իրենց պետական պաշտօններէն, եւ զանոնք փոխարինեցին իսլամներով: Անատոլուի մէջ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու տեղաշարժին վրայ սահմանափակումներ դրուեցան: Շատեր, որոնք ժամանակաւորապէս լքած էին իրենց տուները, այլեւս չկարողացան վերադառնալ: Միեւնոյն ժամանակ խոչընդոտներ ստեղծուեցան Պաղեստին արտագաղթել փորձող հրեաներուն ճամբուն վրայ:

– 1923 սեպտեմբեր. որդեգրուեցաւ հրամանագիր, որով արգիլուեցաւ վերադարձը  հայերուն, որոնք պատերազմի ընթացքին փախուստ տուած էին Կիլիկիայէն եւ Արեւելեան Անատոլուէն:

– 1923 դեկտեմբեր. Չորլուի փոքրիկ հրէական համայնքին հրամայեցին 48 ժամուան ընթացքին լքել քաղաքը: Թէեւ որոշումը յետաձգուեցաւ Գլխաւոր ռաբբունարանի բողոքէն ետք, բայց եւ այնպէս, Չաթալճայի հրեաներուն նկատմամբ նմանատիպ հրաման մը անմիջապէս ուժի մէջ մտաւ:

– 1924 յունուար 24. նոր օրէնքով սահմանուեցաւ, որ միայն «թուրքերը» պէտք է ըլլան դեղագործներ, ինչ որ փաստօրէն ոչ իսլամներուն կ՛արգիլէ զբաղիլ այս մասնագիտութեամբ:

– 1924 թուականի մարտ 3. Կրթութեան միաւորման մասին օրէնքի համաձայն, փակուեցան քառասուն ֆրանսական եւ իտալական դպրոցներ: Ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն համար ճշդուեցան խիստ սահմանափակումներ` վերանորոգութեան, ընդարձակման եւ նոր շինարարութեան հարցերով: Անոնց ուսումնական ծրագիրներն ու քննութիւնները անցան ազգային կրթութեան նախարարութեան վերահսկողութեան տակ:

– 1924 ապրիլի 3. «Փաստաբաններու մասին» օրէնքին համաձայն, 960 փաստաբանի «բարոյական նկարագիր»-ի արժեւորում կատարուեցաւ, եւ այս պատճառով 460 փաստաբաններ զրկուեցան իրենց արտօնագիրներէն: Հրէական ծագում ունեցող փաստաբաններուն 57 տոկոսը եւ յունական ու հայկական ծագում ունեցող փաստաբաններուն երեք քառորդը ստիպուած եղան հրաժարելու իրենց մասնագիտութենէն:

– 1925 յունուար 29. յոյն պատրիարք Կոնստանդինոս Արապօղլուն բռնի ուժով շոգեկառք նստեցուցին եւ արտաքսեցին Յունաստանի Սալոնիք քաղաք` պարզ այն պատճառով, որ թրքական կառավարութիւնը զայն չէր սիրեր: Յունաստանը դիմեց Ազգերու լիկային` վկայակոչելով Լոզանի պայմանագիրի խախտումները, սակայն յետս կոչեց բողոքը, երբ Թուրքիան սպառնաց վտարել նոյնինքն պատրիարքարանը: Միջադէպը հետագային ներկայացուեցաւ իբրեւ կամաւոր հրաժարում:

– 1926 փետրուար 17. Քաղաքացիական օրէնսգիրքի ընդունումէն ետք հայկական, հրէական եւ յունական համայնքներուն վրայ ճնշում բանեցուեցաւ` հրաժարելու Լոզանի պայմանագիրով իրենց երաշխաւորուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքներէն:

– 1926 ապրիլ 22. օրէնքով սահմանուեցաւ, որ ամբողջ առեւտրական նամակագրութիւնը կատարուի թրքերէնով, որուն պատճառով հազարաւոր ոչ իսլամներ, որոնք չէին տիրապետեր գրաւոր թրքերէնին, զրկուեցան աշխատանքէն: Այս դասաւորման պատճառով հինգ հազար յոյներ կորսնցուցին իրենց աշխատանքը:

– 1926 օգոստոս 1. Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց իր իրաւունքին մասին` բռնագրաւելու այն ամբողջ գոյքը, զոր ոչ իսլամներ ձեռք բերած էին մինչեւ 23 օգոստոս1924` Լոզանի պայմանագիրի ուժի մէջ մտնելու օրը:

– 1927 օգոստոս 17. Էլզա Նիէկոն` 22-ամեայ հրեայ կինը, սպաննուեցաւ Օսման Ռաթիփ պէյի` ամուսնացած եւ թոռներու տէր տղամարդու մը կողմէ, որ երկար ատեն կը հետապնդէր այդ կինը:  Երբ հրէական համայնքը համարձակեցաւ բողոքել պետութեան կողմէ յանցագործութիւնը ծածկելու փորձերուն դէմ, հակասեմական յարձակումներու ալիք բարձրացաւ մամուլին մէջ: Քանի մը հրեաներ հետապնդուեցան «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելնուն» համար:

– 1928 յունուար 13. Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի ուսանողները, ձգտելով հաճելի թուիլ վարչակազմին, լաստանաւերուն եւ երկաթուղիներուն վրայ կախեցին պաստառներ` «Քաղաքացինե՛ր, թրքերէն խօսեցէ՛ք» գրութեամբ: Թերթերը լայնօրէն անդրադարձան այս քարոզարշաւին, եւ բազմաթիւ ոչ իսլամներ հետապնդուեցան «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելնուն» համար` պարզապէս իրենց մայրենի լեզուով խօսած ըլլալով:

– 1928 ապրիլ 11. «Բժշկութեան եւ յարակից մասնագիտութիւններու գործնական իրականացման կարգի մասին» նոր օրէնքը սահմանափակեց բժշկական գործունէութիւնը միայն «թուրք» համարուողներուն համար` այդ մասնագիտութենէն գործնականօրէն զրկելով ոչ իսլամները:

– 1929 սեպտեմբեր. Գանձապետարանը որոշեց հարկ գանձել նուիրատուութիւններէն եւ փոխանցումներէն, որոնք կը կատարուէին հրէական դպրոցներուն, Օր Ահայիմ հիւանդանոցին, Օրթաքէոյի որբանոցին եւ սինակոկներուն` զանոնք նկատելով առեւտրական հաստատութիւններ: Այս քայլերը կիրարկուեցան յետադարձ ուժով` 1925-էն: Գլխաւոր ռաբբունարանը, չկարողանալով վճարել այդ բարձր տուրքերը, կանգնեցաւ բռնագանձման վտանգին դէմ յանդիման: Կառավարութեան ճնշումը շարունակուեցաւ, եւ նուիրատուութիւնները խստօրէն վերահսկուեցան:

– 1929 եւ 1930 թուականներ. 18 ամսուան ընթացքին Թուրքիայէն 6373 հայեր ստիպուած եղան  արտագաղթել Սուրիա»:

www.TheCaliforniaCourier.com

(Շար. 1/3)

Նախորդը

Համազգայինը Ներկայացուց Պալէի Կախարդական Ելոյթ Մը

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Ճանաչման Շարունակութիւնը` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասումով

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.