Վարդան Աշըգեանի Յիշատակին
ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ Այնճար, 9 դեկտեմբեր 2025, կէսօրուան ժամը 1:00, Ս. Պօղոս եկեղեցի: Սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը խռնուած է ներսը: Դուրսը` ամպամած երկինք, անձրեւը անընդհատ կը տեղայ: Ներսը` խորանին առջեւ, սգոյ սեղանին վրայ դագաղ մը կը հանգչի մոմերու խորհրդաւոր լոյսերուն տակ: Բացարձակ լռութիւն, ցաւի ու ափսոսանքի մթնոլորտ մը կը տիրէ: Դագաղին մէջ կը հանգչի Վարդան Աշըգեանը... Կարելի՞ է երեւակայել արդեօք, որ...




















