Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կառուցողական… Փլուզում

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կառուցողական… Փլուզում

«Այն իրողութիւնը, որ մարդը կարողութիւնը ունի ճիշդը սխալէն զանազանելու, ապացոյց է միւս արարածներու վրայ անոր մտային գերազանցութեան. բայց այն, որ մարդը նաեւ կարողութիւնը ունի սխալ գործելու, ցուցանիշ է, որ իր բարոյական արժանիքը ստորադաս է ոեւէ արարածի, որ չի կրնար սխալ գործել» ՄԱՐՔ ԹՈՒԷՅՆ (ամերիկացի գրող, 1835-1910) Կառուցողական երկխօսութիւն... Վերջին օրերուն այս երկու բառերով կազմուած գաղափարը զանազան բանաձեւումներով հրապարակ նետուած է...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Մենակի Յիշատակին» Վանայ Իշխանի Մարգարէաշունչ Երգը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ազգային-ազատագրական պայքարի, յեղափոխական եւ ռազմահայրենասիրական երգերու պահպանումն ու փոխանցումը սերունդէ սերունդ` սրբազան առաքելութիւն է: Յեղափոխաշունչ երգը իր ծնունդէն սկսեալ ոգեւորիչ ազդեցութեամբ անմահացուցած է տուեալ դէպքերու իրադարձութիւնները եւ այդ դէպքերու յաղթանակի կերտիչները` անոնց ձեռք բերած անուրանալի նուաճումներով: Այդ երգերը փոխանցումն են պատմութեան յիշողութեան` իր հերոսներով, դէպքերով ու աշխարհագրական վայրերով: Ուսումնասիրական այս տեսակի աշխատութիւնները, դէպքերու եւ դէմքերու նկարագրութիւններէ անդին, կը...

Դամբանական` Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին

Դամբանական` Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Սարհատս գնաց, անմար յիշատակը մնաց: Սարհատս կ՛ըսեմ, որովհետեւ ան բոլորիս Սարհատն էր: Համեստ, ազնիւ, աշխատասէր ու ընկերային իր խառնուածքով, բոլորիս կողմէ ցանկալի զաւակի մը օրինակելի կերպար էր: Իւրաքանչիւր ծնող պիտի ուզէր նման զաւակի մը յարգանքին արժանանալ, նման զաւակի մը ազնուութիւնն ու համեստութիւնը վայելել: Իր կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը ընկերասիրութիւնն էր: Ամէնէն հպանցիկ մտերմութիւնն ու ծանօթութիւնն անգամ կ՛ընկալէր իբրեւ անդաւաճան...

Ամմօ (Սարհատին)

Ամմօ (Սարհատին)

Հօրեղբայրդ` ԿԻՐԱԿՈՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Ամմօ՜. միշտ այդպէս կը սկսէիր խօսիլ: Որքա՜ն կարօտցած եմ լսելու «ամմօ»-ն: Ամմօ՛, ինչո՞ւ այսպէս եղաւ, որ Արցախի մեծ մասը կորսնցուցինք. չէ՞ որ միշտ կ՛ըսէիր, թէ պիտի յաղթենք. հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ, Հայաստա՞նն ալ վտանգուած է: Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը կ՛ապրէին քու մէջդ. միշտ մտահոգ էիր անոնց անվտանգութեամբ: Քու առօրեայ կեանքի բազում դժուարութիւններով հանդերձ, կ՛ապրէիր Հայաստանով ու Արցախով,...

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին

Թանկագին Նուէրի Մը Գողտրիկ Պատմութիւնը (Սարհատ Գարակէօզեանի Անթառամ Յիշատակին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կը պատահի, երբեմն, որ ստացած յիշատակելի նուէրդ անգամ «մոռացութեան» տրուի, անշո՛ւշտ, կեանքի դառն պայմաններու թէ այլազան պարտադրանքներու պատճառով: Սա չի նշանակեր, որ անիկա մտքէ ու հոգիէ զանց առնուած վիճակ մը կը պարզէր, այլ խօսքով` նկուղի մը մէջ նետուած ու փոշիով թաթախուած էր, այլ յատուկ խնամքով մը պահուած էր` սեփական իրերու կողքին: Ճիշդ է նաեւ այն, որ յիշատակի նուէր...

Մեսրոպ Շիրանեանի Յիշատակին

Մեսրոպ Շիրանեանի Յիշատակին

Չորեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2021-ին Երեւանի մէջ մահացաւ Մեսրոպ Շիրանեանը, որ ծնած է 1958-ին, Խարբերդէն գաղթած եւ Դամասկոս հաստատուած յայտնի Շիրանեան ընտանիքին յարկին տակ: Շիրանեանները եղած են ազգասէր եւ բարերար անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց նպաստը բերած են ընդհանրապէս դամասկահայ կեանքի կազմակերպման եւ աշխատանք տարած են գործող միութիւններու ու եկեղեցւոյ շուրջ հայութեան համախմբուած մնալուն ի խնդիր: Ահա այսպիսի ընտանիքի մէջ ծնած ու դաստիարակուած...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ալիեւ-Փաշինեան Տեսանիւթերով Մենամարտը` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Քառասունչորսօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցէն ընդամէնը օրեր առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկին բախեցան իրարու, այս անգամ անարիւն ճակատումով` տեսանիւթերով, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին մէջ, Նիւ Եորք: Իմ կարծիքով, թէ՛ Ալիեւ, թէ՛ Փաշինեան սխալ գործեցին` անձամբ չներկայանալով ՄԱԿ-ի հանդիպման: Խնդիրը սոսկ ելոյթը չէ, որ անոնք ունեցան տեսանիւթով,...

Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի «Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ. Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք» Նոր Հատորը (Islam In Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics)

Փոխան «Ազդակ» Լսարանի

Ի Խնդիր Մերձաւոր-Միջինարեւելեան, Այժմէական Եւ Գործօն Հայագիտութեան Մը Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ. Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք Islam In Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics (Louvain: Peeters, 2021) ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ III. Հայ-Իսլամական Միջգործօնային Պատմութիւն եւ Ուսմունք (Armenian-Islamic Interactive History) Գործընթացս եւ Վեց գործեր Այժմէական, Մերձաւոր-միջինարեւելեան եւ գործօն հայագիտութեան մը մշակումը եղած է  մտաւորական աշխատանքիս նպատակը, մղիչ ուժը եւ բնականաբար` ուղղութիւնը:...

Ո՞ւր Է Մեր «Լացի Պատ»-ը

Ո՞ւր Է Մեր «Լացի Պատ»-ը

ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ «Լացի պատ»-ը տեղակայուած է տաճարի լերան արեւմտեան կողմը, Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ: Ան Իսրայէլի մեծագոյն կրօնական յուշարձանն է: Մեր թուարկութենէն առաջ Սողոմոն թագաւորի հրամանով Տաճարի լերան վրայ կառուցուած սոյն տաճարը դարձաւ հրեայ ժողովուրդին սրբարանը: Դարերու ընթացքին բաբելոնցիները աւերած են զայն, հրեաները` վերաշինած: Հռոմէացիները գրեթէ ամբողջութեամբ քանդած են Երուսաղէմը, բայց Պատը գոյատեւած է: Տաճարին քանդումէն ետք ծնած հրեաներուն համար...

Տեսնէիր՝ Քէֆդ Կու Գար

Տեսնէիր՝ Քէֆդ Կու Գար

Մ. Ք. ­Մեր ազգի պարզած ներկայի անմխիթար իրականութեան մէջ, ուր գրեթէ ամէն ճակատի վրայ հաստատելի են տեղատուութիւնը, նահանջն ու համատարած յուսաբեկութիւնը, իսկապէս  մխիթարութեան նշոյլ մը կը բերէ հայ մարդու  որեւէ նախաձեռնութիւն, որ գաղութային-համայնքային կեանքի վերաշխուժացման քիչ մը  յոյս կը ներշնչէ: Վստահաբար ինծի պէս յոյսի այդ նշոյլը տեսան նաեւ անոնք, որոնք շաբաթ, 25 սեպտեմբերին  փութացած էին Նէա Զմիռնիի պուրակին բացօթեայ հանդիսավայրը,...

Վերամուտի Խոհեր

Վերամուտի Խոհեր

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Երկու տարի շարունակ առցանց դասաւանդման դրութեան որդեգրումէն ետք, ահաւասիկ կարելիութիւն կ՛ընձեռուի, թէեւ տակաւին ոչ ամբողջական, կրթական հաստատութիւններու դռները բանալու աշակերտութեան դիմաց: Սակայն համեմատաբար յուսալից այս մթնոլորտին մէջ, կրթական համակարգը այսօր կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ` երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական եւ առողջապահական շարունակուող ճգնաժամին պատճառով: Բնականաբար այս բոլորէն անմասն չի մնար նաեւ հայ դպրոցը: Լիբանանահայ տասնվեց վարժարաններ այսօր շրջանցելով ժամանակի...

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները

Պատերազմում Կրած Պարտութիւնն Ու Մեր Անելիքը

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ 44-օրեայ պատերազմից անցել է ուղիղ մէկ տարի: Պատերազմ, որը կարող էր չլինել: Պարտութիւն, որը կարող էր չլինել, եթէ, ի հարկէ, չլինէր Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՀ գործող իշխանութիւնների ամբոխավարական եւ անգրագէտ արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւնը, ոչ կոմպետենտութիւնը, յանցաւոր անգործութիւնը, իրավիճակն ընկալել չցանկանալու զարմանալի յամառութիւնն ու միջազգային յարաբերութիւններում տգիտութիւնը: 44-օրեայ պատերազմն իր ծաւալներով եւ մեզ պարտադրած կորուստներով գերազանցեց այն բոլորը,...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ակնարկ. «Խորհրդահայ Պատմաբանի Մը Ուշագրաւ Յայտնութիւնը» 28 Հոկտեմբեր 1966

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 16 նոյեմբեր 1966-ի համարին առաջին էջին մէջ (1) վերոնշեալ խորագիրով հետեւեալ լրատուութիւնը գրուած է. «Երեւանի մէջ հրատարակուող «Գրական Թերթ»-ի 28 հոկտեմբեր 1966-ի թիւին մէջ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Ղարիպճանեան յօդուած մը ստորագրած է (2)` նուիրուած (Սերգօ*) Օրջոնիկիձէի ծննդեան 80-ամեակին: 1. «Ազդակ»-ի լրատուութիւնը:                                              2. Գէորգ Ղարիպճանեանի յօդուածը: «Կրկնելէ ետք Սիլվա Կապուտիկեանի ծանօթ ճառին մէջ արծարծուած եղելութիւնը, թէ` 1...

Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի «Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ. Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք» Նոր Հատորը (Islam In Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics)

Փոխան «Ազդակ» Լսարանի

Ի Խնդիր Մերձաւոր-Միջինարեւելեան, Այժմէական Եւ Գործօն Հայագիտութեան Մը Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ. Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք Islam In Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics (Louvain: Peeters, 2021) ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ Մերձաւոր-միջինարեւելեան, այժմէական եւ գործօն հայագիտութեան հարցը Այս զրոյցին առարկան հայագիտութիւնն է, այսինքն` այն բոլոր գիտութիւնները եւ մարզերը, որոնք կը վերաբերին հայոց` իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին, հայրենի հողերուն եւ բնակավայրին (oikumene)...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Այլանդակ «Բազմաձայնութիւնը» Եւ Այլընտրանքը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մէկ շաբթուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի վերին խաւը ժողովուրդին եւ մեր զարգացումներուն հետեւող աշխարհին ներկայացաւ տարօրինակ «բազմաձայնութեան» մը պատկերով (որ մօտէն կամ հեռուէն չ՛անցնիր ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան բովէն): Քանի մը մանրամասնութիւն: Ինչպէս 21 սեպտեմբերին, անկախութեան տարեդարձի օրը, նոյնպէս ալ 27 սեպտեմբերին` 44-օրեայ պատերազմի պայթումին առաջին տարեդարձին յիշատակումի ձեռնարկները եղան տարանջատուած` ձեւով մը ներկայացնելով ժողովուրդին... հարազատ պատկերը: Իշխանութեան...

Ֆրանս-Ամերիկեան Տագնապն Ու Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափի Մօտալուտ Վերականգնման Հեռանկարը

Ֆրանս-Ամերիկեան Տագնապն Ու Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափի Մօտալուտ Վերականգնման Հեռանկարը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի15 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ իրենք Արցախի կարգավիճակի հարցը լուծուած չեն նկատեր` աւելցնելով. «Համապարփակ լուծման կարիք կայ»: Ան 20 սեպտեմբերին, հարցը աւելի յստակացնելով, նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան, որ Արցախի տագնապը տակաւին պէտք է լուծուի, եւ Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ յստակութիւն ըլլայ. «Հիմնական սկզբունքներէն քանի մը հատը, որոնք նախապէս կային, կը մնան...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Օրհնութիւն Ու Փառք Հերոսներուն Որ Բարձրացան Ու Բարձրացուցին

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Անոնք որ ինկան իրենց ծունկերուն վրայ եւ չկրցան ցոյց տալ երկարութիւնը ցաւին, անոնք որ ինկան թշնամիին գիշատիչ եւ կ՛արիւնին երկարութեան տակ ցաւին, Օգնութի՜ւն անսանձ եւ օրհնութի՜ւն աստուածային: Համր ու անձայն եկան, եկան հերոսավառ աչքերով իրենց սրտի խունկին հետ որ դեռ սրտի չէ՜ր վերածուած, եկան ոստայնանկեալ մեր պատմութիւնը մատնելու կրակի՛ն: Եւ արդարութիւնն էր արնագոյն կոպերուն ինկած կայծակի շեղբ ուր...

Յուշագիրի Կնքում Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին Միջեւ

Յուշագիրի Կնքում Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին Միջեւ

Երկուշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին միջեւ կնքուեցաւ փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիր` հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկման եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի ապահովումին համար, միացեալ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումին, հայ մամուլի թուային պատճէններու փոխանակման, մասնագէտներու փոխայցելութիւններու, թուայնացման եւ համացանցային համատեղ ծրագիրներու իրականացման, «Հասկ» պաշտօնաթերթի թուայնացուած տարբերակի տրամադրման եւ հասանելիութեան ապահովման, «Հայ գիրք» եւ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդներու Աշխատանքային Սեմինար

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդներու Աշխատանքային Սեմինար

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ին ՔՋԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական խորհուրդներու աշխատանքային սեմինար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերու Սկաուտական խորհուրդներն ու միաւորի խմբապետները. ներկայ էին նաեւ Շրջանային խմբապետութենէ անդամներ եւ Շրջանային վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչը: Սեմինարին նպատակն էր, սկաուտական աշխատանքներու վերամուտի սեմին,  մասնաճիւղերու մօտ ստեղծել միօրինակութիւն,  ճիշդ եւ...

Նոր` Սակայն Խոտոր Երեւոյթներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Պարզ իրականութիւն է, թէ որքան մխրճուինք եւ խորանանք մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ, այնքան շօշափելի կը տեսնենք մեր իրականութիւնն ու մեր գիտակցութեան չափն ու աստիճանը: Վերջերս Երեւանէն սկսած են լսելի դառնալ «նոր կարգաւորումներ», «դրական քայլեր», «խաղաղութիւն»,  «բարի դրացի եւ դրացնութիւն», «կառուցողական մօտեցում ցուցաբերող կարգաւորում», «դրացի երկրի յարաբերութիւն...» ու նման բառեր, նախադասութիւններ, մեծ ու փոքր ազդանշաններ, որոնք իրապէս շատերուս...

Page 302 of 807 1 … 301 302 303 … 807

Արխիւներ