Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կառուցողական… Փլուզում

Հոկտեմբեր 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այն իրողութիւնը, որ մարդը կարողութիւնը ունի ճիշդը սխալէն զանազանելու, ապացոյց է միւս արարածներու վրայ անոր մտային գերազանցութեան. բայց այն, որ մարդը նաեւ կարողութիւնը ունի սխալ գործելու, ցուցանիշ է, որ իր բարոյական արժանիքը ստորադաս է ոեւէ արարածի, որ չի կրնար սխալ գործել»

ՄԱՐՔ ԹՈՒԷՅՆ (ամերիկացի գրող, 1835-1910)

Կառուցողական երկխօսութիւն… Վերջին օրերուն այս երկու բառերով կազմուած գաղափարը զանազան բանաձեւումներով հրապարակ նետուած է եւ անընդհատ կը կրկնուի:

Երկխօսութեան այլապէս ողջունելի, սակայն տուեալ պայմաններուն մէջ անմեկնաբանելի տրամադրութիւնը տարածուեցաւ ու ընդհանրացաւ, երբ ՀՀ վարչապետը ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին ուղղուած իր առցանց ելոյթին ճամբով արտայայտուեցաւ իրականութիւնները անտեսող բարի նպատակներու մասին: Ո՛չ զարմանալի, ո՛չ ալ անակնկալ էր այդ առաջարկ-խնդրանք-մարմաջը, մանաւանդ որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը արդէն իսկ խօսած էր, որ արեւելեան սահմանին կապուած հարցերուն, այլ հակառակ կողմը` արեւմտեան սահմանի գծով, այսինքն Թուրքիոյ հետ կառուցողական երկխօսութիւն կատարելու մասին: Եւ ահա Հայաստանի իշխանաւորները կը յայտնեն հեզասահօրէն եւ շուտով լծուիլ երկխօսութեան` առանց նախապայմաններու, որովհետեւ այլապէս դժուար կ՛ըլլայ հարցի լուծման մէջ յառաջ ընթանալը:

Գրիգորեան յիշեցնելու կարիք չունէր, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը, թէ՛ նախընտրական փուլին եւ թէ՛ ընտրութիւններէն ետք, դուխով ու մուրճով շարունակ խօսած է խաղաղութիւն հաստատելու, երկարատեւ կայունութիւն ապահովելու եւ այսպէս` նոր էջ մը բանալու մասին, լուսանցքի մէջ ձգելով եւ մինչեւ իսկ փակել փորձելով դարէ մը աւելի պատմութիւն ունեցող ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ էջը:

Կառուցողական երկխօսութիւնը նաեւ օրակարգի վրայ էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն` Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի տեսակցութեան պահուն, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին զուգահեռ, առանձին հանդիպումներու ծիրին մէջ: Համեմատաբար աւելի զուսպ էին այդ հանդիպումէն բխած արձագանգները, ուր կարեւոր կը նկատուէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մասնակցութիւնը` ի խնդիր կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման: Նոյնքան զուսպ էր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի յայտարարութիւնը, երբ ան յոյս յայտնեց, որ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ կայուն խաղաղութեան:

Յիշեալ խօսքի եռուզեռէն ետք պէ՞տք է զարմանալ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ամենայն ինքնահաւանութեամբ եւ յոխորտանքով յայտնեց, որ առարկութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպում ունենալու առաջարկի մը դէմ, մանաւանդ որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդներն են այս դասաւորումը կատարողները:

Վարչապետ Փաշինեան եւ իր մերձաւոր հլու կամակատարները չեն գիտակցիր, որ այս ընթացքով կրնան մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն մութ էջերը գրել: Դեռ աւելի՛ն. անոնք ճամբայ կը բանան «հայոց պատմութեան» մը, որ կրնայ աշխարհի պատմութեան էջերուն անցնիլ իբրեւ մէկ նոր գլուխը` «էր երբեմն»-ով ներկայացող մարերու, միտանիներու կատարեալ անցեալի վերածուած ու անկատարով շարունակուած ժողովուրդներու պատմութեանց: Փաստօրէն Հայաստանէն պատառիկներու կորուստը միայն սոսկական տարածքի կորուստ չէ, այլ` նոյնինքն պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ անխակութեան նսեմացում, նօսրացում, հասնելու համար ամբողջական կորուստի, որուն դէմ կոչուած ենք պայքարելու մեր բոլոր կարողութիւններով, բանիւ եւ գործով:

Քարոզչական «Յաղթելու ենք»-ով սկսած եւ ծանր ու ահաւոր «Պարտուեցանք»-ով աւարտած պատերազմէն ետք բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար, եթէ պարտութեան դաշնագիրը ստորագրած եւ յամառօրէն «ջայլամի քաղաքականութիւն» կիրարկելով եւ նոյնիսկ վերընտրուելով` հայրենիքը այս աղիողորմ վիճակին հասցուցած ղեկավարն ու գործակիցները ի վերջոյ զգաստութիւն ցուցաբերէին եւ օր առաջ հեռանային աթոռներէն:

Վարչապետ Փաշինեանի` անմիջական երկխօսութեան վերսկսման կոչն ու բազմիցս կրկնած «կառուցողական երկխօսութիւն»-ը ներքին իմաստով դուռ պիտի բանայ կառուցողական փակուղիի եւ փլուզման, իսկ արտաքին իմաստով` թշնամիներուն դիմաց զիջումի նոր դուռներու բացման:

Ուշ կամ կանուխ հայորդին պիտի գիտակցի, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ այս տարօրինակ եւ ահաւոր կացութենէն դուրս գալ: Եւ այդ մէկը անպայման որ պիտի պատահի, ինչպէս ֆրանսական առածը կ՛ըսէ` «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»:

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Մենակի Յիշատակին» Վանայ Իշխանի Մարգարէաշունչ Երգը

Յաջորդը

Փոխան «Ազդակ» Լսարանի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?