Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամմօ (Սարհատին)

October 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հօրեղբայրդ`
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Ամմօ՜. միշտ այդպէս կը սկսէիր խօսիլ: Որքա՜ն կարօտցած եմ լսելու «ամմօ»-ն:

Ամմօ՛, ինչո՞ւ այսպէս եղաւ, որ Արցախի մեծ մասը կորսնցուցինք. չէ՞ որ միշտ կ՛ըսէիր, թէ պիտի յաղթենք. հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ, Հայաստա՞նն ալ վտանգուած է: Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը կ՛ապրէին քու մէջդ. միշտ մտահոգ էիր անոնց անվտանգութեամբ: Քու առօրեայ կեանքի բազում դժուարութիւններով հանդերձ, կ՛ապրէիր Հայաստանով ու Արցախով, կը հետեւէիր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի թէ պասքեթպոլի խումբերու մրցումներուն` յաճախ ընկերային ցանցերու միջոցով:

Կը տագնապէիր Հայաստանով ու Արցախով, որովհետեւ կը պաշտէիր ամէն բան, որ հայկական էր. եւ բնական էր, որ այդպէս ըլլար, դաշնակցակա՛ն էիր:

Արցախեան վերջին պատերազմի (2020) ընթացքին կը ցաւէիր իւրաքանչիւր կամաւորի թէ զինուորի նահատակութեան ի լուր. նոյնիսկ ընկերներով (Միացեալ Նահանգներու մէջ) գումար հաւաքեցիք եւ ուղարկեցիք Հայաստան, որպէսզի բաժնուէին նահատակ զինուորներու եւ կամաւորներու պարագաներուն:

Միշտ հոգատար էիր քու ընտանիքիդ, ծնողքիդ եւ հարազատներուն հանդէպ. մանաւանդ որքա՜ն սէր ունէիր հանգուցեալ մեծ մօրդ` Մարիամին հանդէպ: Ովկիանոսն ու ծովերը ի՛նչ արգելք էին քեզի համար, կը հասնէիր անխտիր բոլորին օգնութեան:

Չէ, ամմօ՜, քու կատարածդ ո՛չ օգնութիւն էր եւ ո՛չ ալ նպաստ, այլ` հոգածութիւն, ապրում եւ տալով ունենալու սրտի անհուն գոհունակութիւն. վստահ եմ, որ նախ դուն կ՛ուրախանայիր, ապա կ՛ուրախացնէիր շրջապատդ. ահա՛ հոս էր քու մեծութիւնդ, Սարհա՛տ:

Ուր որ ներկայ էիր, հոն կեանք կար. կ՛ապրէիր ու կ՛ապրեցնէիր:

Ինչո՞ւ այսքան կանուխ, ամմօ՛:

Որբ կը մնան մանուկները, երեխաներն ու պատանիները, բայց հիմա մենք որբ մնացինք, ամմօ՛:

 

 

Նախորդը

Թանկագին Նուէրի Մը Գողտրիկ Պատմութիւնը (Սարհատ Գարակէօզեանի Անթառամ Յիշատակին)

Յաջորդը

Դամբանական` Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.