Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թանկագին Նուէրի Մը Գողտրիկ Պատմութիւնը (Սարհատ Գարակէօզեանի Անթառամ Յիշատակին)

Հոկտեմբեր 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կը պատահի, երբեմն, որ ստացած յիշատակելի նուէրդ անգամ «մոռացութեան» տրուի, անշո՛ւշտ, կեանքի դառն պայմաններու թէ այլազան պարտադրանքներու պատճառով: Սա չի նշանակեր, որ անիկա մտքէ ու հոգիէ զանց առնուած վիճակ մը կը պարզէր, այլ խօսքով` նկուղի մը մէջ նետուած ու փոշիով թաթախուած էր, այլ յատուկ խնամքով մը պահուած էր` սեփական իրերու կողքին:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ յիշատակի նուէր մը, շատ անգամ, ստացողին համար կ՛ըլլայ այնքան մը թանկագին, որուն նկատմամբ տրուած հոգածութիւնը կը զգենու եզակի հնչեղութիւն:

Այս օրերուն ովկիանոսէն անդին իսկ պատահած որեւէ դէպք, արագասոյր արձագանգ կ՛ունենայ աշխարհով մէկ` շնորհիւ արդի արհեստագիտութեան ընծայած կարելիութեան: Սակայն այս անգամ ստացուած լուրը, պատահարը սիրտ խոցող էր, հոգին ալեկոծող եւ միտքը չարչրկող: Այո՛, այսպէս ըսած, սովորական լուր մը չէր անիկա, այլ աւելին, տրամաբանութիւնդ հարուածող եւ քեզ մեղանչումի մղող:

Մահուան գուժ մըն էր, երիտասարդի մը, որ երեսուն գարուններ բոլորած կը պատրաստուէր կեանքին` խոստմնալից ապագայի մը հաշուոյն: Եւ ահա, ան առանց հրաժեշտի ու անակնկալ այս աշխարհէն կը հեռանար` բարի յիշատակներ թողնելով իր ծնողքին, հարազատներուն եւ ընկերական շրջապատին:

Արկածի մը պատճառով գետին ինկողը, այս անգամ Սարհատն էր, մեր սիրելի երիտասարդ տղան, խանդավառութեամբ եւ բարի հոգիով լիացած դաշնակցական մեր ընկերը, որ, պարագաներու բերումով, ծնողքին հետ հաստատուած էր հեռաւոր երկիր մը` Միացեալ Նահանգներ:

Ճիշդ է, մեզմէ հեռու էր ան, սակայն անոր սիրտը Լիբանան ու Հայաստան կը բաբախէր: Այո՛, Լիբանան, ուր ծնած ու իր պատանեկութիւնը ապրած էր: Հայ վարժարան յաճախած ու հայեցի կրթութիւն ստացած էր, իսկ գաղափարականի սնունդը, ան, առաջին հերթին, իր ծնողքին կը պարտէր, ապա` դաշնակցական ակումբին ու ՀՅԴ ԼԵՄ-ին, ուր նուիրումի եւ ծառայութեան գիտակցութիւնը կ՛ամրապնդուէր, կը բիւրեղանար` առաւելաբար կոփելով անոր հայրենապաշտի զգացողութիւնը:

Սարհատի հետ մեր ծանօթութիւնը երկար տարիներու վրայ կ՛երկարէր, շնորհիւ իր հօր եւ հօրեղբայրներուն, որոնց անմիջական գուրգուրանքին եւ ջերմ սիրոյն արժանացած էր: Ան փոքր տարիքէն իսկ կրցած էր վաստկիլ անոնց սէրը եւ դարձած անոնց ընկերը:

Իրօք, Սարհատի մարդկային բարեմասնութիւնը, նկարագիրը, կարելի է երկու հարազատ բառերով ընդգծել` ընկերական ոգի եւ ազնուութեամբ բաբախող սիրտ:

Փաստօրէն, պատանեկանի թէ երիտասարդականի տարիքին, անոր դէմքին անպակաս էին երկու յատկութիւն` բարի ժպիտն ու խանդավառութիւնը: Զրոյցներու թէ հանդիպումներու ընթացքին անոր խօսակցութեան առանցքը հայրենիքն էր, հայոց բանակի հզօրացումն ու մարտունակութիւնը:

Աւելի՛ն. Սարհատի մէջ շեշտուած էին մարտական ոգին ու զէնքի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը: Ան ուղղակի կ՛ապրէր, սիրտը կը դղրդար եւ հոգին կը լիանար, երբ խօսք կ՛ըլլար մարտունակ կեանքի թէ զինավարժութեան մասին: Եւ ահա, հոսկէ իր պաշտամունքը` Հայաստանին ու հայոց բանակին հանդէպ:

Սարհատ, պարթեւահասակ, մարզիկ, սրամիտ, կատակասէր, կեանքը սիրող մեր տղան էր, որ գրեթէ առիթը չէր փախցներ մեզի հետ խօսելու, զրուցելու, թէկուզ հեռաւոր Ամերիկայէն, հարցնելով բոլորի հալն ու քէֆը:

Տարիներ առաջ (մեր յիշողութենէն վրիպած է ճիշդ թուականը), Հայաստան այցելութենէն ետք եկած էր Լիբանան, Ամերիկա վերադառնալէ առաջ: Ան կը մօտենայ ինծի ու կը յանձնէ յիշատակ-նուէր մը` ըսելով. «Իմ կողմէս յիշատակ, գիտեմ, որ շատ պիտի սիրես ու ոգեւորուիս»: Ան Արցախ գտնուած ատեն, կրցած էր հայ զինուորէ մը ապահովել զինուորական տարազ մը եւ հետը բերած էր Լիբանան:

Զարմանքիս ի տես, իրեն յատուկ ժպիտով մը պնդեց, որ առնեմ նուէրը եւ պահեմ զայն իբրեւ հայրենիքի մասունք: Գիտէի, որ եթէ մերժեմ նուէրը վիրաւորած պիտի ըլլայի անոր ազնիւ ու չափազանց ընկերական ոգին:

Թէ ինչո՛ւ Սարհատ ուրիշ տեսակի նուէր չէր բերած իր ընկերոջ, ինչպէս սովոր է ընկալել մեր կեանքին մէջ, այլապէս սա լաւագոյն ապացոյցն էր անոր ընկերասէրի ու հայրենապաշտի կազմաւորումին: Սարհատ այն երիտասարդն էր, որ համոզումով եւ ապրումով կը կատարէր իր աշխատանքը, նուիրումն ու ծառայութիւնը: Անմիջական էր Սարհատ իր խօսքերով եւ մտածումներով, կեղծ ու լպրծուն երեւոյթները չէր հանդուրժեր, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին:

Որքա՜ն ընելիք ունէր ան. մատուցելիք ծառայութիւն թէ աշխատանք, իր պաշտած կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով, որուն անդամագրուած էր հոգիով եւ սրտով դեռ փոքր տարիքին եւ երդումով` երիտասարդ հասակին:

Սիրելի՛ ընկեր, ամէն անգամ որ քեզ յիշենք, պիտի վկայակոչենք զուարթ ու շէն տրամադրութիւնդ, բարի ժպիտդ ու եզակի խանդավառութիւնդ:

Ամէն անգամ որ քեզ կարօտնանք, պիտի համբուրենք յիշատակի նուէրդ` հայոց բանակի տարազը եւ լիանանք հայ զինուորի քաջութեամբ եւ Արարատի բոյրով:

 

 

Նախորդը

Մեսրոպ Շիրանեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Ամմօ (Սարհատին)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?