Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրհնութիւն Ու Փառք Հերոսներուն Որ Բարձրացան Ու Բարձրացուցին

Սեպտեմբեր 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Անոնք որ ինկան իրենց ծունկերուն վրայ
եւ չկրցան ցոյց տալ երկարութիւնը ցաւին,
անոնք որ ինկան թշնամիին գիշատիչ
եւ կ՛արիւնին երկարութեան տակ ցաւին,

Օգնութի՜ւն անսանձ եւ օրհնութի՜ւն աստուածային:

Համր ու անձայն եկան, եկան հերոսավառ աչքերով
իրենց սրտի խունկին հետ որ դեռ սրտի չէ՜ր վերածուած,
եկան ոստայնանկեալ մեր պատմութիւնը մատնելու
կրակի՛ն:
Եւ արդարութիւնն էր
արնագոյն կոպերուն ինկած կայծակի շեղբ
ուր թանձրացեալ կատաղութիւնը կը սկսի վառիլ:
Եւ մենք տեսանք ծուխը պալան պալան
խաւարի մէջ արձակուած հռնդիւնը.
վայրենի ցաւ մը իրենց այտամկաններուն
դիակները մնացին հայրենական հողերուն:

Նորընծայ, մատաղատի նուիրեալներ
Հոգատար քոյրեր ու կամաւորներ ուխտի,
Իրենց տան դրան  անցեալներէ ելած
հում եւ յուսաշաղախ խռովքներով
ամրաբազուկ արձակեցին սլաքները կայծակէ:
Ոգեկան որքան ոլորտներէ ետք
աղօտած քաղցրութիւններէն զրկեալ,
կեանքի մուտքին իսկ ստեղծուած այս խաւարումին
իրենց արեան հետ յո՜յսը հոսեցուցին
– Եւ Յոյսն այդ սառեցուեցաւ ճանապարհի կէսին:

Երանաբաղձ եւ լուսանցոյց այդ դէմքերը
մումիացած աչքերով այդ դէմքերը ինկած
իրենց արեան շապիկներուն վրայ
ուր կը կպէր յուսափշուր սիրտը ցեղին
կը տեսնէին կը տեսնէին կը տեսնէին
իրենց ընտանիքը` ծաղկող ծիրանին
հայրենիքը անկախ` դրօշակը կուրծքին:

Համազգեստները արեան` սահմանացիր, անտես
բարձի նման կակուղ եւ կարծր` բարձի պէս:

Պէտք չունիս բերելու ամոքում աշխարհի սարսափին
երբ մեր սարսափը վերածուած է հեգնանքի,
տրտմութիւնը` զայրոյթի, աղէտը` կշիռքի, եւ ցաւը` ձայնի:
Կամուրջներ չկան.
աշխարհի երեսին շպրտէ իր քարոզած
կեղծ բարեկամութեան շեղջակոյտերը,
երբ չի թողուր որ մեր պողպատէ ձեռքերը
մեր մանուկ ուրախութիւնները շոյեն.
Մի խուսափիր իրաւին եւ տխուրին հետ ապրելէ,
Որպէսզի ինքնախաբէութիւնը ցմրուր չխմես:
Ծնրադրէ՛ արեան երկրատարած բազուկներուն քով
եւ սորվեցո՛ւր Աստուծոյ
որ այսպէս է
երբ սէրը կեանքէն աւելի մեծ կ՛ըլլայ:

Ոտքի՛ ել,
մենք շիփշիտակ պիտի նայինք ողբերգութեան աչքին
անահ ահաբեկման լոյսը հեղելով մեր հոգիին
փակ դժոխքէն,
Արտաւազդի քով բանտարկուած ձիերը թառանչ կը քաշեն,
մեր յուսաբեկման աղջամուղջը փարատի պիտի,
կամարներէն եւ աստիճաններէն ոչինչ կը յայտնուի
դե՛րդ է որ պիտի պաշտպանէ քեզի: Պաշտպանէ՛ դերդ:

Զգացական ջրհեղեղներէ դուրս,  թեւարձակ
ներքայլումդ դէպի հոգիիդ հեղանուտը,
պատռտենք Սեւը ուրկէ կրակը կ՛անցնի
անձուկ, զարհուրագին, կպչուն:

Շողաթոյր երկինքին տակ անշնչացած աչուկներ,
մեր հոգիին թանգարաններուն մէջ դնենք
դնենք անոնց սուրբ մատնահետքերը
իրենց տրուած մահավճիռին վրայ
որպէսզի
պահ մը դուրս գայ Արդարութիւնը
եւ շնչահեղձէ բուն ոճրարարները:

Եռաբլուր`
ուր սառած է արիւնը, բայց զօրութիւնը կ՛աճի՜:
Պահպանել այդ հայրենասուրբ անունները
որոնք թիթեռնիկներ չբռնած`  ինկան ռազմի երախին մէջ,
անոր մահաբեր ախորժին մէջ
արշալոյսի միջանցքները փնտռելով
որպէսզի արեւին խիղճը չխաւարի դարձեալ:

Դեռ քանի՛ դիակ պիտի գլտորի ապագային մէջ
հզօրագոյն սերմերն են որ ընդմիշտ կ՛անհետանան:
Ճարճատիւն տարածութեան վրայ` անշարժ օրօրոցներ,
չկառուցուած սեմեր,  չմրոտած կաթսաներ,
կապարակոծ քերթեր,
ծնողներու հառաչանքներ առանց ձայնաւորի,
ցաւը համր ու ներաբնակ` ինչպէս կեանքը հողին,
ինչպէս զաւակի վերադարձի յուսափշրումը:

Մեր անցեալի եւ ներկայի աղաղակները
հոգիիդ մէջ դիր եւ դուրս մի՛ հաներ
աղաղակները ձայնապնակ չեն:

Ազգի մը հա՛ցն է արդարութիւնը  եւ ամբողջ ազգս անօթի է:

Անոնք չինկա՛ն
Որպէսզի սառնասիրտ դեւեր կործանեն
Մեր ժողովուրդին թոյրը բազմադարեան:
Անոնք չինկան որ անէութեան զարհուրանքը
Խլէ հայաշխարհը սահման առ սահման:
Իւրաքանչիւրիս մէջ արեգնածին աստուած մը կայ
Որ պէտք է դուրս ժայթքէ ու յաղթաժեռ գոռա՜յ
Հարկ է հալածէ դեւերը ազգակործան,
Մինչեւ ծիածան կապեն օրերը
Ճանոտ-ճիկերոտ
Ազգիս հայոց սէր, միութեան,
Յաղթութեան եւ յա՜ւե՜րժո՜ւթեա՛ն:

27 սեպտեմբեր  2021

 

Նախորդը

Յուշագիրի Կնքում Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին Միջեւ

Յաջորդը

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?