Ի Խնդիր Մերձաւոր-Միջինարեւելեան, Այժմէական
Եւ Գործօն Հայագիտութեան Մը
Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ.
Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք
Islam In Armenian Literary Culture. Texts,
Contexts, Dynamics (Louvain: Peeters, 2021)
ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ
III. Հայ-Իսլամական Միջգործօնային Պատմութիւն եւ Ուսմունք (Armenian-Islamic Interactive History)
Գործընթացս եւ Վեց գործեր
Այժմէական, Մերձաւոր-միջինարեւելեան եւ գործօն հայագիտութեան մը մշակումը եղած է մտաւորական աշխատանքիս նպատակը, մղիչ ուժը եւ բնականաբար` ուղղութիւնը:
Իբրեւ նկարիչ եւ փիլիսոփայ` բնականաբար պէտք էր որ սկսէի նկարչութենէն եւ իբրեւ լիբանանահայ` ա՛յս գաղութին յատուկ արուեստէն: Մտաւորական ասպարէզիս շատ կանուխ հանգրուաններուն իսկ եւ իմ տեսանկիւնէս` գոյութիւն չունէր այսպէս կոչուած «անկախ արուեստ»: Գրեցի «Լիբանանահայ նկարչութիւնը – յետեղեռնեան լիբանանեա՛ն փորձառութիւններէն ծնունդ առած արուեստ մը – եւ իբրեւ «հակազդեցութիւն` ինքնութեան տագնապին» (1984): Շատեր, եւ մինչեւ այսօր, չեն ըմբռնած կամ ուզած ընդունիլ բոլոր «հայ բաներուն» ա՛յս տեղական եւ հանգամանային տարածքը (dimension):
Յաջորդ աշխատութիւնս` «Էջեր արեւմտահայ մտածումէն» (1987) զուտ փիլիսոփայական էր, կրկին հասկնալու մօտ երեք քառորդ դարու իմացական ուղղութիւնները` արեւմտահայ մշակոյթին մէջ եւ ըստ տարբեր ազդեցութեանց` արեւմտահայ մշակոյթին մէջ:
Հայ-իսլամական միջգործօնային հարցերու վրայ սկսած էի աշխատիլ եւ գրել ուսանողական տարիներէս: Կը վարանէի, որովհետեւ այդ մարզին անցնիլ կը նշանակէր մտնել պատմագրութեա՛ն մարզը եւ միացնել զայն փիլիսոփայութեան: Անկիւնադարձը պատահեցաւ 1991-ին եւ կրկնուեցաւ 1997-ին, ինչպէս պիտի անդրադառնամ վարը:
Ինչպէս յայտնի է խորագրէն, ներկայս վերլուծական մըն է վերջին գործիս հրատարակութեան առիթով. Islam in Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics (Louvain: Peeters, 2021) [Իսլամը հայ գրական մշակոյթին մէջ-բնագիրներ, հիմնավայրեր, ուժընթացք]: Վեցերորդը` տասնչորս դարեր տեւող հայ-իսլամական միջգործօնային պատմութեան մէջ` անիկա ձեւով մը լրումն է մտաւորական ասպարէզիս գործընթացին մէջ կարեւոր հանգրուանի մը: Այլապէս, շատ տարածուն եւ գրեթէ ամբողջովին մութ եւ անմշակ նիւթերու պեղումին, վերլուծումին եւ պատմականացումին նուիրուած` երկարաշունչ ուսումնասիրութիւն մըն է: Այս աշխատանքը պէտք էր որ կատարուէր իբրեւ բնական եւ տրամաբանական շարունակութիւնը գործընթացի մը, զոր սկսած էի շատ աւելի կանուխ:
Հայ-իսլամական միջգործօնային պատմութեան ուղղութեամբ մտաւորական արկածախնդրութիւնս սկսայ 1969-ին` իբրեւ փիլիսոփայութեան ուսանող, առանց յստակ ուղեցոյց քարտէսի (road map), եւ շարունակուեցաւ, սակայն` տարիներ ետք միայն: Ծնունդով, զարգացումով եւ շրջապատով իսլամ-քրիստոնեայ աշխարհի բնիկ` համոզուած էի, որ գոյութիւն ունի՛ ընդարձակ մարզ մը «հայ-իսլամական միջգործօնային բաներու» յատուկ գրականութեամբ, նիւթերով, մեթոտով եւ պարագիծերով (peripheries): Նա՛եւ համոզուած էի, որ այս նիւթերուն պատմականացումը պիտի պատճառէր կոպեռնիկեան յեղափոխութիւն մը այն տարազներուն մէջ, որոնցմով ներկայացուած են, այսպէս կոչուած, «հայկական բաները»` աւանդական եւ ընդունուած-տիրական (mainstream) պատմագրութեան մէջ:
Պէտք էր յայտնաբերել, մշակել եւ յառաջացնել այժմէակա՛ն գործադրական հայագիտական մարզ մը, որ անպայմանօրէն տարբեր լոյսի տակ բերէր ընդունուած պատումները եւ օգնէր առկայ հարցերու լուծումին: Ըստ իմ կարծիքիս, ծանօթ ըլլալով արաբական աղբիւրներու, մինչ այդ կատարուած, այսպէս կոչուած, «յարաբերութիւններու» կամ «փոխյարաբերութիւններու» մասին գրականութիւնը հիմնուած էր նեղ եւ սահմանափակ տեղեկութեանց եւ հասկացողութեանց վրայ:
Գերագոյն նպատակը պէտք էր որ ըլլար, եւ տակաւին է, բանալ «հայ-իսլամական միջգործօնային պատմութեան» (interactive history) ժամանակակից (contemporary) քննական (critical), ամբողջաբանական (holistic) եւ միջմարզային (interdisciplinary) մերձաւոր-միջինարեւելեան գիտութիւն մը:
Ամէն փոփոխութիւն կը սկսի կէտէ մը: Ըստ փիլիսոփայական մեկնաբանութեան (philosophical hermeneutics), այս կէտը կը կոչուի «յարմար-պատշաճ տեղեկութիւնն» (relevant information): Ասիկա այն նոր գիտելիքն է, որ կը դառնայ տեսակ մը ազդակ, գործիք եւ միջոց` որոշ խնդիրներու բացատրութեան եւ լուծումին համար: Գոյաբանական տեսակէտէ, անգամ մը որ որդեգրուի այս մակացութիւնը (knowledge), այլեւս անհատը եւ իր ճանաչողութեան իրերը չեն կրնար մնալ նոյնը, որովհետեւ կը փշրուին իր մտահորիզոնը կամ իրերը տեսնելու իր պարագիծերը: Օրինակ, կոպեռնիկեան յեղափոխութենէն ետք, այն կարծիքը թէ արեւը եւ ոչ թէ երկիրն է կեդրոնը, աստղագէտներն ու իրենց տիեզերաբանութիւնը (cosmology) չէին կրնար մնալ նոյնը: Փշրուած էր տիեզերքը տեսնելու եւ բացատրելու իրենց հորիզոնը: Նոր տեղեկութիւնը կը պարտադրէր նո՛ր տիեզերաբանութիւն մը:
Իմ պարագայիս, այդ «յամար-պատշաճ տեղեկութիւնը» եղաւ «Բանբեր Մատենադարանի» 1958-ի հատորին մէջ Երզնկացիի «Ի Տաճկաց Իմաստասիրաց Գրոց Քաղեալ Բանք»-ին առաջին հրատարակութիւնը (Սեն Արեւշատեանի կողմէ): Յօդուածը տեսայ իբրեւ ուսանող, 1969-ին: Հրատարակիչը անտեղեակ էր «տաճիկ» կամ իսլամ իմաստասէրներու ինքնութեան: Սակայն արաբական փիլիսոփայութեան ծանօթ մէկու համար պարզ էր, որ Երզնկացիի 40 էջնոց փոքր ձեռագիրը յաճախ տառացի եւ ընդհանրապէս թոյլ գիտութեամբ եւ անբաւարար լեզուով սկսնակի մը ամփոփումն էր տասներորդ դարուն Պասրայի մէջ խումբ մը գիտնականներու չորս հատորանի հանրագիտարանային գործին: Անիկա կը կոչուէր «Ռասա՛էլ Իխուան ալ-Սաֆա», կամ` «Մաքրութեան Եղբայրութեան Թուղթեր»:
Խմբակին անդամներուն հաւաքական աշխատանքով գրուած 2000 մեծադիր էջերով այս գործը հաւաքածոյ մըն է ժամանակի բոլոր գիտութեանց, նաեւ` իրենց յատուկ ոչ ուղղափառ իսլամական աստուածաբանութեան: Այս գիտնականները ոչ միայն հաւաքաբանական նորպղատոնականներ (eclectic Neoplatonists) էին, այլ նաեւ ունէին յստակ խորհրդապաշտական եւ իսմայիլական աշխարհահայեացք եւ բնազանցութիւն (metaphysics): Ուղղափառ իսլամութեան համար անընդունելի եւ աղանդաւորական նկատուած այս գործը գաղտնօրէն, ամբողջութեամբ կամ տարբեր ծաւալի ամփոփումներով, իսմայիլական քարոզիչներու միջոցով կը տարածուէր շրջանին մէջ:
Պատմականօրէն Երզնկան եղած էր թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իսլամ աղանդաւորականներու ապաստանարան: Արեւմտեան Եփրատի եւ միջազգային վաճառականական ուղիներու վրայ` աշխարհաքաղաքացիական (cosmopolitan) այս գեղեցիկ քաղաքը նաեւ գրաւած էր իսմայիլական քարոզիչները վաճառականներու եւ «խոճա»-ներու ծպտումով: Զարմանալի չէ, որ ուսումնատենչ պատանի Յովհաննէս Երզնկացիին հասնէր «Ռասա՛էլ»-ին նման հետաքրքրական հատոր մը: Զարմանալին այն է, որ վարդապետական ասպարէզէն առա՛ջ կարդացած այս հանրագիտարանը շարունակէր խոր ազդեցութիւնը նա՛եւ իր հետագայ գրականութեան վրայ: Աւելի զարմանալին այն պարագան է, որ Երզնկացիի միջոցով Մաքրութեան եղբայրներու ոչ քրիստոնեայ եւ ոչ հայկական գիտութիւններն ու աշխարհայեացքը առանց արգելքի թափանցէին տասներրորդ դարու եւ յաջորդ դարերու ոչ միայն գրականութեան, այլ նաեւ հայ եղբայրութեանց կանոնագրութիւններուն եւ հայ տիեզերաբանութեան մէջ եւս: Երզնկացիի գործերը մեծ ընդունելութիւն գտած էին հայ վանական ուսումնական կեդրոններուն մէջ եւ, այսպէս, նոր ու աղանդաւորական-իսլամական իմացքներ կ՛որդեգրուէին քրիստոնէական միջավայրի մէջ` առանց սկզբունքային արգելքի: Կը նշանակէ, որ ամբողջ շրջանին մէջ` կային ընդհանուր պայմաններ եւ զարգացումի հուներ, մասնաւորաբար` քաղաքներու խառն բնակչութեանց համար:
Քանի մը յօդուածէ ետք հրատարակեցի «Յովհաննէս Երզնկացիի Ի Տաճկաց Իմաստասիրաց Գրոց Քաղեալ Բանք»-ին իսլամական աղբիւրները եւ փիլիսոփայական արձակը այդ լոյսին տակ» (1991): Այսպէս, եւ ինչպէս որ անդրադարձայ, ուղղակի կապերու առաջնորդող Երզնկացիի աղբիւրներուն մինչ այդ անյայտ պարագան այն «յարմար-պատշաճ գիտութիւնն» էր, որ ամբողջութեամբ փշրեց, այսպէս կոչուած, «հայկական բաներու» հորիզոնս:
Երզնկացիի մասին հետազօտութիւններս առաջնորդեցին հայ-իսլամական միջգործօնային ցարդ անծանօթ բազմաթիւ երեւոյթներու եւ իրողութեանց: Ասոնք պատմական փաստեր էին հայոց քաղաքական, զինուորական եւ ընկերային ուղղակի գործունէութեան` Կապադովկիայէն մինչեւ հարաւային Եփրատ, Կիլիկիա, Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Պաղեստին եւ Եգիպտոս: Հայոց մասին մեծ ծաւալով տեղեկութիւն կայ արաբական պատմութեանց մէջ, եւ անո՛նք եղած են աղբիւրներս: Հայ պատմագրութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ անտեղեակ է, կամ խուսափած է, այս ուղղութեամբ որեւէ աշխատանքէ:
Յաջորդ եւ «բնական» աշխատանքս էր վերբերել տասներորդ դարէն մինչեւ տասներկրորդը` հայ առաքելականներու, քաղկեդոնականներու, աղանդաւորականներու եւ իսլամ հայերու ուղղակի զինուորական ու քաղաքական գործունէութիւնը հիւսիսային Միջագետքէն մինչեւ Եգիպտոս: Քանի մը յօդուածներէ ետք հրատարակեցի երկրորդ եւ ամբողջովին ինքնուրոյն աշխատութիւնը` «Ֆաթիմիական հայերը – մշակութային եւ քաղաքական փոխյարաբերութիւններ Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ» (The Fatimid Armenians: Cultural and Political Interactions in the Near East, Leiden: Brill, 1997):
Իր կարգին, հայ պատմագրութեան մէջ ամբողջովին աննկատ անցած, բայց միջնադարեան մերձաւորարեւելեան աշխարհին մէջ հայոց ուղղակի եւ կեդրոնական դերին ամէնէն ցայտուն պարագան «հայկական շրջանը» կամ դարն էր Եգիպտոսի մէջ Ֆաթիմիական Խալիֆէութեան շրջանին (969-1171): 1074-էն մինչեւ 1171 եօթը հայ-իսլամ վեզիրներ (բացառութեամբ` Վահրամ Բահլաւունիի) մօտ վաթսուն տարի բացարձակ իշխանաւորներ էին: Փաստօրէն առաջինին` Պատր ալ-Ճամալիի (մ. 1094) մեծ մասամբ հայ ռազմիկներով զինուորական միջամտութեամբ, ֆաթիմականները դար մը եւս գոյատեւեցին` հակառակ սելճուք եւ խաչակրական սպառնալիքներուն: Ըստ արաբական աղբիւրներու, տասերկրորդ դարուն հարիւր հազարի հասած էր հայոց թիւը Եգիպտոսի մէջ: Միեւնոյն շրջանին, 1060-1080, Կապադովկիայէն մինչեւ հիսիսային Սուրիա եւ Եգիպտոս երեւան եկան հինգ հայ-իսլամ իշխանապետութիւններ: Մերձաւոր-միջինարեւելեան գիտութեանց, նաեւ արաբական միջնադարեան պատմութեանց մէջ ծանօթ-անծանօթ պարագաներ են ասոնք, որոնք անպայմանօրէն պէտք է որ հետազօտուին թէ՛ հայկական եւ թէ՛ մերձաւոր-միջինարեւելեան կողմերու ծանօթ գիտնականներու կողմէ:
Այսպէս, Ֆաթիմական խալիֆայութեան մէջ «հայկական շրջանին» պատմականացումը պէտք էր որ կատարուէր հայ գիտնականի մը կողմէ, որ միաժամանակ նաեւ «բնիկն» էր իսլամական աշխարհին, այսինքն իր մէջ կը միացնէր տարբեր մշակոյթներ: Արտակարգ թուող երեւոյթներուն նախորդող եւ առաջնորդող պայմանները ի վերջոյ «հայկական» էին, եւ անհրաժեշտ էր կատարել լայն ուսումնասիրութիւն` այդ եւ այլ ուղղութիւններով: Աշխատութիւնը նոր էր եւ անհրաժեշտ` ոչ միայն հայոց պատմութեան, այլ նաեւ արաբագիտութեան, արեւելագիտութեան եւ միջկրօնական գիտութեանց (Interfaith Studies) համար:
Միայն ֆաթիմական հայերու պարագան, որ ամբողջութեամբ հիմնուած է արաբական աղբիւրներու վրայ, բաւարար էր փաստելու, թէ այն կիսաառասպելական պատկերը կամ տպաւորութիւնը, որ յառաջացած է հայոց մասին իբրեւ փոքր, միատարր, սահմանափակ, յարատեւօրէն ճնշուած ու անիրաւուած փոքրամասնութիւն, իրողապէս ճիշդ չէ: Ֆաթիմական հայերը բացառութիւն չէին, եւ աստիճանաբար յաջողեցայ գտնել եւ վերբերել բազմաթիւ պարագաներ, ինչպէս հինգ հայ-իսլամ իշխանապետութիւններ` 1060-1080 Կապադովկիայէն մինչեւ Պաղեստին եւ Եգիպտոս:
«Ֆաթիմական հայեր»-էն ետք, բնականօրէն յաջորդ գործս պէտք էր որ ըլլար լայն պատմագրական աշխատութիւն մը, որ կը սկսէր եւ կը հիմնուէր գերազանցապէս միջգործօնային այն փաստուած նախատիպարներուն, կամ յարացոյցներուն (paradigms) վրայ, որոնց համադրումը միակ գործի մէջ անպայմանօրէն պիտի ստեղծէր ցարդ անծանօթ «երկրապատկեր» (geoglyph) մը հայոց պատմութեան` իսլամական աշխարհներու մէջ: Յարաբերութեանց մէջէն վերբերուած բազմաթիւ պարագաները, ֆաթիմական հայերուն նման, եւ հիմնահարցերը պէտք էր որ առաջնորդէին նոր հետազօտութեանց:
Այս եռահատորը առաջին փորձն էր հայոց պատմութիւնը «վերստին գրելու» իր բնական եւ լայն շրջանին կամ հիմնավայրին մէջ եւ` ըստ բոլոր հայոց ամէն տեղ գործունէութեանց: Այս եռահատոր աշխատութիւնը սկսայ 1998-ին եւ աւարտեցի 2010-ին, հետեւեալ խորագրով.
The Armenians in the Medieval Islamic World Seventh to Fourteenth Centuries: Paradigms of Cultural-Political Interactions. 3 vols. New Brunswick, NJ & UK: Transaction Publishers, 2011, 2011, 2013).
– Vol. I. The Arab Period in Arminyah – Seventh to Eleventh Centuries. 2011.
– Vol. II. Armenian Realpolitic in the Islamic World and Diverging Paradigms – The Case of Cilicia – Eleventh to Fourteenth Centuries. 2012.
– Vol. III. Medieval Cosmopolitanism and Images of Islam-Thirteenth to Fourteenth Centuries. 2013.
«Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ – փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ /յարացոյցներ – եօթներորդէն տասնչորրորդ դարեր»:
– Հատ. I. «Արաբական շրջանը Արմինիայի մէջ -եօթներորդէն տասնմէկերորդ դարեր»,
– Հատ. II. «Հայկական ռէալփոլիթիք իսլամական աշխարհին մէջ եւ տարանջատուող նախատիպարներ եւ Կիլիկիոյ պարագան – տասնմէկերորդէն տասնչորրորդ դարեր»,
– Հատ. III. «Միջնադարեան աշխարհաքաղաքացիութեան նախատիպարներ եւ իսլամի պատկերներ – տասներրորդէն տասնչորրորդ դարեր»:
30 սեպտեմբեր 2021
(Շար. 2)