Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդներու Աշխատանքային Սեմինար

Սեպտեմբեր 29, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ին ՔՋԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական խորհուրդներու աշխատանքային սեմինար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերու Սկաուտական խորհուրդներն ու միաւորի խմբապետները. ներկայ էին նաեւ Շրջանային խմբապետութենէ անդամներ եւ Շրջանային վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչը:

Սեմինարին նպատակն էր, սկաուտական աշխատանքներու վերամուտի սեմին,  մասնաճիւղերու մօտ ստեղծել միօրինակութիւն,  ճիշդ եւ միեւնոյն ձեւով գործելու աշխատաոճ, ինչպէս նաեւ սկաուտական խորհուրդներու նոր անդամներուն ծանօթացնել սկաուտական խորհուրդներուն գործունէութեան բնոյթը ու զարգացնել համագործակցութեան ոգին:

Սեմինարի բացումը կատարուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով:

27 սեպտեմբերի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին նախօրեակին, Արցախեան  պատերազմի  նահատակուած հերոսներուն եւ ի մասնաւորի ՀՄԸՄ-ական նահատակ եղբայրներուն ինչպէս նաեւ  2020-2021 տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքէն առյաւէտ յաւերժ բաժնուած Կեդրոնական վարչութեան նախկին եւ ներկայ վաստակաւոր անդամներու` Պատրիկ Կիւլպէնկեանի, Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ Արմանտօ Թորգոմեանի անմառ յիշատակը յարգելով` ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան:

Սեմինարին նպատակն ու յայտագիրի ընթացքը ներկայացուելէ ետք, տեղի ունեցաւ ծանօթացման պահ մը, ապա մասնակցողները բաժնուեցան երեք տարբեր խումբերու, եւ իւրաքանչիւրին փոխանցուեցան հետեւեալ  նիւթերը:

Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան ատենապետներուն փոխանցեց սկաուտական խորհուրդներու ատենապետներուն պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնը:

Թալին Պէրպէրեան  ներկայացուց սկաուտական խորհուրդներու հաշուապահութեան ու գանձապահութեան պաշտօն ստանձնող քոյր եղբայրներուն հաշիւները պահելու եւ արձանագրելու ձեւերը:

Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի Ընդհանուր խմբապետուհի  Ֆայզա Քոնպըր, միաւորի խմբապետներուն ներկայացուց Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի աշխատանքներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնն ու ակնկալութիւնները:

Ապա Լենա Պալեան մասնակցողներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց քարտուղարական աշխատանքներու մասին:

Ճաշէ եւ դադարէ ետք, Շրջանային խմբապետուհի Ռուպինա Խայեաթ տեղեկութիւններ տուաւ ընկերային ցանցի եւ  այլ յայտարարութիւններու ներկայացման ձեւերուն մասին:

Սեմինարի վերջին բաժինով Յակոբ Չպլաքեան մասնակցողներուն խօսեցաւ քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքներու կարեւորութեան մասին, նաեւ կարեւոր նկատեց, որ տնտեսական այս ծանր պայմաններուն մէջ մասնաճիւղեր իրարու հետ գործակցին: Ան անդրադարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի յառաջիկայի աշխատանքներուն:

Սեմինարի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Սոնա Պօղոսեան գնահատեց ներկաներուն մասնակցութիւնը եւ մաղթեց, որ անոնք գործակցութեան բարձր ոգիով օժտուած գործին որպէսզի յաջողութեամբ շարունակեն իրենց աշխատանքները:

Սեմինարը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

Նախորդը

Նոր` Սակայն Խոտոր Երեւոյթներ

Յաջորդը

Գէորգ Եպս. Ասատուրեան Եւ Հայր Անտոն Ադամեան Այցելեցին «Ազդակ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Միջադէպ Եւ Հետեւութիւններ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Միջադէպ Եւ Հետեւութիւններ

Օգոստոս 13, 2022
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Զրուցակիցիս Հետ Դէմ Յանդիման Պանք Օթոմանի Մասին (Մեղմ Քննարկում)

Օգոստոս 13, 2022
120 Տարի Առաջ, Այսօր.  Պանք Օթոմանի Գրաւումը
Անդրադարձ

Պանք Օթոմանի Գրաւման 126-Ամեակ. Պանք Օթոման` Ազատագրական Պայքարը Շարունակելու Վճռականութեան Խորհրդանիշ

Օգոստոս 13, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In