Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Է Մեր «Լացի Պատ»-ը

October 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ

«Լացի պատ»-ը տեղակայուած է տաճարի լերան արեւմտեան կողմը, Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ: Ան Իսրայէլի մեծագոյն կրօնական յուշարձանն է:

Մեր թուարկութենէն առաջ Սողոմոն թագաւորի հրամանով Տաճարի լերան վրայ կառուցուած սոյն տաճարը դարձաւ հրեայ ժողովուրդին սրբարանը: Դարերու ընթացքին բաբելոնցիները աւերած են զայն, հրեաները` վերաշինած: Հռոմէացիները գրեթէ ամբողջութեամբ քանդած են Երուսաղէմը, բայց Պատը գոյատեւած է:

Տաճարին քանդումէն ետք ծնած հրեաներուն համար Պատը ունեցած է նշանակութիւն, խորհուրդ:

Երբ Երուսաղէմի տաճարները աւերուեցան, հրեաները սկսան հաւաքուիլ տաճարի աւերուած պատին առջեւ եւ սգալ իրենց կորուստները: Ըստ եբրայական օրէնքին, այցելելով Պատը եւ խորհելով շուրջը տիրող աւերուածութիւններուն մասին, իւրաքանչիւր հաւատացեալ պարտաւոր է լալ եւ պատռել իր հագուստը:

Արաբները տեսնելով, որ հրեաները Պատին մօտ գալով Բարձրեալին կ՛աղօթեն եւ կը սգան տաճարին կործանումը, զայն անուանած են «Լացի պատ»:

«Լացի պատ», յաճախ` «Հառաչանքի վայր», անուանումը ծագած է հրեաներուն այդ վայրը այցելելու եւ տաճարին կործանումը սգալու աւանդութենէն:

Պատմաբաններու վկայութեամբ, երբ 1517 թուականին Երուսաղէմը անցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ, Սուլէյման Մեծ սուլթանը առաջինը եղած է հրեաներուն արտօնելու, որպէսզի աղօթեն «Լացի պատ»-ին մօտ:

Բրիտանական գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին հրեաներուն արգիլուած էր մօտենալ Պատին:

1967-ի արաբ-իսրայէլեան վեցօրեայ պատերազմէն ետք հրեաները բռնագրաւեցին Երուսաղէմը եւ վերսկսան աղօթել իրենց սրբավայրին մօտ:

Հրեաներուն համար «Լացի պատ»-ին առջեւ աղօթելը հաւասարազօր է Փառքի գահին առջեւ աղօթելուն, որովհետեւ, ըստ իրենց համոզումներուն, այստեղ կը գտնուին դրախտին դարպասները: Պատին առջեւ կ՛աղօթեն, որովհետեւ համոզուած են, որ պիտի լսուին իրենց բոլոր աղօթքները: Աղօթքը եւ ուխտագնացութիւնը սրբութիւն է հրեայ ժողովուրդին համար:

«Լացի պատ»-ին առջեւ աղօթքը միաժամանակ կ՛արտայայտէ ազգային արժէքներու հանդէպ հրեայ ժողովուրդին գիտակցութիւնը: Կորսնցուցածին վերատիրանալու անոնց կամքը, ունեցածը պահպանելու անոնց հաւատքն ու վճռակամութիւնը:

Կրնանք շատ տարակարծութիւններ ունենալ եբրայական աւանդութիւններուն հանդէպ: Մեզի խորթ կրնան թուիլ անոնք, յատկապէս` արաբ եւ պաղեստինցի ժողովուրդին հանդէպ անոր անիրաւութիւնները: Ոչ մէկ խօսք այդ մասին: Յօդուածս կը վերաբերի իբրեւ ժողովուրդ` ազգային արժէքները գնահատելու, ազգին շահերը պաշտպանելու, ազգային ոգին պահպանելու անոնց նախանձելի գիտակցութեան:

Թերեւս անհամեստութիւն ըլլայ բաղդատականս, սակայն կ՛ենթադրեմ, որ ուսանելի շատ բաներ ունինք սորվելիք հրեաներէն: Առաջինը` հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու անոնց վճռակամութիւնը, երկրորդը` խորհրդարանական հայրենիքի անձեռնմխելիութեան գաղափարը: Այս երկուքը բաւարար դաս են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական բոլոր հոսանքներուն: Ճիշդ է` աշխարհի բոլոր ժողովրդավար հասարակութիւններուն մէջ ալ տեղի կ՛ունենան արտառոց դէպքեր, ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն խորթ, անյարիր երեւոյթներ, բայց Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ վերջին ամիսներուն դէպքերը, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող «բախումներ»-ը ներքուստ հարցում մը կ՛արթնցնեն իւրաքանչիւր հայու ենթագիտակցութեան մէջ. դէպի ո՞ւր կ՛երթայ մեր այդքան փայփայած, երազած հայրենիքը: Ժամանակը չէ՞ արդեօք, որ մենք` հայերս ունենանք մեր «Լացի պատ»-ը` քաւութիւն խնդրելու Բարձրեալէն եւ գուրգուրալու մեր ափ մը հայրենիքը: Գուցէ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ ստեղծուին «Լացի պատ»-եր` յանուն զգաստութեան:

Հայրենիքը հողային առուծախի բաժնետիրական ընկերութիւն չէ, սիրելինե՛ր, ո՛չ ալ մենաշնորհեալներ պահպանելու ամրոց: Գթացէք այն բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք հայրենիքի համար տուած են եւ պիտի տան իրենց ամենաթանկը:

Այո՛, «Լացի պատ» մը, հաւանաբար, միայն զգաստութեան կոչ դառնայ մեր հայրենի քաղաքական հոսանքներուն: Խորհրդանշական պատ մը, որուն առջեւ հաւաքաբար խոստովանինք մեր մեղքերը, նոր էջ մը բանանք` յանուն մեր ապագայ սերունդներուն, յանուն մեր դարաւոր պատմութեան, ժառանգութիւններուն եւ մշակոյթին: Երդնունք կերտել հպարտութիւն ներշնչող հզօր հայրենիք:

 

 

Նախորդը

Պարան Քաշելն Ալ Մարզանք Է…

Յաջորդը

Փոխան «Ազդակ» Լսարանի

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.