Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշագիրի Կնքում Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին Միջեւ

September 30, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին միջեւ կնքուեցաւ փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիր` հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկման եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի ապահովումին համար, միացեալ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումին, հայ մամուլի թուային պատճէններու փոխանակման, մասնագէտներու փոխայցելութիւններու, թուայնացման եւ համացանցային համատեղ ծրագիրներու իրականացման, «Հասկ» պաշտօնաթերթի թուայնացուած տարբերակի տրամադրման եւ հասանելիութեան ապահովման, «Հայ գիրք» եւ «Հայկական շարունակական հրատարակութիւններ» շտեմարանի ձեւաւորման աշխատանքներուն մասնակցութեան տեսլականներով:

Այս առիթով Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան նշեց, որ Ազգային գրադարանը «Կիլիկիա» մատենադարանին հետ համագործակցութեան սկսած է տարիներ առաջ, իսկ յուշագիրի ստորագրութեան նպատակն է համագործակցութեան տալ պաշտօնական բնոյթ, նոր եռանդ եւ հայ գիրքի ու մամուլի մատենագիտական տեղեկատուութեան համալրումին ու նորովի հարստացման աշխատանքներու ծաւալումին համար:

«Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու անձնապէս իր գնահատանքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց հայկական մշակութային կարեւորագոյն կեդրոններէն եւ գրապալատներէն Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ պաշտօնական գործակցութեան յուշագիրի կնքումին առիթով, նաեւ` հայ գիրքի երկարակեցութիւնն ու տարածումը ապահովող լաւագոյն ծրագիրներու իրականացման ի խնդիր տարուելիք աշխատանքներուն ամբողջական մասնակցութեան պատրաստակամութիւն:

Յուշագիրի ստորագրումով կողմերը յանձնառու եղան ընդարձակելու գործակցութիւնը եւ բարձրացնելու իրագործելի ծրագիրներու որակը:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Օրհնութիւն Ու Փառք Հերոսներուն Որ Բարձրացան Ու Բարձրացուցին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.