Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանս-Ամերիկեան Տագնապն Ու Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափի Մօտալուտ Վերականգնման Հեռանկարը

Սեպտեմբեր 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի15 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ իրենք Արցախի կարգավիճակի հարցը լուծուած չեն նկատեր` աւելցնելով. «Համապարփակ լուծման կարիք կայ»: Ան 20 սեպտեմբերին, հարցը աւելի յստակացնելով, նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան, որ Արցախի տագնապը տակաւին պէտք է լուծուի, եւ Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ յստակութիւն ըլլայ. «Հիմնական սկզբունքներէն քանի մը հատը, որոնք նախապէս կային, կը մնան շատ արդիական եւ կիրարկելի: Տարածքային ամբողջականութիւնը հիմնական սկզբունքներէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքը, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման սկզբունքը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առթիւ Նիկոլ Փաշինեանին յղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Մենք ձեռք ձեռքի տուած պիտի աշխատինք Հայաստանի կառավարութեան հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ այլ շրջանային ձեւաչափերով` խթանելու համար շրջանային կայունութիւնն ու լուծելու տագնապը»:

Խիստ դրական, կառուցողական եւ ողջունելի յայտարարութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ աշխարհի միակ գերտէրութիւնը Արցախի տագնապը, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, տակաւին չլուծուած կը նկատէ եւ կ՛ուզէ այդ հարցը լուծել առաջին հերթին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով: Հայաստանի Հանրապետութեան 30-ամեակին առթիւ իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նոյնպիսի կարծիք յայտնեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ եռեակի նշեալ երկու անդամները դուրս մնացած էին երրորդ համանախագահ երկրին` Ռուսիոյ ինքնագլուխ միջնորդութեամբ գոյացած 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան ձեւաչափէն:

Ազրպէյճանի խիստ եւ Ռուսիոյ աւելի մեղմ դժկամութիւնը, սակայն, դադրած է ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը վերականգնելու անոնց ձգտումին միակ խոչընդոտը ըլլալէ: Աւստրալիան, Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները 15 սեպտեմբերին յայտարարեցին անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոր գործընկերութեան` ԱՈՒՔՈՒՍ-ի ստեղծման մասին: Համաձայնագիրի ծիրին մէջ Աւստրալիան խզեց պատմութեան ընթացքին մեծագոյն պաշտպանական համաձայնագիրը, զոր կնքած էր Ֆրանսայի հետ եւ փոխարէնը ընտրեց ամերիկեան ճարտարագիտութիւններու օգնութեամբ կառուցել առնուազն 8 բրիտանական հիւլէական սուզանաւեր: Փարիզ այդ քայլը կոչեց «թիկունքէն հարուած», ինչպէս նաեւ` դաշնակիցներու եւ գործընկերներու միջեւ անթոյլատրելի վարքագիծ, եւ տուն կանչեց Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ իր դեսպանները: «Ասիկա առաջին անգամն է, որ Ֆրանսան Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ այս քայլին կը դիմէ», ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան եւ աւելցուց, որ ֆրանսական հակադարձութիւնը «տակաւին չաւարտեցաւ»: Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին, Ֆրանսան մինչեւ իսկ ՕԹԱՆ-էն հեռանալու հարցը կը քննարկէ:

Ֆրանսայի «առաջին անգամ» ըլլալով որդեգրած քայլը, որ, ըստ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետին, անոր հակադարձութեան առաջին քայլն է, կու գայ վկայելու կացութեան լրջութեան մասին, ինչ որ չի կրնար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերականգնման ֆրանս¬ամերիկեան ջանքերու շարունակութեան եւ անոնց յաջողութեան վերաբերեալ հարցականներ ու մտահոգութիւններ չյառաջացնել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս 19 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ իր երկիրը «կը յուսայ յառաջիկայ շաբաթ» ՄԱԿ-ի մէջ արծարծել Ֆրանսայի հետ սուզանաւերու տագնապին վերաբերող իր տարակարծութիւնը: Ֆրանսական կառավարութեան բանբեր Կապրիէլ Աթալ նոյն օրը յայտնեց, որ Պայտըն կացութիւնը քննարկելու առաջարկով դիմած է Մաքրոնին` աւելցնելով, թէ երկու նախագահները «յառաջիկայ օրերուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենան` քննարկելու համար սուզանաւերու տագնապը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Լը Տրիան 24 սեպտեմբերին իրենց հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անջատաբար յայտարարեցին ու յստակացուցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումը «ժամանակի ու ջանքի» պիտի կարօտի:

Այլ խօսքով, հակառակ Մաքրոնի 27 սեպտեմբերին կատարած յայտարարութեան, թէ իր երկրին դեսպանը յաջորդ օր պիտի վերադառնայ Ուաշինկթըն, կարելի չէ տեղի ունեցածը դիւրին կերպով շրջանցել, ինչ որ հարցականի տակ կ՛առնէ երկու դաշնակից երկիրներու միջեւ սերտ ու համակարգուած, մասնաւորաբար Արցախի հարցին վերաբերեալ, գործակցութեան մօտալուտ վերսկսումը: Գժտութիւնը կրնայ մինչեւ ապրիլին նախատեսուած Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան աւարտը երկարիլ` նկատի ունենալով, թէ այս հարցը հաստատաբար պիտի վերածուի ընտրական քարոզչութեան նիւթի. Մաքրոն պիտի զգուշանայ ֆրանսական կողմին հասցուած «թիկունքէն հարուած»-էն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահին դիմաց տկար կեցուածք ունենալ է կամ մինչեւ իսկ թուելէ, որ այդպիսի կեցուածք ունի: Ան կարծր կեցուածք պիտի որդեգրէ եւ պիտի զգուշանայ հարցը փակելէ` առանց ֆրանսացիներու վիրաւորուած արժանապատուութեան ու Ֆրանսայի կրած տնտեսական մեծ վնասին համար նշանակալից «փոխհատուցում» ստանալու:

Մաքրոնի նպատակը պիտի ըլլայ` այս հարցը շահագործելով, վեց ամիս ետք նախատեսուած ընտրութեան մէջ, մասնաւորաբար աջակողմեան ու ազգայնական ճամբարէն յաւելեալ քուէներ ապահովել եւ ամէն գնով պիտի զգուշանայ այս հարցի պատճառով քուէներ կորսնցնելէ:

Պայտըն եւ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնեցան յառաջիկայ ամիս հանդիպում ունենալ` ուղղելու համար ստեղծուած կացութիւնը: Այդ հանդիպումին ապարդիւն աւարտի պարագային Միացեալ Նահանգներու նախագահը «շրջանային կայունութիւնը խթանելու եւ հակամարտութիւնը լուծելու համար» պիտի դիմէ իր նշած երկրորդ ընտրանքին` «շրջանային ձեւաչափին»:

Ծանօթ է, որ Միացեալ Նահանգներ` Վրաստանի հետ գործակցաբար, 15 հայ գերիներու Հայաստան վերադարձը ապահովեց: Պայտըն «շրջանային ձեւաչափ» ըսելով հաւանաբար կ՛ակնարկէ Ուաշինկթըն-Թիֆլիս ձեւաչափին եւ զայն կը ներկայացնէ իբրեւ Ուաշինկթըն-Փարիզ գործակցութեան այլընտրանք` այդպիսով պատգամ մը յղելով ֆրանսական կողմին, եւ թերեւս այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան համար հարթակ ստեղծելու 27 սեպտեմբերի առաջարկը:

Մէկ բան յստակ է, ֆրանս-ամերիկեան տագնապը կը վտանգէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի մօտալուտ վերականգնման հեռանկարը:

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

Յաջորդը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?