Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխան «Ազդակ» Լսարանի

Հոկտեմբեր 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ի Խնդիր Մերձաւոր-Միջինարեւելեան, Այժմէական
Եւ Գործօն Հայագիտութեան Մը
Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ.
Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք
Islam In Armenian Literary Culture. Texts,
Contexts, Dynamics (Louvain: Peeters, 2021)

ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ

  1. Մերձաւոր-միջինարեւելեան, այժմէական եւ գործօն հայագիտութեան հարցը

Այս զրոյցին առարկան հայագիտութիւնն է, այսինքն` այն բոլոր գիտութիւնները եւ մարզերը, որոնք կը վերաբերին հայոց` իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին, հայրենի հողերուն եւ բնակավայրին (oikumene) մէջ, Հարաւային Կովկասէն մինչեւ կեդրոնական Փոքր Ասիա, Միջագետք, Սուրիա եւ Եգիպտոս: Ուրեմն, իբրեւ գիտութիւնները սկիզբէն ի վեր միջգործօն (interactive) մերձաւոր-միջինարեւելեան ժողովուրդի մը, հայագիտական մարզերը կը հետեւին հայոց պատմական փորձառութեանց այս մեծ շրջանին մէջ եւ անոր ժողովուրդներուն հետ:

Երեւութապէս եւ առնուազն տեսականօրէն յստակ այս կացութիւնը սակայն խնդրական է:

Խնդրահարցը (problématique) ան է, որ սկսեալ հին մատենագրութենէն եւ գրեթէ ամէն տեղ հայագիտութիւնը չէ մշակուած համաձայն ա՛յս իրականութեան, այսինքն` իբրեւ ուժական (dynamic) եւ յարաճուն գիտութիւնը մերձաւոր-միջինարեւելեան ժողովուրդի մը:  Կան բացեր (gaps/lags) եւ հակասութիւններ մէկ կողմէ հայոց դարաւոր պատմական փորձառութեանց մեծ շրջանին մէջ, եւ միւս կողմէ`  հայագիտական ուսմանց եւ համաձայն գաղափարաբանութեանց:  Պատճառներէն ամէնէն պարզը այն է, որ ընթացիկ եւ աւանդական (mainstream) հայ պատմագրութեան նեղ եւ միակողմանի տարազներուն եւ հեղինակներու մտակառոյցներուն (construct) համար անմատչելի կամ անբաղձալի էին պատմական փորձառութեանց եւ գործունէութեանց  իրողական պարագաները: Հայոց պատմութիւնները պէտք էր որ ըլլային հայ իրողակա՛ն վիճակին եւ փորձառութեանց ցոլացումները` առանց գոյացապաշտութեան (essentialism) եւ հայակեդրոնացումի (armenocentrism), որ նշանակէ այսպէս կոչուած, «հայկական բաները» նկատել կեդրոնական, իսկ մնացեալը` շրջանակային (peripheral), երկրորդական եւ ոչ կենսական:

Ուրեմն կայ հակասութիւն արտադրուած գրականութեան եւ փորձառութեանց միջեւ:

Մերձաւոր-միջինարեւելեան, այժմէական եւ գործօն հայագիտութեան մը ի խնդիր հիմնական թեզս անցեալ երեք տասնամեակներէն ի վեր եղած է հետեւեալը. եթէ պատմական Հայաստանը, նաեւ արդի հանրապետութիւնները կը գտնուին Հարաւային Կովկասէն մինչեւ արեւելեան Փոքր Ասիա հսկայ տարածութեան վրայ, եւ եթէ եօթներորդ դարէն ի վեր այս շրջանը մեծ մասամբ եղած է իսլամական իշխանութեանց տակ`  արաբական, սելճուքեան, թրքական, մոնկոլական, պարսկական, ապա եթէ մինչեւ անցեալ դարուն վերջին տասնամեակները հայոց մեծամասնութեան բնակավայրը տարածուած է Սեւ եւ Կասպիան ծովերէն մինչեւ Իրաք, Իրան, Սուրիա, Լիբանան, Պաղեստին եւ Եգիպտոս, ուրեմն իբրեւ այս լայն շրջանին բնիկներն ու  գործօն տարրերը` բոլոր հայոց եւ ամէն տեղ պատմական փորձառութիւնները մաս կազմեն շրջանի՛ պատմութեան եւս եւ պէտք է որ սերտուին իբրեւ այդպիսիք: Իրողապէս հայոց պատմական եւ մշակութային զարգացումն ու գոյատեւումը ուղղակիօրէն առնչուած են իրենց ունեցած ուժական միջգործօնութեանց (interaction) եւ ոչ թէ պատեանային գոյութեան, կամ խորհրդաւոր էութեան (essence) մը: Ըստ տեղական գրականութեանց, իսլամական աշխարհներու մէջ հայոց գործունէութեան կերպերը եղած են ուղղակի, բարդ եւ  բազմակողմանի: Դժուար է վերբերել եւ հաստատել, այսպէս կոչուած, «հայկական-ազգային» մնայուն եւ շարունակական քաղաքականութիւն, գաղափարաբանութիւն եւ ռազմավարութիւն` բացի տարբեր մասերու ու տեղերու մէջ յարաշարժութենէ եւ առաձգականութենէ: Ասոնց շնորհիւ գոյատեւած է ժողովուրդին ամբողջութիւնը մեծ բնակավայրին տարբեր տեղերուն եւ պայմաններուն մէջ:

Ամփոփելով` իրենց հսկայական բնակավայրին նաեւ հայրենի հողերու վրայ հայերը եղած են ենթակայ շրջանի՛ն օրէնքներուն եւ պայմաններուն, որովհետեւ բնութեան նման, պատմութիւնը եւս չի կրնար ունենալ մասնակի  օրէնքներ եւ «գրպաններ»: Ուրեմն, այսպէս կոչուած, «հայկական բաները» (things Armenian) միաժամանակ ե՛ն նաեւ «մերձաւոր-միջինարեւելեան բաներ», որոնք պէտք է որ ուսումնասիրուին եւ պատմականացուին իբրեւ այդպիսիք, ոչ թէ` իբրեւ գերազանցապէս եւ «զուտ» «հայկական բաներ»:

Հայ-իսլամական միջգործօնային (interactive) պատմութիւնը կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ հայոց մերձաւոր-միջինարեւելեան պատմական փորձառութեանց, եւ ոչ թէ, ինչպէս սովորաբար կը կոչեն, հայ-արաբական փոխյարաբերութիւնները կամ պարզապէս փոխյարաբերութիւնները: Մարզ մըն է ասիկա, որուն զարգացումին նուիրուած են վերջին հատորս, անոր նախորդող հինգ աշխատութիւնները եւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ: Ճիշդ է, որ անցեալ տասնամեակներուն լոյս տեսան կարգ մը, այսպէս կոչուած, «միջմարզային» (interdisciplinary) աշխատութիւններ, մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն գրեթէ բոլորին կը պակսին իսլամական աշխարհներու եւ քաղաքակրթութեանց խոր եւ ուղղակի հասկացողութիւնը եւ մանաւանդ պատմագրական արդի՛ փիլիսոփայութիւն մը: Աւելի լուրջ հարցը հայ ընկերային, քաղաքական, պետական, կրթական մարմիններու եւ հաստատութեանց մշակութային սահմանափակ «դիւանագիտութիւնն» է:

II. Այժմէական, մերձաւոր-միջինարեւելեան եւ գործօն հայագիտութեան մը անհրաժեշտութիւնը

Այժմէականութեամբ կը հասկնամ մեթոտաբանական պայմանը, որ կը նշանակէ ըլլալ  քննական (critical) եւ ոչ թէ` նկարագրական եւ զգացական, ամբողջաբանական (holistic), այսինքն` նկատի առնել բոլո՛ր երեւոյթները, առանց կանխադատումներու: Նաեւ կը նշանակէ ըլլալ միջմարզային (interdisciplinary), այսինքն փոխանակ բաժնելու` համադրել եւ օգտագործել բոլոր տիսիփլինները: Տրամագծօրէն հակառակ կեցուածքն է աւանդականութիւն եւ գաղափարաբանական արմատականութիւն (radicalism), առնուազն` ազգային հարցերու պարագային:

Մերձաւոր-միջինարեւելեան կը նշանակէ, այսպէս կոչուած, «հայկական բաները» դիտել, վերլուծել եւ պատմականացնել ըստ իրենց աշխարհագրական, քաղաքական եւ պատմական հիմնավայրին` (context), որ է Մերձաւոր-Միջին Արեւելքը եւ ոչ միայն «Հայաստանը»:

Հայագիտութիւնը մերձաւոր-միջինարեւելեան գիտութիւն է, նման` արաբագիտութեան, իրանագիտութեան, ասորագիտութեան եւ ուրիշներու, եւ պէտք է որ մշակուի եւ ընդլայնուի իբրեւ շրջանի ամէնէն հին, վաւերական եւ կենսական գիտութիւններէն մէկը:  Ընդունիլ եւ հաստատել այս կէտը` կը նշանակէ հայոց առնչուած բոլո՛ր հարցերը դիտել, բացատրել եւ պատմականացնել իրենց յարաբերութեանց ընդմէջէն եւ իբրեւ օրկանական մասերը մերձաւոր-միջինարեւելեան աշխարհին: Այս մեծ աշխարհին յատուկ կրօնական, էթնիք-ցեղային եւ տեղական տարբերութիւնները եւս մաս կը կազմեն շրջանին իւրայատուկ կազմութեան: Այսինքն տարբերութիւնները բաժնող եւ սահմանափակող սահմաններ չեն, հակառա՛կը ճիշդ է: Իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ հաւաքականութեան ու համայնքի ինքնուրոյնութիւնը կազմուած ու զարգացած է այդ բազմագոյն յատակէն ցոլացնելով զա՛յն եւ ոչ թէ` անոր հակադրաբար:

Գործօնութեամբ (relevance) կը հասկնամ տեսական գիտութեանց իրողական-գործադրական կարողականութիւնը, իբրեւ բացատրողական գործիք` բոլոր պարագաներու հասկացողութեան եւ լուծումին համար:

Հայ-իսլամական միջգործօնային պատմութեան պարագային, գործօնութիւն կը նշանակէ վերբերել  իսլամական աշխարհներու մէջ եւ ժողովուրդներու հետ հայոց պատմական փորձառութիւնը եւ անցեալի փորձառութեանց հիման վրայ հասկնալ ներկայի՛ խնդիրները: Տասնչորս դարերէ ի վեր Հայաստանի եւ հայոց երեք սահմանակիցները եղած են բազմապատիկ ուժեղ երկիրներ ու ժողովուրդներ: Իսկ, այսպէս կոչուած, քրիստոնեայ Վրաստանը եւ շրջանի միւս քրիստոնեաները եւս եղած են ոչ այնքան բարեկամական հարեւաններ: Հայ պատմագրութիւնը չի ցոլացներ այն իրողութիւնը, որ եօթներորդ դարէն ի վեր բոլոր «հայկական բաներու» հիմնավայրը (context) եղած է իսլամական: «Իշխողի եւ իշխուածի», «անիրաւողի եւ անիրաւուածի» տարազումները պարզաբանումներ են, եւ գործնականապէս իսկական հարցերը մնացած են մութի մէջ: Պատմական փաստերը կը գտնուին իսլամական աղբիւրներու եւ ընդհանրապէս գրականութեան մէջ: Առանց անոնց լայն եւ առարկայական ուսումնասիրութեան` կարելի չէ ունենալ արդիական եւ գործօն պատմագրութիւն:

30 սեպտեմբեր 2021
(Շար. 1)

Նախորդը

Ակնարկ. Այլանդակ «Բազմաձայնութիւնը» Եւ Այլընտրանքը

Յաջորդը

Մեծահարուստը, Որ Աղքատներուն Նուիրեց Իր Ամբողջ Հարստութիւնը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?