Անդրադարձ

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Զոմպիացման Դէմ. Գիտնալ Ընելիք Եւ Չընելիք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Փաստ է. զանազան ճառերէ եւ տպաւորիչ անուանումներով ժողովներէ առաջ եւ վերջ, կայ Հայաստանի Հանրապետութիւն անունով երկիր մը, եւ կայ սփիւռք կոչուած միգամած մը: Երկուորեակ հայութիւն, մէկի պէս: Այսպէս կը հաւատանք: Այդպէս սորվեցուցին: «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ըսել` մեղանչում է, քանի որ այդ անունով տարածքը միայն ՊԱՏՄԱԿԱՆ  է: Տարբերութիւններ աճեցուցինք եւ այդպէս ալ կը շարունակենք: Ոչ ոք կրցաւ սահմանել, ազգի ըմբռնումի տեսանկիւնէ,...

Անձնատուութիւնը Խաղաղութիւն Չէ

Անձնատուութիւնը Խաղաղութիւն Չէ

Ա. Ա. Կարելի՞ է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ, որուն իշխանութիւնները իրենց քաղաքական հաւատամքին մէջ Հայաստանը անուանած են Արեւմտեան Ազրպէյճան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տաճարները` աղուանական աղօթատեղիներ, Երեւանը` ազրպէյճանական Էրիվան, Սեւանը` ազրպէյճանական լիճ: Կարելի՞ է խաղաղութեան գործընկեր համարել Ազրպէյճանը, որ հայաթափեց Արցախը, ձերբակալեց արցախցի նախկին նախագահներն ու պաշտօնատարներ, քանդեց եւ կը շարունակէ ոչնչացնել` արցախեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ յուշարձաններն ու յուշակոթողները,...

ԼՕԽ-ի Սան Եմ

ԼՕԽ-ի Սան Եմ

ԱՐՄԷՆ ԱՊՏԱԼԵԱՆ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի սան եմ: Համալսարանական կրթութիւնս յաջողեցայ իր աւարտին հասցնել շնորհիւ ԼՕԽ-ի եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան կրթանպաստներուն: Մանաւանդ ԼՕԽ-ը շատ արագ եւ սիրով ընդառաջեց դիմումիս: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ կրթանպաստի յանձնախումբին այդ օրերու ընկերուհի Արշակուհի Տարաքճեանը օր մը ճամբան կանգնեցուց զիս, հարցուց, թէ սկսա՞յ համալսարան յաճախել: «Այո՛ սկսայ», պատասխանեցի: «Ուրեմն հանդիպէ եւ կրթաթոշակիդ համար գումար...

Զուգահեռներ Եւ Տարբերութիւններ

Զուգահեռներ Եւ Տարբերութիւններ

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ - Տեսէ՛ք` ձու եմ ճարել, այսօր ձուածեղ եմ սարքելու,- Մարինէն տուն խուժեց խանդավառ ու ինքնագոհ: Երեւակայելի գումարով ճարեր էր հաւկիթները, հատը` 700 դրամ, ափսոսալու ժամանակը չէր, մանաւանդ որ հերթի կանգնելով` հաց ալ կրցած էր ապահովել: Իններորդ ամիսն էր` շրջափակուած էին, խանութները` դատարկ, վառելանիւթ չկար, ելեկտրական հոսանքը` հազուադէպ: Նման իրավիճակներուն մարդիկ կա՛մ շատ բարեհամբոյր կ’ըլլան, կա՛մ առիթէն  օգտուելով` կը...

Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Վիգէնը Դարձաւ Զրահ` ԼԵՄ-ի Պայքարին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ 9 մայիս 1992: Այդ օրերուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նստավայրը Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբին մէջ հաստատուած էր: Նոյն ակումբին մէջ նաեւ կը գործէր «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը: Կեդրոնական կոմիտէի ժողովը յանկարծ կ՛ընդհատուի, Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները, ուրախութեամբ կ՛աւետեն մեզի Շուշիի ազատագրութեան լուրը: Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Երուանդ Մոնոֆարեան արդէն հայկական քոնեակը ապսպրած էր, եւ բոլորս միասին անհուն ուրախութեամբ եւ դաշնակցականի հպարտութեամբ...

Մասնակցինք ԼՕԽ-ի Նիւթական Կռուանի Հզօրացման

Մասնակցինք ԼՕԽ-ի Նիւթական Կռուանի Հզօրացման

ՄԱԿԻ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Կեանքէն մեզի ի՞նչ կը մնայ, ինչ որ կու տանք ուրիշին, կը վերադառնայ անուշցած, Ու զօրացած` կը մնայ իւրաքանչիւր հայու եւ հայուհիի հոգիին մէջ: Հայ ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան շնորհիւ ԼՕԽ-ականը ծառայութեան եւ նուիրումի ճամբով տուաւ եւ կու տայ հայ աշակերտին, հայ մամիկին, հայ հիւանդին, հայ երիտասարդին, հայ հօրն ու մօրը եւ ստացաւ ու կը ստանայ անոր աղօթքը,...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Նուիրատուութիւններու Պատճառով Վատիկան Դարձած Է Ազրպէյճանի Կողմը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ 27 մարտ 2024-ին իտալական  Irpmedia.irpi.eu  կայքէջի մէջ հրապարակուած ծաւալուն յօդուածին մէջ` «Ինչպէ՞ս Վատիկանը օգնեց օրինականացնել Ալիեւի միապետութիւնը Ազրպէյճանի մէջ» վերնագիրով, Սիմոնէ Զոփելարօ կը բացայայտէ Վատիկանի ազրպէյճանամէտ կողմնակալութիւնը ֆինանսական նուիրատուութիւններուն պատճառով, թէեւ Հայաստան քրիստոնեայ պետութիւն է, իսկ Ազրպէյճան` իսլամական: 22 փետրուար 2020-ին Ազրպէյճանի բռնակալ ղեկավար Իլհամ Ալիեւ եւ անոր կինը` երկրի փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւա, պետական այցով ժամանած էին Վատիկան:...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Անհատնում կորուստներու եւ դաւերու մէջ թաթխուած` անձկագին կը սպասէինք հրաշքի մը: Ելքի՛ մը, ուր ներկայ իշխանութեան` ժողովուրդը բաժնելու «սեւի ու ճերմակի»,յուսալքելու, նսեմացնելու, տկարացելու բանակը, պարարտացնելու իրենց սեփական ստացուածքները, առանց խղճահարութեան ուրանալու մեր Ցեղասպանութիւնը. ու տակաւին յոռեգոյնը` բանալու անցքեր մեր թշնամիին դիմաց, մեր պապենական հողերն ու գանձերը դիւրութեամբ յանձնելու «հարեւան»-ի արիւնարբու երախին, մենք պիտի կասեցնէի՛նք անոր յառաջխաղացքը: Վիժեցնէի՛նք խաւարի...

Սթափելու Ժամանակը

Ճշմարտութիւնը Պիտի Յաղթանակէ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը կ՛ընթանայ տրամաբանական ընթացքով: Տաւուշի մարզին մէջ ընթացող սահմանազատման աշխատանքները միւս կողմէ կը շարունակուին: Սահմանազատումը բնականաբար սահմանակից երկիրներու համար անհրաժեշտ է, ցանկալի ու ողջունելի: Ինչ որ ցանկալի ու ողջունելի չէ, որդեգրուած գործընթացին խոցելի եղանակն է: Սահմանազատումը տեղի կ՛ունենայ մասնակի եղանակով ու կը սկսի Հայաստանի լաւագոյն ձեւով պաշտպանուած վայրէն: Չկայ երաշխիք, որ ընթացքը պիտի շարունակուի այն...

Հայ Կնոջ Իրաւունքներուն Գերագոյնը, Վսեմագո՛յնն ու Յաւերժականը Հայ Ըլլալու, Հայօրէն Ապրելու, Իբրեւ Հայ Գոյատեւելու Իրաւունքն Է*

Նուիրաբերումը` Ապագայի Երաշխիք

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ «Պնակ մը կերակուր»,  «Ծոմապահութեան օր» թէ «ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օր» խորագիրով նախաձեռնութիւնները կ՛արտայայտեն պատմական դառն  ժամանակներուն մեր ժողովուրդին կրած ֆիզիքական, բարոյական եւ տնտեսական զրկանքները, ցաւը, կորուստներն  ու խոցը, զորս ամոքած է հայ կինը` հաւաքական պարտաւորութեան գիտակցութեան ամէնէն խորունկ զգացումներէն թելադրուած: Այդ նշանակալից ու խտացուած կարգախօսերը կը մարմնաւորեն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը,   որ տասնամեակներու ընթացքին,  կատարելագործելով փրկութեան գործը,  պատմութեան ամէնէն խաւար...

Նամակ Սիամանթոյին

Ոսկեպար

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Ձմրան բուքին, սարերու գրկին, տերեւաթափ եւ սառած` արգասաբեր անտառներու հողին ներքեւ, կը բողբոջին արդէն, յամառ եւ սրտոտ, Գարունը աւետող` ձնծաղիկները առատ, իրենց կորովի՛ կոճղէզները` անխորտա՛կ, ընձիւղներ կը տարածեն, շառաւիղները սփռելով վճռակա՛մ, որ ոսկէ պարով բարձրանան` Աստուածածնի՛ օրհնութեամբ, եւ ճեղքեն տիրող աղջամուղջը, որ գալիքներու տեւակա՛ն փարոս իր լուսէ խաչը դիւցազնի՛, յոռի՛ ճիրաներուն ետին չի խաւարի: Յամառօրէ'ն թող բարձրանա՜ն ձնծաղիկները...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ի՞նչ Տեղի Կ՛ունենայ Վրաստանի Մէջ. Ե՞րբ Մատը Վէրքին Վրայ Պիտի Դնենք Եւ «Օտարերկրեայ Գործակալներու Մասին Օրինագիծ»-ով Մը Ձերբազատինք Օտարին Գործակալ Այս Վարչախումբէն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 3 մայիս 2024-ի լուրերէն էր. «Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի աջակցութիւն յայտնած է Թիֆլիսի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծ»-ին դէմ բողոքի ցոյցերուն... «Կան բաներ, որոնք դուք պէտք չէ ընէք, հանգիստ ձգեցէ՛ք խորհրդարանի դարպասները... Այդ օրէնքը այնտեղ արդէն երկրորդ ընթերցումով որդեգրուած է, եւ մեր պայքարը կ՛երթայ դէպի (նոր*) ընտրութիւններ, դէպի բոլոր այն օրէնքները, որոնք վերջերս որդեգրուած են այս իշխանութիւններուն...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Դաս Մը` Չըրչիլէն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հեքիաթ չէ այս գրութիւնը: Իսկ ես հեքիաթ պատմող կամ հեքիաթագիր մը իսկ չեմ: Պարզապէս իրական կեանքէ առնուած դէպք-պատահարի մը մասին են տողերս, որ կը կարծեմ` ընթերցողը կրնան առաջնորդել դէպի խոր մտածում եւ դրական վերլուծում: Այսպէս, Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն Ուիսթըն Չըրչիլի կեանքէն դրուագ-միջադէպ մըն է յիշածս, որ մինչեւ հիմա աշխարհի մարդոց բերնին մէջ դարձած է իբրեւ գեղեցիկ եւ դիպուկ...

Վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի Կողմէ Թալէաթի Ահաբեկման 103-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Աստուածները Ուշ Կամ Կանուխ Հաւասարակշռութիւնը Պիտի Վերականգնեն

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Վրէժի թեւաւոր աստուածուհին կը պատժէր բոլոր անոնք, որոնք կը խախտէին բարոյական եւ հասարակական կարգերն ու արժէքները: Նեմեսիսն էր, որուն հարուածներէն կարելի չէր փախուստ տալ: Ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ դիրքը կրնային կասեցնել գործողութիւններուն ընթացքը: Ինչպէս Բ. դարու յոյն բանաստեղծ Մեսոմետեսը պիտի ըսէր «Նեմեսիսը կեանքը հաւասարակշռող եւ արդարութիւնը հաստատողն էր»: 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան մեր հայկական փոթորկոտ իրականութեան մէջ, երբ...

Սահմանապահ Գիւղերուն Տէրերը Հայրենիքի Պաշտպաններն Են

Սահմանապահ Գիւղերուն Տէրերը Հայրենիքի Պաշտպաններն Են

Ա. Ա. Նախկին Խորհրդային Միութեան օրերէն ժառանգուած հակամարտութիւն մըն է արցախեան տագնապը, որ ստեղծուած է, որովհետեւ Արցախը արհեստականօրէն կցուած է Ազրպէյճանին: Այս կցումը հետեւանք է խորհրդային քաղաքականութեան, որ կը միտէր Խորհրդային Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութիւնները վերածել իրարմէ կախեալ երկիրներու, որպէսզի ներքին տագնապներու եւ խնդիրներու մէջ մխրճուելով` անոնք մոռնային եւ ժամանակ չունենային Խորհրդային Միութենէն անջատուելու ծրագիրներ մշակելու: Նախկին խորհրդային ժառանգ մըն է...

Հարցազրոյց «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930-ական)» Գիրքի Հեղինակ Խաչատուր Ստեփանեանին Հետ

«Չակնկալիքների Շարժմամբ» Ձեւաւորուող Վերնախաւը Կարող Է Կերտել Նոր Յաղթանակներ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, Պատմական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր, Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ նրա դասաւանդման մեթոդիկայի ամբիոնի վարիչ Բագրատ սրբազանի կողմից «Չակնկալիքների շարժում» ձեւակերպումը կարող է պետական կառավարման սկզբունք որդեգրելու իւրատեսակ ազդակ հանդիսանալ ապագայ կառավարող վերնախաւի համար: Պարզ է, որ շարժումը պետութեանն ու ազգին կործանումից փրկելու, հասարակութեանը պառակտումից եւ հոգեբանական անկումից դուրս բերելու, արդարութիւն հաստատելու, ընկերային...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.   Մայիսեան Oրերուն… Երեւանեան Ճակատամարտ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսեան Oրերուն… Երեւանեան Ճակատամարտ

Դժուար է ընդունիլը, բայց իրողութիւնը այդպէս է: Այո՛, մայիսեան օրերը հայորդիին համար տարբեր զանգեր կը հնչեցնէին: Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտեր եւ «խենթերու հնար»-ներ: Տասնամեակներ ետք` արցախեան պատերազմ եւ Շուշիի ազատագրում... Եւ տեսէ՛ք, թէ հարիւր, ապա երեսուն տարի ետք, այսօր, որքա՜ն փոխուած է պատկերը: Ամէն  շրջուած է գլխիվայր: Մութ փապուղիին ծայրը լոյս մը կ՛երեւի այսօր: Հայորդին պատառ-պատառ փոքրացող հայրենիքը...

Վասն Աւետեաց Երկրի Տեսիլքին  (Բագրատ Արք. Գալստանեան, Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով, Երեւան, 2023)  Փոխան Գրախօսականի

Վասն Աւետեաց Երկրի Տեսիլքին (Բագրատ Արք. Գալստանեան, Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով, Երեւան, 2023) Փոխան Գրախօսականի

ԳԱՌՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. Գ. Գիրքը, ինչպէս զայն բացող «Երկու խօսք»-ին վերնագրութիւնը եւ աւարտը կ՛ըսեն, վասն մեր «Աւետեաց երկիր»-ին է, անոր, որ մեր «յոյսի հայրենիք»-ը եւ «լոյսի հայրենիք»-ը պիտի ըլլայ: Ծանօթ է, որ Յովհ. Թումանեան իր «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը գրած էր 1915-ին, որ խորհրդանշեց Մեծ Եղեռնը, եւ կամ իրաւական եզրով` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բանաստեղծութիւնը չորս տուներ ունի, եւ երրորդը կ՛աւարտի «Յոյսի՜ հայրենիք/Լոյսի՜...

Պոսթըն` Հայ Մշակոյթի Անմար Փարոսը

Պոսթըն` Հայ Մշակոյթի Անմար Փարոսը

 ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ  «Մշակոյթը` ճանապարհ յաղթանակի»: Այս  պատգամը, զոր տուած է երջանկայիշատակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Բերիոյ թեմ տուած իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, 1983-ի ապրիլին, քառասուն տարիներ ետք ակնթարթ մը արթնցաւ ուղեղիս մէջ` Պոսթընի հայկական մշակութային հաստատութիւններ  այցելութեանս առիթով: Պարտուած եւ յուսալքուած հայու հոգեվիճակս պահ մը թթուածին ստացաւ, երբ քառօրեայ արձակուրդով Քոլոմպոսի երկրի Արեւելեան ափը հասայ: Արեւելքի սովորութեամբ, մեր...

Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմունքները

Հայկական Հարցից` Հայ Դատ

ԹԱԹՈՒԼ ՕՀԱՆԵԱՆ Հայութեան թշնամիները, որպէսզի արժէզրկեն եւ ի չիք դարձնեն Հայ դատը եւ չէզոքացնեն նրա համար մղուող պահանջատիրական արդար ու ազնիւ պայքարը, յօրինել են, որ իբր թէ Հայ դատը եւ նրա համար մղուող աննահանջ պայքարը ստեղծել է ՀՅԴ-ն, որպէսզի Հայ դատի անուան ներքոյ ազգամիջեան թշնամութիւն ստեղծելով` արգելք հանդիսանայ տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատման.  դժբախտաբար մեր համայնքներում դեռ կան որոշ միամիտներ, որոնք հաւատալով...

Page 144 of 808 1 … 143 144 145 … 808

Արխիւներ