Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճշմարտութիւնը Պիտի Յաղթանակէ

May 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը կ՛ընթանայ տրամաբանական ընթացքով: Տաւուշի մարզին մէջ ընթացող սահմանազատման աշխատանքները միւս կողմէ կը շարունակուին: Սահմանազատումը բնականաբար սահմանակից երկիրներու համար անհրաժեշտ է, ցանկալի ու ողջունելի: Ինչ որ ցանկալի ու ողջունելի չէ, որդեգրուած գործընթացին խոցելի եղանակն է: Սահմանազատումը տեղի կ՛ունենայ մասնակի եղանակով ու կը սկսի Հայաստանի լաւագոյն ձեւով պաշտպանուած վայրէն: Չկայ երաշխիք, որ ընթացքը պիտի շարունակուի այն հատուածներուն մէջ, ուր Ազրպէյճան տարածքներ գրաւած է Հայաստանէն ու դիրքեր հաստատած: Ազրպէյճանի նախագահին յոխորտանքը արդարացի հարցականներ կը ստեղծէ. Իլհամ Ալիեւ կը յայտարարէ, որ սահմանազատումը կը կատարուի Ազրպէյճանի ճշդած պայմաններով: Այդ պայմանները կը բացառեն Ազրպէյճանի կողմէն որեւէ զիջում: Յաղթական Ազրպէյճանը իր պայմանները կը պարտադրէ Հայաստանին: Հայաստան կ՛ենթարկուի յանուն խաղաղութեան եւ իր կատարած զիջումներուն համար արդարացումներ կը փնտռէ: Օրինակ, երբ սահմանազատման եղանակը կը քննադատուի, իշխանութիւնները կը հակադարձեն ըսելով, որ քննադատողները ապահով սահման չեն ուզեր եւ պատերազմի հրձիգներ են:

Տաւուշէն սկսելով, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի շարժումը տարածուեցաւ ամբողջ Հայաստանի մէջ, ու յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Շարժումը թէեւ իշխանափոխութիւն կ՛ուզէ, սակայն իսկական որոնածը իշխանութեան տեսակին, որակին փոփոխութիւնն է: Ներկայ իշխանութիւնները յաջողեցան պառակտել ժողովուրդը: Քաղաքական կարեւորագոյն հարցերու քննարկումը կը շեղի ու կը վերածուի անուանարկումներու արշաւի: Քաղաքական դաշտը ականուած է իշխանութիւններու անզիջողութեան պատճառով: Բանաւոր ու լուրջ քննարկումներու սակաւութիւնը կը մղէ ժողովուրդի մտածող ու գիտակից տարրերուն անտարբերութեան:

Անտարբերութեան շղթան անհրաժեշտ էր կոտրել: Քաղաքացին վերստին բերել իր հայրենիքի ներկային ու ապագային առնչուած հարցերու գիտակցութեան, անոնց լուծման համար մասնակցութեան:

Գիտակցութեան զարթնումի աշխատանքն է, որ կը կատարէ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը, Բագրատ սրբազանի համբերատար առաջնորդութեամբ: Անցեալ շաբաթէն սկսեալ, սրբազանը հանդիպումներ կ՛ունենայ հասարակութիւնը բաղկացնող բոլոր շրջանակներուն հետ: Կուսակցութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, մտաւորականութիւն, արուեստագէտներ, տնտեսագէտներ եւ տնտեսվարողներ, քաղաքագէտներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ. մէկ խօսքով` հասարակութեան գրեթէ բոլոր խաւերը ներկայացնող անձնաւորութիւններ: Կը լսէ ու կը բացատրէ: Քաղաքացիները կրնան տարբեր գաղափարաբանութիւններ դաւանիլ, տարբեր եւ նոյնիսկ հակասական դիրքորոշումներ ունենալ: Բազմակարծութիւնը ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն ստորոգելիներէն մէկն է: Սակայն հաւաքականութիւն մը, որ իր հայրենիքին ապագային պատկերացում չունի, որ զուրկ է հաւաքական ձգտումէ, կը դադրի ազգ ըլլալէ: Կը թուէր, որ հայ մարդը ազգային ձգտում չունի ու պատրաստ է ընդունելու ամէն զիջում, պարտութիւն եւ անպատուութիւն: Վերջին օրերու դէպքերը ցոյց կու տան, որ առհաւական ձգտումները չէին կորած, անթեղուած էին միայն: Անթեղուած կրակը համբերութեամբ կը բոցավառի կրկին:

Կրակը պէտք է արծարծ պահել: Միասնական ժողովուրդ վերստեղծելու առաջադրանքը այնքան էական է, որ ժամանակի սահմանափակում ու անհարկի պայմաններ պէտք չէ ըլլան: Իշխանափոխութիւն պիտի ըլլայ ոչ թէ մարդ մը այլ մարդով փոխարինելու համար, այլ Հայաստանի ու հայ ազգի շահերուն վրայ հիմնուած, սուտն ու սադրանքը մերժող, ճշմարտութիւնը դաւանող իշխանութեան մը համար:

Լաւատես պէտք է ըլլալ. իր ճշմարտացիութեան հաւատացողը կը գործէ ճշմարտութեան յաղթանակին համար: Յաղթանակը անպայման պիտի գայ:

 

 

Նախորդը

Նուիրաբերումը` Ապագայի Երաշխիք

Յաջորդը

«Սերի Ա.» Եուվենթուս Առանց Ալլեկրիի Հաւասարեցաւ Պոլոնիայի Հետ

RelatedPosts

Ամէն Տարի Այս Օրերուն
Անդրադարձ

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.