Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի

May 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Անհատնում կորուստներու եւ դաւերու մէջ թաթխուած` անձկագին կը սպասէինք հրաշքի մը: Ելքի՛ մը, ուր ներկայ իշխանութեան` ժողովուրդը բաժնելու «սեւի ու ճերմակի»,յուսալքելու, նսեմացնելու, տկարացելու բանակը, պարարտացնելու իրենց սեփական ստացուածքները, առանց խղճահարութեան ուրանալու մեր Ցեղասպանութիւնը. ու տակաւին յոռեգոյնը` բանալու անցքեր մեր թշնամիին դիմաց, մեր պապենական հողերն ու գանձերը դիւրութեամբ յանձնելու «հարեւան»-ի արիւնարբու երախին, մենք պիտի կասեցնէի՛նք անոր յառաջխաղացքը: Վիժեցնէի՛նք խաւարի մէջ խլրտացող իրենց ծրագիրները:

Եւ հասաւ աստուածառաք հոգեւորական մը` յանձին Բագրատ արք. Գալստանեանի, Տաւուշի հոգեւոր առաջնորդ, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի»-լոզունգը ընտրած իբրեւ մեկնակէտ:  Տպաւորիչ,  երեք համալսարանական տիտղոսներու տիրացած,  հովուական, տեսչական, դաստիարակչական յանձնառութիւններով յագեցած կեանք մը: Առաւելութիւն է, որ իբրեւ Քանատայի թեմի տասնամեայ հոգեւոր առաջնորդ` սփիւռքը ճանչցած է մասամբ: Բագրատ արք. Գալստանեան` առաջնորդի փոխանցելու ու ոգեւորելու կարողութիւններով օժտուած` Աստուծոյ օծեալը:

Ան իջաւ լեռներէն` մատուցելու Ամենակարողին պատգամը: Ճշմարիտ առաքեալի անհատնում նուիրումով, գիտութեամբ ու ջերմագոյն մարդասիրութեամբ` իւրաքանչիւր մտատանջ ու տառապող հայու նկատմամբ, ժողովուրդը կը նկատէ իբրեւ մէկ ամբողջական միաւոր: Չի վարանիր անվախօրէն յանդիմանելու յանցագործները:  Կը դարմանէ, կը վերականգնէ մեր ժողովուրդին հաւատքն ու յոյսը, արժանապատուութիւնն ու պայքարելու զօրութիւնը, ցոյց կու տայ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ուղին:

Տասնութ օր առաջ իր սկսած երթին ու յստակ ծրագրումին շնորհիւ` ահաւասիկ ամբողջ ժողովուրդ մը հրապարակ իջած է յոյսի ջահեր հոգիին մէջ` «Հայ, Հայաստան, հայրենիք,  Աստուած» բարձրաձայնելով: «Եւ այսպէս շարունակ», ինչպէս սրբազանը կ՛եզրակացնէ յաճախ, «միասնական ուժով» պիտի ջնջենք Չարիքը, սուտն ու բազմախաւ մեղքերը` մեր երկրէն: Պիտի վերստեղծուի մեր նախահայրերուն հաւատացեա՛լ հայրենիքը:

Վերջապէ՜ս, ակներեւ է արդէն, որ վերազարթնում կ՛ապրի հայ ժողովուրդը: Հոգեւոր սնունդ եւ ապաստանարան պիտի ըլլայ մեր սուրբ ու վիրաւոր հայրենիքը: Ու թերեւս այն ատեն հանգստանան հոգիները մեր ապարդիւն զոհուած հազարաւոր նահատակներուն:

Մենք` սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, պէտք չէ սպասենք «Տեսնենք` ի՛նչ պիտի ըլլայ»-ի ձեռնածալութեամբ: Լինել-չլինելու վիճակին մատնուած ենք, ա՛լ ինչի՞ կը սպասենք:

Աղօթենք, որ կատարուի այն, ինչ որ անհրաժեշտ է, թող մութ ուժեր չկարենան խանգարել արեգնառաք ճառագայթները, թող անճրկի՛ն  թաթերը յափշտակողներու:

Պայքարինք Բարին ու յաւերժականը հաստատելու:
Առանց ծրագրուած պայքարի` չկայ յաղթանակ:
Առանց յաղթանակի` չկայ արդարութիւն:
Առանց արդարութեան` չկայ ազատագրում:

Մայիս 19, 2024

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Նուիրատուութիւններու Պատճառով Վատիկան Դարձած Է Ազրպէյճանի Կողմը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.