Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Սան Եմ

May 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԱՊՏԱԼԵԱՆ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի սան եմ: Համալսարանական կրթութիւնս յաջողեցայ իր աւարտին հասցնել շնորհիւ ԼՕԽ-ի եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան կրթանպաստներուն: Մանաւանդ ԼՕԽ-ը շատ արագ եւ սիրով ընդառաջեց դիմումիս: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ կրթանպաստի յանձնախումբին այդ օրերու ընկերուհի Արշակուհի Տարաքճեանը օր մը ճամբան կանգնեցուց զիս, հարցուց, թէ սկսա՞յ համալսարան յաճախել: «Այո՛ սկսայ», պատասխանեցի: «Ուրեմն հանդիպէ եւ կրթաթոշակիդ համար գումար մը պիտի պատրաստենք, գանձէ», ըսաւ եւ ճամբան շարունակեց: Այսինքն ԼՕԽ-ի ընկերուհին ինծի դիմեց, որպէսզի իրենց դիմեմ:

Ասիկա է ԼՕԽ-ին գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան գաղտնիքը: Կը դիմէ ժողովուրդին, հայորդիներուն, բոլորին, որպէսզի հրամեն եւ օգուտները քաղեն ԼՕԽ-ի մատուցած ծառայութիւններէն: Տեղ մը բժշկական խնամք, ուրիշ անգամ ընկերային ծառայութիւն, այլ ժամանակ մը` կրթանպաստ: Տակաւին շա՜տ ու շա՛տ են այն մարզերը, որոնց ընդմէջէն ԼՕԽ-ը անսակարկօրէն կը հասնի ժողովուրդին` ականջ չտալով անտեղի շատախօսութիւններու եւ ըսի-ըսաւներու վրայ հիմնուած անհիմն զրպարտանքներու, թէ` ԼՕԽ-ն ու -ականները զանազանութիւն կը դնեն մէկուն եւ միւսին միջեւ: Գոնէ ԼՕԽ-ի պարագային բոլորս ալ կը հաստատենք, որ նման բան գոյութիւն չունի: Վկայ` այսօր օրն ի բուն գործող ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, ուր ո՛վ որ դիմէ, բժշկական խնամք կը ստանայ` շատ յաճախ ձրիօրէն:

Այս գրութեան նպատակը ԼՕԽ-ը գովաբանել եւ անոր աշխատանքի մարզերը ծանուցել չէ: ԼՕԽ-ը ծանուցման կարիք չունի, որովհետեւ իր կամաւորներուն եւ անդամներուն աշխատանքը բաւարար է, որպէսզի ժողովուրդը, բոլորը հասկնան ու ըմբռնեն, որ այս կազմակերպութիւնը ժողովուրդին ծոցէն ծնած է եւ միայն ու միայն ժողովուրդին պիտի ծառայէ: Ասիկա է կնոջական այս փառաւոր կազմակերպութեան գոյատեւման գաղտնիքը:

Տուէ՛ք, ԼՕԽ-ին, եւ ան ձեր տուածը ձեզի կը վերադարձնէ կրկնապատկուած` սիրով, համբերութեամբ ու գուրգուրանքով:

 

 

Նախորդը

Ազգային Բարերար Անի Պէզիքեանի Յիշատակին Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Համերգ

Յաջորդը

«Եուրօ 2024». ՖԻՖԱ-ի Դասաւորումները` Եուրոյէն Առաջ

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.