Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէնը Դարձաւ Զրահ` ԼԵՄ-ի Պայքարին

Մայիս 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

9 մայիս 1992: Այդ օրերուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նստավայրը Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբին մէջ հաստատուած էր: Նոյն ակումբին մէջ նաեւ կը գործէր «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը:

Կեդրոնական կոմիտէի ժողովը յանկարծ կ՛ընդհատուի, Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները, ուրախութեամբ կ՛աւետեն մեզի Շուշիի ազատագրութեան լուրը: Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Երուանդ Մոնոֆարեան արդէն հայկական քոնեակը ապսպրած էր, եւ բոլորս միասին անհուն ուրախութեամբ եւ դաշնակցականի հպարտութեամբ կը բարձրացնենք մեր բաժակները:

Լուրը կայծակնային արագութեամբ կը տարածուի եւ «Հարսանիք լեռներում»-ը կը վերածուի այս անգամ հարսանիքի` դաշնակցական բոլոր ակումբներուն մէջ:

Քանի մը ժամ ետք գուժը կը հասնի` Վիգէնը նահատակուեցաւ: Շատեր, նոյնիսկ մօտիկներ, զարմացած հարց կու տան` Վիգէ՞նը: Այո՛, բոլորը չէին ակնկալեր եւ սպասեր, որ ընտանիքի յենասիւնը, մէկ հատիկ զաւակը եւ եղբայրը հոն է, մարտի դաշտին վրայ ու կը գործադրէ դաշնակցականի իր երդումը:

Չէին ակնկալեր, որ ժպտադէմ, ընկերային միջավայրերու անփոխարինելի, ծառայասէր, բարի, ազնիւ դաշնակցական երիտասարդին մէջ կրակի մկրտութիւնը այդքան թաքնուած եւ ուժեղ էր, ու կեանքի գնով ազգին ծառայելու ուխտը` անսահմանօրէն խոր, որ հակառակ իրեն կատարուած յորդորներուն եւ տրուած խրատներուն` պիտի մնար անդրդուելի ու մեկնէր  մարտի դաշտ:

Ես ճանչցած էի Վիգէնը մեր ընտանեկան յարկին տակ: Յաճախ զրուցած էի անոր հետ ու նկատած, որ նկարագրին մէջ չյայտնաբերուած բաժին մը կայ, աչքերուն մէջ անբացատրելի հայեացք մը ու ընդհանրապէս իր անհատականութեան մէջ` դրական տարօրինակութիւն մը: Նահատակութեան օրը ես ստացայ հարցադրումներուս ամբողջական պատասխանը: Նոյն հարցադրումները եւ մտածումները ունեցած էի Լիզպոնի անձնուրացներէն Սիմոնի մասին, երբ ան  նշանակուեցաւ Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութեան մեր վարիչը: Բայց այն ատեն, իբրեւ պատանի, լիովին չէի ըմբռնած խորքը, սակայն իր յեղափոխականի տիպարը կ՛ուրուագծուէր դաշնակցական գրականութեան ընթերցումիս, ինչպէս նաեւ գիշերային արշաւներու եւ բանակումներու ընթացքին:

ԼԵՄ-ականի բիւրեղ ու յեղափոխական նկարագիրը Վիգէնի ու Մհերի ճամբով նաեւ դարձաւ ցայտուն ու պատգամող` մեր ժողովուրդին համար: Սակայն արժէ ըլլալ անկեղծ ու այս առիթով վարձքը կատար ըսել ԼԵՄ-ական տղոց այն ստուար փաղանգին, որոնք այդ թէժ եւ օրհասական օրերուն բոլորն ալ անխտի՛ր առաջնորդուեցան այս ուղիով: Անոնք չսակարկեցին իրենց կեանքը, ճակատնին բարձր կանգնեցան թշնամիին դիմաց, եւ խանդավառութեամբ  ու դաշնակցականի կարգապահութեամբ կատարեցին իրենց վիճակուած սուրբ գործը: Վերադարձան, չյոխորտացին ու շարունակեցին իրենց միութենական ու կուսակցական գործը: Դրամագլուխի չվերածեցին իրենց հերոսական արարքը, ոչ ալ փառք ու պատիւ ակնկալեցին: Անոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն մնալ լուռ:

Ահաւասիկ` ԼԵՄ-ականի դաստիարակութիւնը: Յիսուն տարուան կենսափորձ ունեցող այս երիտասարդական միութիւնը եզակի երեւոյթ մըն է ընդհանրապէս հայ կեանքին մէջ: ԼԵՄ-ը մեր ժամանակակից հաւաքական կեանքին հարստութիւնն է, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ու մեր արդար Դատին համար ստեղծեց կամաւորական բանակ, ու կը շարունակէ իր երթը այս համոզումով ու հաւատամքով:

Կարելի է անվարան հաստատել, որ Վիգէնը ԼԵՄ-ականի տիպար ու անբասիր օրինակ էր: Մարտական իր յախուռն կեցուածքին ու կերտուածքին կողքին, կարգապահ միութենական էր, ԼԵՄ-ի ընկերային ու քարոզչական աշխատանքներուն մէջ ջանասիրութեամբ լծուած էր աշխատանքի եւ իր խանդավառութեամբ գործին յատուկ համ ու եռանդ կու տար ու կը համակէր բոլորը իր ապրած խանդավառութեամբ: Նոյն յանձնառու մօտեցումով ՀՄԸՄ-ական մարզիկ էր, ինչպէս նաեւ մշակութային մեր հարուստ ժառանգութեան հանդէպ ունէր մեծ սէր ու հաւատք եւ Համազգայինի ու յատկապէս պարախումբի ճամբով իր այդ սէրը կը դրսեւորէր:

Եկէք` ընդունինք, որ այս արժանիքներու հանրագումարը ԼԵՄ-ականի մը` դաշնակցական երիտասարդի մը, օրինակելի կազմաւորումն է, եւ եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք նաեւ մեր գրականութեան ու յատկապէս յեղափոխական գրականութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը, այն ատեն պատկերը կ՛ամբողջանայ, ու Վիգէնը կը դառնայ դաստիարակութեան ու ներշնչման աղբիւր իւրաքանչիւր երիտասարդի համար:

Այո՛, փոխուած են ժամանակները, օրէ օր կը դժուարանայ մեր ազգային արժէքային համակարգի ընկալումը երիտասարդութեան կողմէ: Ժամանակաւոր ու խաբուսիկ աշխատանքներ երբեմն ակամայ ու անգիտակցաբար կը կլանեն երիտասարդին առօրեան: Միջավայրի մոլորեցնող երեւոյթները յաճախ կ՛արգելակեն գաղափարական- յեղափոխական երիտասարդին կազմաւորման ու ինքնայայտնաբերման գործընթացը, սակայն ԼԵՄ-ը մի՛շտ ալ կը յաջողի իր մէջ գտնելու այն անբացատրելի ուժը` շրջանցելու ներկայ ժամանակներու բոլոր արգելքները եւ ինքնավստահ ու հաստատակամ բախուելու իրականութեան հետ եւ վերակերտելու ինքզինք` մէկդի դնելով ու արհամարհելով անձնակեդրոն եւ մակերեսային ամէն տեսակի ապառողջ երեւոյթ, որ կրնայ խոչընդոտել իր սրբազան երթն ու առաքելութիւնը:

Ահաւասիկ երեսուն երկու տարի ետք հաւաքուած ենք` դարձեալ Վիգէնի նահատակութեան խորհուրդին ու պատգամին ճամբով հաղորդուելու մեր անցեալով, մեր ինքնագիտակցութիւնը արմատացնելու ու վերանորոգուելու վճռակամութեամբ փարելու գործին: Հաւաքուած ենք քիչ մը աւելիով դաշնակցականանալու, որովհետեւ իբրեւ ժառանգորդները Վիգէնի մեծ կտակին` պարզապէս հպարտանքի զգացումը չէ, որ պիտի առաջնորդէ մեզ, այլ` անոր գործը շարունակելու եւ անոր ունեցած հաւատքը մեր մէջ արմատացնելու ամէնօրեայ հրամայականը:

Դժուար է այսօր նշել Վիգէնի նահատակութեան տարելիցը եւ իբրեւ դաշնակցական երիտասարդ` չապրիլ հիասթափութիւն ու արդարօրէն հարց տալ թերեւս, թէ վասն ինչի՞ զոհուեցան Վիգէնն ու ընկերները: Յաղթանակած Շուշին այսօր կը գտնուի թշնամիին տիրապետութեան տակ եւ հայ ժողովուրդի  մշակոյթի եւ գրականութեան օրրան ու հերոսներու անառիկ ամրոց քաղաքը ամէն օր քիչ մը աւելիով կը քանդուի, անոր հայկական պատկանելիութիւնը ապացուցող բոլոր կոթողները եւ քարերը կը բնաջնջուին ու, աւելի՛ն, թշնամին հոգեպէս ընճելու համար մեզ ամէն տեսակի միջոցներով կը փորձէ ոտնակոխ ընել մեր ազգային արժանապատուութիւնը, միլիոնաւոր տոլարներ կը ներդրուին, որպէսզի Շուշին դառնայ Ազրպէյճանի հրաշալիքներէն մէկը, եւ այս իմաստով իրենց վարքագիծին երաշխաւորման համար Ալիեւ Շուշի կը հրաւիրէ օտար բարձրաստիճան դիւանագէտներ եւ պետական այլ հիւրեր:

Ներկայ աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներուն եւ արհեսատագիտական ժամանակակից նոր ուժերու եւ արդիական միջոցներու յայտնաբերման մէջ թերեւս այլոց համար հեքիաթ ու պատրանք թուի «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ հաւաքուած խումբ մը երիտասարդներու այս հաւաքը` ըսելով «Աշխարհը ո՜ւր է, դուք ո՛ւր էք»: Բայց այդ մարդիկ չեն հասկցած ու պիտի չհասկնան, թէ ի՛նչ ալ ըլլան պայմաններն ու արգելքները, գաղափարական ենթահողի ամուր պահպանումը անհրաժեշտ է, որպէսզի ապրին երազն ու իտէալը: Այդ մարդիկ չեն հասկցած ու պիտի չհասկնան, որ Շուշիի գրաւումը ժամանակաւոր կացութիւն է ձեզի համար, ու դուք` իբրեւ դաշնակցական առիւծասիրտ երիտասարդներ, առաջին հերթին պատրաստ էք վառ պահելու ժողովուրդին մէջ կրակը, պայքարունակ ու անընկճելի ոգին, որպէսզի պատրաստ ըլլաք ու պատրաստէք մեր ժողովուրդը վաղուան պայքարին, որ պիտի գայ ուշ կամ կանուխ:

Ա՛յս է ԼԵՄ-ականի ձեր հաւատամքը, ա՛յս է վիգէններու այսօրուան ու վաղուան պատգամը: Այլապէս, չեմ վարանիր ըսելու, որ իմաստազուրկ ու ինքնանպատակ կը դառնան ժողով, ցոյց, ձեռնարկ: Այլապէս, իմաստազուրկ կը դառնայ ընդհանրապէս ԼԵՄ-ի գոյութիւնը:

Յարատեւ կռուի ջահը բարձր պահելու համար, սակայն, դաշնակցական երիտասարդը այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, պարտաւոր է զինուելու ժամանակի համահունչ բոլոր կարելիութիւններով: Գաղափարական մեր հաւատամքի կողքին, անհրաժեշտ է, որ նոյն յանձնառութեամբ մօտենաք գիտական ու ռազմարհեստագիտական աշխարհին եւ անմասն ու անտեղեակ չմնաք հոն կատարուող փոփոխութիւններուն:

ԼԵՄ-ը անհրաժեշտութեան մը ծնունդն էր եւ յիսուն տարիներ այդ անհրաժեշտութենէն բխած բոլոր աւաջադրանքներուն տէրը կանգնեցաւ պատուով ու քաջութեամբ:

Այսօր, նոր անհրաժեշտութենէ մեկնած, հարկ է, որ ԼԵՄ-ը իր ինքնադաստիարակութեան գործընթացին մէջ ներառէ այլ բնագաւառներ, որպէսզի, ինչպէս ըսի պատրաստուի նոր պայքարի: Պատերազմի թատերաբեմը այսօ՛ր միայն հողին վրայ տեղի չ՛ունենար: Քարոզչական, արհեստագիտական պատերազմը երբեմն շատ աւելի վճռորոշ դերակատարութիւն  ունի, եւ այդ իմաստով պէտք է համախմբենք նաեւ մեր ներուժը: ԼԵՄ-ը այսօր պէտք է ստեղծէ հայ երիտասարդութիւնը համախմբող միջավայր: Մեծ է թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք օրէ օր, շատ յաճախ` ոչ իրենց մեղքով, կը հեռանան մեր իրականութենէն, հայկականութենէն, հայրենիքէն եւ մեր իտէալներէն: Այդ երիտասարդութիւնը սակայն օժտուած է կարողականութեամբ ու նաեւ գիտութեամբ: ԼԵՄ-ի ձայնը պէտք է լսելի դառնայ բոլորին, ու այդ անհատական կարողականութեանց  համադրումն ու հաւաքագրումը պէտք է դարձնէ գործունէութեան հիմնական առանցքը:

Իւրաքանչիւր զտարիւն հայ երիտասարդ, տագնապող երիտասարդ ու հայկականութեամբ հպարտացող երիտասարդ հարկ է միանայ ԼԵՄ-ի շարքերուն ու նաեւ հոն գտնէ իրեն համար գործադաշտ: Ի պահանջել հարկին, հարկ է առիթ տալ նաեւ բոլորին այդ միջավայրի ստեղծման մէջ բերելու իրենց ներդրումը:

Վիգէնի նահատակութեան տարելիցը կը նշենք մեր պատմութեան վճռորոշ մէկ ժամանակահատուածին: Հայրենիքի մէջ ծաւալած ժողովրդային շարժումը, ազգովին վերականգնելու եւ մեր իտէալներու վերապրումի նոր առիթ է անտարակոյս:

Անցնող օրերուն ԼԵՄ-ը տարբեր նախաձեռնութիւններով եկաւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու այդ պայքարին ու մերժելու Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց ազգավնաս ու հայրենակործան ընթացքը: Եկաւ պատգամելու բոլորին, թէ ինք անկեղծ զինուորն է մեր սահմանամերձ գիւղերու պաշտպանութեան ու կը մերժէ միակողմանի զիջումներու ամէն գործընթաց: Վստահաբար մինչեւ շարժումի վերջնական յաղթանակը ԼԵՄ-ը նոյն կորովով եւ յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը:

Դուք կոչուած էք ապրեցնելու Վիգէնին երազը` ապրեցնելով Վիգէնը մեր հոգիներուն ու սրտերուն մէջ եւ հաստատ ու նպատակասլաց քայլերով պատրաստուելու Շուշիի բարձունքներուն տեղի ունենալիք նոր հարսանիքին:

ԼԵՄ-ը կը հաւատայ, որ ա՛յս է իր ճշմարիտ ու միակ ուղին:

ԼԵՄ-ը կը հաւատայ, որ պիտի ծագի հայութեան նոր արշալոյսը եւ անոր ոտնաձայնը ինք նաեւ տալու պատրաստ է: Թող հաւատան մեր հերոսածին մայրերը այս բացարձակ ճշմարտութեան:

Վիգէնը դարձաւ զրահ ԼԵՄ-ի պայքարին:

ԼԵՄ-ը անպայման պիտի դառնայ զրահ հայութեան նորօրեայ  պայքար երթին:

Յարգա՛նք լեմական հերոս Վիգէն Զաքարեանին:

Յարգա՛նք ԼԵՄ-ի բոլոր նահատակներուն:

Յարգա՛նք ԼԵՄ-ի ճամբով իրենց կրակի մկրտութիւնը ստացած եւ հայութեան ու Հայաստանի համար իրենց թանկագինը նուիրաբերած  ազատամարտիկներուն:

* Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 32-Ամեակին Առիթով Արտասանուած Խօսք

 

Նախորդը

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Եի Մասնակցութեամբ 277 Պարողներու. «Քնար» Պարախումբի Ու «Գայեանէ» Պարի Եւ Պալէի Դպրոցներու Իւրայատուկ Եւ Ոգեւորիչ Ելոյթները

Յաջորդը

Բուրգի Առեղծուած

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգները Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?