Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուիրաբերումը` Ապագայի Երաշխիք

Մայիս 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

«Պնակ մը կերակուր»,  «Ծոմապահութեան օր» թէ «ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օր» խորագիրով նախաձեռնութիւնները կ՛արտայայտեն պատմական դառն  ժամանակներուն մեր ժողովուրդին կրած ֆիզիքական, բարոյական եւ տնտեսական զրկանքները, ցաւը, կորուստներն  ու խոցը, զորս ամոքած է հայ կինը` հաւաքական պարտաւորութեան գիտակցութեան ամէնէն խորունկ զգացումներէն թելադրուած: Այդ նշանակալից ու խտացուած կարգախօսերը կը մարմնաւորեն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը,   որ տասնամեակներու ընթացքին,  կատարելագործելով փրկութեան գործը,  պատմութեան ամէնէն խաւար ժամանակահատուածներէն իսկ դուրս եկաւ փայլուն գործունէութեամբ:

Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն հանգանակութեան իւրայատուկ այս օրերը, ի՞նչ է ոգեղէն իմաստը տալուն:  Տեսնել ու թափանձել հեռուն, գերագոյն նպատակը  ժողովուրդի մը զաւակներուն  գոյատեւելու, կենսագործելու եւ արարելու հրամայականին, որ պիտի յանգի մեր ազգային իտէալներուն տէր կանգնելու սրբազան ու վախճանական նպատակներուն: Ահա թէ ինչի՛ պիտի ծառայէ մեր բեկանուած, խեղճացած, թշուառ ժողովուրդին տէր կանգնելու, զայն ամուր պահելու նպատակը:

Տալը ինքնանպատակ չէ, այլ իմաստաւորուած  ապագայատեսիլ նպատակով մը, որուն կը ձգտինք հասնիլ: Ժողովո՛ւրդն է, որ  կ՛իմաստաւորէ մեր կառոյցները, եկեղեցին, դպրոցը, մշակոյթը, լեզուն, հայրենիքը:  Եւ հետեւաբար պէտք է գուրգուրալ, տէր կանգնիլ ու հոգատարութիւն ցուցաբերել այդ զանգուածին, որպէսզի մեր ազգի զաւակները ըլլան լաւագոյն մարդիկը: Ազգը կը հզօրանայ ու անկոտրում կը դառնայ իր հաւաքականութեամբ, իր պատմական յիշողութեամբ, ինքնութեամբ եւ իր ազգային արժէքները պահպանելով: Ունենալու համար այդ բոլորը, նոյն այդ հաւաքականութիւնը նախ վեր  պիտի ելլէ խեղճութենէ ու դառնայ ամուր, տէր պիտի ունենայ, որ համակարգէ, ծրագրաւորէ եւ հոգածութեամբ երաշխաւորէ կրթական, առողջապահական, տնտեսական կարիքները: Այսօր  մեր ժողովուրդը  նոյնքան խեղճացած է`  սփիւռքէն  հայրենիք, եւ պատճառը անպայման պատերազմներն ու կոտորածները  կամ տնտեսական տագնապները չեն: Մեր համակարգէն կը բացակային անշահախնդիր գործունէութիւնն ու արդար գործելաոճը,  արդարութիւնը ընդհանրապէս, եւ այս` բարձրագոյն  եւ պետական մակարդակներու  վրայ, որ կը յանգի ժողովուրդը ստրկացնելու: Այդպէս էր հազարամեակներով, այդպէս էր երեսնամեակ մը առաջ, այդպէս է նաեւ այսօր:

Գոյութենական պայքարն է, որ կը սպառնայ մեր ցեղին` ապրելու, արարելու եւ մեծնալու: Գիւմրիի  երկրաշարժէն մինչեւ Արցախեան պատերազմ  ու պարպում,  մինչեւ  սուրիահայութեան պարպում ու լիբանանեան տնտեսական տագնապ… Այս բոլորը ծայրայեղօրէն վտանգաւոր ու դժուար կացութիւններու մէջ դրին մեր ժողովուրդը այս շրջաններուն մէջ եւ կը սպառնան մեր ցեղին գոյութեան: Ահա այս նպատակներուն է, որ կը ծառայէ ԼՕԽ-ը թէ  ՀՕՄ-ը` իր լուման բերելով  հսկայական ճիգերով ու զոհողութիւններով:

Այսօր «Հանգանակութեան օր»-ը  եթէ մեր ժողովուրդին համար տալու օր է,  առիթ մըն է նաեւ  ոգեկոչելու ԼՕԽ-ի կամաւորներու հսկայ բանակը, շնորհաւորելու եւ գնահատելու կամաւորներու փաղանգը` անոնց տրամադրած ժամանակին ու նուիրումի ոգիին համար, որ կը դրսեւորուի աշխատանքով` մեղմացնելու մարդկային տառապանքն ու վերահաստատելու յարգանքն ու արժանապատուութիւնը մարդ արարածին մէջ: Ահա ա՛յս է, որ պիտի գնահատենք եւ արժեւորենք  տալով, պիտի արտայայտենք մեր անվերապահ վստահութիւնն ու աջակցութիւնը ԼՕԽ-ի կամաւորներու փաղանգին, անոնց անսահման զոհաբերութեան, աննահանջ ոգիին ու անկոտրում հաւատքին համար, հանդէպ`  հայ ժողովուրդի լինելութեան ու ապագային:

Եւ հանգիտաբար ի՞նչ պէտք է գիտնալ ԼՕԽ-ին մասին`

Թէ ան պատմութեան տխուր օր մը ծնաւ մեր ժողովուրդի տառապանքէն եւ դարձաւ մեծագոյն ու ամբողջ երկրին տարածքին հաստատուած կազմակերպութիւնը, որ համախմբեց ամէնուրեք իր ժողովուրդի զաւակներն ու հոգաց անոնց ֆիզիքական, կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ դաստիարակչական կարիքները: Աշխատեցաւ ամէնէն տխուր ու վտանգաւոր ժամանակներուն ու պայմաններուն մէջ:  Չդարձաւ լոկ անուն կամ նշանաբան  մը,  այլ իր կարգախօսը` «Ժողովուրդէն ժողովուրդին համար» դարձուց իր ուղեցոյցն ու առաքելութիւնը: Խտրութիւն չդրաւ երբե՛ք իրեն դիմողներուն միջեւ, չհարցուց անոնց պատկանելիութիւնն ու յարանուանութիւնը, լայն բացաւ իր դռներն ու սիրտը եւ գրկեց բոլորը:

Տասնամեակներու հոլովոյթին հետ կատարելագործեց բարեսիրական գործը` մասնագիտականացնելով ծառայութիւններն  ու բարեգործութիւնը: Այսօր ԼՕԽ-ը հպարտ կը կանգնի ի շարս բազմաթիւ այլ օտար կազմակերպութիւններու, իր Ծրագիր-կանոնագրի ժողովրդավար ու ընդգրկուն բովանդակութեամբ, կամաւորներու հսկայ բանակով,  ծառայութեան եւ  բարեսիրութեան հարուստ անցեալով, կը կանգնի առաջիններու շարքին ոչինչ զիջելով իր գործունէութեան որակէն, անդամներուն  եւ ծրագիրներուն հարուստ վաստակէն:

Իսկ մեր ժողովուրդը, օ՜հ մեր ժողովուրդը, երբեք, երբեք չվարանեցաւ, չզլացաւ  տալու, վստահեցաւ ԼՕԽ-ին եւ աներկբայ բացաւ իր ափը: Տուաւ լիաբուռն ու զոհաբերութեամբ` արտայայտելով իր սէրն ու երախտագիտութիւնը, իր հաստատ վստահութիւնը: Որովհետեւ ԼՕԽ-ականը ուրիշ ոչ ոք էր, քան իր մայրը, քոյրը, կինը, դուստրը, որոնք անտրտունջ ու խոնարհ, անխոնջ ու յարատեւ, միշտ սիրով փարած են ծառայութեան գործին` ի հեճուկս պարպուած գանձանակներուն, հաւատալով միշտ,  որ «տեղը Աստուած մարգարիտ պիտի սերմանէ» եւ աշխատած է ուռճացնել զայն` կրկին ու կրկին անգամ բաշխելու համար:

Տուաւ մեր ժողովուրդը իր չունեցածէն, տուաւ քրիստոնէական հաւատքով,  Աստուծոյ հնազանդութեան եւ երախտագիտութեան խոր գիտակցութենէն բխած,   ուր տալն ու նուիրելը ընկալուած է որպէս պաշտամունք եւ  երախտագիտութեան արտայայտութիւն: Հին կտակարանը կը թելադրէ բերքին առաջին հունձքը,  հօտին նորածին առաջին գառնուկը,   ամենաընտիր կնդրուկը, պտուղներուն լաւագոյնը, իւղին արդարը, ալիւրին մաքուրը նուիրաբերել Աստուծոյ, ոչ որովհետեւ Աստուած պէտք ունի, բայց որովհետեւ մենք կ՛ուզենք մեր երախտագիտութիւնը եւ մեր սէրը յայտնել: Տալը, նուիրելը  հնազանդութեան արտայայտութիւն մըն է, նաեւ` վստահութեան եւ ուրախութեան:

ԼՕԽ-ը  պարզապէս ՅՈՅՍ ներշնչեց ամէնուրեք եւ առաջնորդուեցաւ մարդկային գերագոյն արժէքներով ու Աստուծոյ հնազանդութեան խորունկ հաւատքով`

«ԱՄԷՆ ԱՍԵՄ ՁԵԶ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՐԱՐԷՔ ՄԻՈՒՄ ՅԵՂԲԱՐՑՍ ԱՅՍՈՑԻԿ ՓՈՔՐԿԱՆՑ ` ԻՆՁ ԱՐԱՐԷՔ» (Մատթ. Ի ե. 34):

Ու տուաւ հայուհին` հոգիին մէջ միշտ մրմնջելով. «Տո՜ւր ինծի Տէր ուրախութիւնն անանձնական, որ զայն կախեմ ամէն դրան ու ամէն տան», ապրելով ոգեղինութիւնը բանաստեղծին, աստուածային  առատաձեռնութեամբ բաշխելու բոլորին, ապահովելու մեր ժողովուրդի  յարատեւութիւնն ու յաւիտենութիւնը:

 21 մայիս 2024

Նախորդը

Մայրերու Օրուան Նշում` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ

Յաջորդը

Ճշմարտութիւնը Պիտի Յաղթանակէ

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?