Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնատուութիւնը Խաղաղութիւն Չէ

May 25, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Կարելի՞ է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ, որուն իշխանութիւնները իրենց քաղաքական հաւատամքին մէջ Հայաստանը անուանած են Արեւմտեան Ազրպէյճան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տաճարները` աղուանական աղօթատեղիներ, Երեւանը` ազրպէյճանական Էրիվան, Սեւանը` ազրպէյճանական լիճ:

Կարելի՞ է խաղաղութեան գործընկեր համարել Ազրպէյճանը, որ հայաթափեց Արցախը, ձերբակալեց արցախցի նախկին նախագահներն ու պաշտօնատարներ, քանդեց եւ կը շարունակէ ոչնչացնել` արցախեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ յուշարձաններն ու յուշակոթողները, արցախեան քաղաքները, աւաններն ու գիւղերը կը վերակոչէ թրքական անուններով եւ ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի ջնջէ Արցախի հայկական դիմագիծն ու պատկանելիութիւնը:

Կարելի՞ է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ գործակցութեան մասին խօսիլ, երբ ազրպէյճանական հասարակութիւնը կը շարունակէ հայատեացութիւնը, կրթական ծրագրին մէջ կը ներառէ «Մեծն Ազրպէյճան»-ի` արեւելեան եւ արեւմտեան բաժինները միացնող քարտէսներ եւ կը յօրինէ պատմութիւն մը, ուր ընդհանրապէս հայ ազգը գոյութիւն չունի եւ չէ ունեցած:

Կարելի՞ է բարեկամ սեպել հարեւան Ազրպէյճանը, ուր տիրական է յաղթողի ամբարտաւանութիւնը եւ ատելութիւնը` հանդէպ իր հարեւանին, զայն համարելով ոչնչութիւն մը, որ ընդհանրապէս ո՛չ պատմութիւն, ո՛չ աշխարհագրութիւն, ո՛չ ալ գոյութիւն ունեցած է եւ կը սնանի ցեղապաշտութեամբ, որուն միակ զոհը հայութիւնն է:

Ճիշդ է, որ քաղաքականութեան մէջ չկան յաւերժական բարեկամներ եւ թշնամիներ, եղբայրական երկիրներ եւ հակառակորդներ: Ճիշդ է, որ երեկուան թշնամին կրնայ վաղուան բարեկամը ըլլալ: Սակայն երբ կը խօսինք Ազրպէյճանի մասին, ապա ի մտի կ՛ունենանք այն թշնամին, որ կը շարունակէ դռները բաց պահել հայ զինուորներու անարգական կերպարներով լեցուն «թանգարան»-ը` իբրեւ ցուցանիշ իր հայատեացութեան, չկամեցողութեան եւ ցեղապաշտութեան:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ են հոգելլկելու հայը: Հայատեացութիւնը պետական գաղափարախօսութեան վերածած ազրպէյճանցին կը ջանայ մեզի պարտադրել «խաղաղութիւն» մը` իր պայմաններով, որպէսզի առաւել ստորնացնէ մեզ, թէ` «Տեսէ՛ք պարտեալը, որ ծունկի եկած` խաղաղութիւն կը խնդրէ»:

Ծունկի եկած` խաղաղութեան չենք կրնար հասնիլ: Հայատեացութեան ազրպէյճանական վարդապետութեան գոյութեան, խաղաղութիւնը անձնատուութիւն է: Այս տրամաբանութիւնը պատերազմի ընտրանքին «Այո՛» ըսել չէ: Այս մօտեցումը թշնամիին ընդհանուր քաղաքականութեան մերժումն է, որպէսզի առաւել չստորնանանք, մեր ազգային արժանապատուութիւնը առաւել չոտնակոխուի: Պատերազմ պարտուիլ` չի նշանակեր թշնամիին անձնատուր ըլլալ եւ «Այո՛» ըսել բոլոր պարտադրուած պայմաններուն: Հայոց բանակին զինուորներուն թափած արիւնը մեր բոլորին ճիտին դրած է պարտք մը: Առաւելաբար իշխանութիւններուն ուղղած է պատգամ մը, որ յանուն խաղաղութեան` կարելի չէ ոտնակոխել ազգային արժանապատուութիւնը եւ անձնատուր ըլլալ թշնամիին խարդաւանանքներուն: Երեւանի իշխանութիւնները յանուն խաղաղութեան հայ ազգը չեն կրնար խայտառակել: Իրաւունք չունի՛ն:

 

 

Նախորդը

Աղիողորմ Կրկնեփ

Յաջորդը

Զոմպիացման Դէմ. Գիտնալ Ընելիք Եւ Չընելիք

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.