Գոյութենական Հիմնահարցեր
ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ Հայաստան եւ սփիւռք գոյութենական անդունդի եզրին կը գտնուին։ Ներքին պառակտումները Հայաստանի մէջ, սփիւռքի մէջ եւ Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ, ա՛լ աւելի կը վատթարացնեն անդունդի սպառնալիքը: Համաշխարհային հետաքրքրութիւնը հեռաւոր եւ հանքանիւթերով աղքատ Հայաստանի նկատմամբ, լաւագոյն պարագային, սահմանափակ է: Նոյնիսկ ցեղասպանութեան վտանգը կամ անոր գործադրումը լուրջ հետաքրքրութիւն չի կրնար արծարծել՝ վկայ Կազայի մէջ գործադրուող ցեղասպանութիւնը: Եթէ մենք՝ հայերս, չկարենանք դիմակայել...




















