Անդրադարձ

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Պատժական Արշաւանքին Միւս Իրագործումը (25 Յուլիս 1897)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  Խանասորի արշաւանքին բարոյական արժէքը մեծ եղաւ կուսակցական վերակենդանացման եւ քիւրտերու հետ բարեկամանալու տեսակէտէն: ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Կան թերահաւատներ, որոնք դարձեալ զարկ տալով իրենց հնաբոյր մտքին ու ժամանակավրէպ մօտեցումներուն եւ ընթերցելէ ետք վերեւի մէջբերումը, պիտի ըսեն, թէ բարոյական արժէքներ վաղուց անտի կորսնցուցած են իրենց գրաւչութիւնը, մանաւանդ` ներկայ դարուս, երբ անբարոյութիւնն ու նիւթականութիւնը ուղղակիօրէն ներթափանցած են մեծ թէ փոքր ժողովուրդներու...

Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն

Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն

Ա. Ա. Հայաստանի կառավարութեան որոշումով,  հայաստանեան դպրոցներուն մէջ Հայոց պատմութեան փոխարէն, պիտի դասաւանդուի Հայաստանի պատմութիւն նիւթը: Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, հանրային կեանքի կեդրոնին պէտք է զետեղել պետութիւնը: «Մենք կը գտնուինք հոլովոյթի մը մէջ, ուր կը փորձենք, ըստ էութեան, բարձրանալ դէպի պետական ընկալման աշտարակ, ուրկէ աշխարհը կ՛երեւի բոլորովին այլ կերպ: Ասիկա չափազանց կարեւոր հոլովոյթ է: Ասիկա միայն անուններու փոփոխութիւն չէ», յայտարարեց...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Զինուորներ, Նահատակներ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Հայ զինուորներ, նահատակներ, Լուռ կը ննջէք, բայց կ՛ապրիք դեռ, Պատմութեան մէջ մեր հայկազուն, Զարկերուն հետ մեր սրտերուն, Գիւղերուն հետ քաջ Արցախին, Սարերուն հետ անքակտելի: Մարդկութիւնը պարտուեցաւ Ճակատամարտն  արիւնաքամ` Կրօնի, խղճի ազատութեան, Վարձկաններու դաւադրութեան: Բիւր ազգերու գիտակցութեամբ Անգամ մ՛եւս դուք զոհուեցաք: Հայ զինուորներ, նահատակներ, Անմահացաք լուռ, վաղամեռ, Եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ, Խաչ քարերուն վերադարձաք, Մեր վանքերուն հարիւրամեայ, Հայորդիներ քրիստոնեայ: Լիբանան

Սթափելու Ժամանակը

Կրթական Հոգեր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Նախորդ շաբթուան մէջ յայտարարուեցան Հայաստանի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու (ԲՈՒՀ-համալսարան) մուտքի քննութիւններու արդիւնքները: Յունուարին առաջին առիթ մը տրուած էր դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն մասնակցելու համալսարան ընդունման քննութիւններու. երկրորդ առիթը, գլխաւորը, յունիս ամսուն կայացաւ: Ժամանակին այս քննութիւններուն կը դիմէին 19-20 հազար դիմորդներ. այժմ այդ թիւը նուազած է 12-14 հազարի, հակառակ համալսարաններու բազմացման: Լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրող աշակերտները կ՛ընդունուին անվճար` պետական պատուէրով,...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Պայտընի Ուշացած Որոշումէն Ետք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կիրակի, 21 յուլիսը հանգիստի օր մըն էր, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տակն ու վրայ ըրաւ մարդոց, յատկապէս քաղաքական ու մամուլի կալուածներուն մէջ գործողներուն (կէս)հանգիստը, երբ կէսօրին հրապարակեց որոշում մը, թէ` դուրս կու գայ նախագահական ընտրապայքարէն: Պայտընի որոշումը խորքին մէջ անակնկալ մը չէր` հակառակ կարգ մը տեսնուած իրականութիւններու: Կարելի է մինչեւ իսկ ըսել, որ անիկա ուշացած որոշում...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նոր Գիրքերու Հետ. Լիբանանի Հայկական Երգչախումբերու Մասին Հանրագիտարանի Արժէքով Հատոր Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը 2023-ի վերջերուն լոյս ընծայեց երաժիտ-երաժշտագէտ Ռուպինա Ալահայտոյեան-Արթինեանի ստուար հատորը` «Լիբանանահայ երգչախմբային արուեստը. 1920-2020» խորագիրով: Եթէ փորձենք զայն անմիջականօրէն բնութագրել մէկ-երկու բառով, ամենայն ինքնավստահութեամբ զայն պիտի որակենք սփիւռքցի մտաւորականի մը կոթողական, բանասիրական գործը, որ իրաւունք ունի կոչուելու մանր հանրագիտարան: Ըստ Ձեւի Հատորը կը բաղկանայ 576 էջէ, պատկերազարդ է, կան պատմական լուսանկարներ` խմբավարներու, մեներգողներու, խումբերու եւ արուեստագէտներու:...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Մենք` Հայերս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Մենք` հայերս, իրական եւ ապրող ժողովուրդ ենք: Այսպէս ենք: Մենք, նոյնիսկ հեռուէն կամ մօտիկէն, մեր նստած տեղէն, յանկարծ ամէն մէկս կրնայ «փիլիսոփայել» իր ուզած ձեւով եւ կշիռով: Սակայն նաեւ պէտք է աւելցնել, որ իբրեւ առանձին-առանձին անհատներ` հայերս խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ ալ ենք: Բայց երբ կը միանան հինգ-տաս հայ, անմիջապէս կը ծնի տեսակ մը աներեւակայելի կացութիւն, որ կը...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Ի՞նչ Կ՛ակնկալուի Մեր Ուսեալ Հայորդիներէն

 ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Յունիս ամիսը շատ վայրերու մէջ դպրոցական շրջանաւարտութեան ամիս էր: Առ հասարակ այդ ամսուան ընթացքին դպրոցները իրենց տարեշրջանը կ՛ամբողջացնեն եւ իրենց կրթական հունձքը կ՛ունենան: Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր շրջանաւարտները եւ իրենց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ: Համալսարանական շրջանաւարտներ գործի նոր աշխարհ մը կը դիմակալեն իր իւրայատուկ մարտահրաւէրներով: Երիտասարդներու այս նոր սերունդը յուսադրիչ երեւոյթ մըն է...

Սփիւռքի Տարի, Մարդուժի Տարի…

Սփիւռքի Տարի, Մարդուժի Տարի…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Երբ կը ստանձնեմ պայքարը, չեմ մտածեր այն մասին, որ կրնամ այդ կորսնցնել» ԺԱԳ ՇԻՐԱՔ,  ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Ազգի, հայրենիքի եւ հայ մշակոյթի տիրութեամբ տագնապող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի հռչակած «Սփիւռքի տարի»-ի եւ Մարդուժի տարի»-ի մասին երբ կը մտածեմ, կը կանգնիմ հարցականի մը առջեւ: Ի՞նչ նոյնութիւն եւ հասարակաց ի՞նչ ունին մոլորակին վրայ տարածուած եւ տարտղնուող հին եւ նոր...

Հաւատքով Ու Զօրութեամբ

Պատերազմական

Արցախեան պատերազմների հերոսներին ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Որոշուեց եռալիք յարձակում կատարել Յաջորդական թիրախների վրայ: Հադրութի ուղղութեամբ, Ապա Շուշիի վրայ. Յարձակումի երրորդ ալիքը` Ըստ յաջողութեան, Որպէսզի խորացուի ճակատը... Ըստ պայմանաւորուածութեան Սկսուեց գրոհը. Դա մի գուպար էր դաժան ու ըմբոստ, Միս ու ոսկորով մարդը Ընդդէմ պայթող երկաթի ու վառօդի... Հայրենանուէր մարտիկների Մոլի ու մրրկաթեւ արշաւը ի մարտ... Ճակատագրական են բոլոր խիզախումները. Յաղթանակի յոյսը, Մղող...

Դաշնակցական   Մամուլը

Չարտասանուած Խօսք` «Ազգային Հերոս` Անդրանիկի Անտիպ Նամակները» Հաւաքածոյի Շնորհահանդէսին

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ «ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակներ» հատորներու շնորհահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 8 յուլիս 2024-ին Պէյրութի մէջ, Յունաստանէն հրաւիրուած էր կրթական-հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան` ներկայացնելու համար երկրորդ հատորը: Կամքէ անկախ պաստառներով ան չկրցաւ ներկայ ըլլալ շնորհահանդէսին: Այդ պատճառով ալ «Չարտասանուած խօսք» խորագիրը կը կրէ ստորեւ տրուած գրութիւնը: Ինծի եղած առաջարկէ մը ետք, երբ փորձեցի կեդրոնանալ...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Արցախահայութեան Արտագաղթի Կասեցումը Հրամայական Է

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախահայութեան Արտագաղթի Կասեցումը Հրամայական Է

Արցախահայութեան արտագաղթի կասեցումը ազգային միասնական պատասխանատուութիւն է պահանջում: Արցախը համահայկական պայքարի ոգին է, կորիզը, համախմբողը: Արցախեան ողբերգական օրերից յետոյ, այսօր կրկին դառն ու ցաւալի իրողութեան առջեւ ենք կանգնած, երբ այդ կորիզը փշրւում է, մեր աչքի առջեւ տարածւում աշխարհի տարբեր հատուածներում: Շատերը գնում են վիրաւորուած, խոցուած, ցանկութիւնը մեծ է հայրենիքում ապրելու, արարելու, բայց պայմանները բարդ են, նրանց խօսքը լսելի չէ, ձայնը...

«Խստապահանջութիւնը, Նախանձախնդրութիւնն Ու Հաւատարմութիւնը Հիմքը Կը Կազմեն Մեր Միաբանութեան Նկարագրին Ու Կեանքին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Խստապահանջութիւնը, Նախանձախնդրութիւնն Ու Հաւատարմութիւնը Հիմքը Կը Կազմեն Մեր Միաբանութեան Նկարագրին Ու Կեանքին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այսպէս բնորոշեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան նկարագիրը, կեանքն ու կոչումը, եպիսկոպոսաց դասուն եւ ապա վանաբնակ միաբանութեան հետ յաջորդաբար իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին: «Մենք անհատ միաբաններ չենք, այլ միաբանութիւն ենք` հաւաքական մէ՛կ անձնաւորութիւն: Այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կոչուած ենք մտածելու ու գործելու, ծառայելու ու կազմակերպելու մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը` մայրավանքէն թէ թեմերէն ներս», ընդգծեց վեհափառ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Սապատի Պատմութիւն…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սապատի Պատմութիւն…

Իւրայատուկ են նաեւ արաբները` իրենց սրամտութեամբ եւ վիճակներու ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ: Անծայրածիր անապատին մէջ շրջանէ շրջան տեղափոխութեան ժամանակ անոնք առակներ ու մանրավէպեր հիւսած են` իրենց շրջապատէն տպաւորուած եւ ներշնչուած: Դիպուկ պատմութիւններէն մէկը հետեւեալն է: Անոնք իրենց ամէնէն վստահելի փոխադրամիջոց ուղտերէն մէկուն հարցուցած են, «Ինչո՞ւ կռնակդ ծուռ է (այսինքն սապատ ունիս)»: Պաղարիւն եւ իմաստուն ուղտը բերնին մէջ բան մը վեր-վար ծամծմելով եւ...

Մանուէլին Հայկական Տուները

Մանուէլին Հայկական Տուները

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Մանուէլ Չէքէմեան ծնած է Մալաթիա, Թուրքիա: Մալաթիայէն եկած է Պոլիս եւ ուսում ստացած Հայոց դպրեվանքին մէջ: Պոլիսը` սկսելով դպրեվանքէն, եղած է իր կեանքին մէկ մասը: Եւ յստակ է, թէ կեանքի այդ «մէկ մասը» Մանուէլին համար եղած է երազային, ուր ան վայելած է Պոսֆորի գեղեցիկ Պոլիսը ու անոր հայկական կեանքը: Ես Մանուէլին հանդիպեցայ Նետըրլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ` յունիս...

Գիրքը

Գիրքը

ԱՆԻ ՈՒ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Վերջերս պարզուած իրականութիւն մըն է, որ շատեր կը փափաքին ձերբազատիլ իրենց տան գրադարանէն, մանաւանդ, երբ այդ գրադարանի տէրը ծնողք մըն է, որուն մահէն ետք զաւակները պատրաստ են «նուիրելու» իրենց ժառանգ մնացած գիրքերը: - Գիտէ՞ք  շատ արժէքաւոր գիրքեր են, հայրս տարիներով գնեց, կարդաց, հիմա գիտէք, այլեւս գիրքով հետաքրքրուող չկայ, լաւ կ՛ըլլայ դպրոցին նուիրեմ: - Յարգելի մահացած ծնողքի զաւակ,...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

«Աշխարհը Խենթերու Ձեռքն Է Մնացեր»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Տարինե՜ր առաջ ունէի տարեց բարեկամ մը, իմաստուն մարդ մը, որ ծնած էր Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, կտրած-անցած էր Բ. Աշխարհամարտի փուլը, ականատես ու ականջալուր եղած էր աշխարհը տագնապեցնող մեծ ու փոքր պատերազմներու: Ամէն անգամ, որ նոր տագնապ մը պայթէր (օրինակի համար` պաղեստինեան ոլորտին, Լիբանանի կամ ափրիկեան ու ասիական «ճակատներ»-ու վրայ), կը կրկնէր տեսած-լսածներէն ծնած իր մէկ փիլիսոփայութիւնը. «Աշխարհը խենթերու...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Հայերը Կ՛ուզեն Վայելել Կեանքը, Ոչ Թէ Յաւերժ Պայքարիլ, Ըսած Է Փաշինեան

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթ շարունակած է պաշտպանել իր զիջողական քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի հանդէպ` համարելով, որ հայերը կը նախընտրեն վայելել իրենց կեանքը, քան` յաւերժական պայքար մղել: 23 յունիսին, դիմելով իր Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ղեկավարներուն, Փաշինեան հռետորական հարցում ուղղած է. «Կրնա՞նք պետութիւնը ընկալել իբրեւ հոս ապրող մարդոց բարեկեցութիւնը եւ երջանկութիւնը կարելի  դարձնելու միջոց եւ ոչ թէ ռազմական խարիսխ, յառաջապահ կէտ`...

Լոյս Տեսաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 44-րդ Հատորի Առաջին Գիրքը

Լոյս Տեսաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 44-րդ Հատորի Առաջին Գիրքը

Բովանդակութիւն.- Խմբագրական, «Արխիւը` հայագիտութեան առատ հումք»: Սերոբ Աբրահամեան` «Փողոցի անունները Երեւանի մէջ եւ անոնց ազդեցութիւնը ազգային ինքնութեան վրայ»: Ռուպինա Արթինեան` «Մինաս Թեքէլեան եւ Պէյրութի մէջ 1972-ին իր հիմնած Թեքէլեան նախապատրաստական երաժշտանոցը»: Սուրէն Աւետիսեան` «Ամերկոմի եւ ՀԽՍՀ իշխանութիւնների փոխյարաբերութիւնները 1920-ականներին»: Յասմիկ Գալստեան` «Գարեգին Սրուանձտեանցը որպէս ստորին առասպելաբանական կերպարների մասին զրոյցների առաջին գրառող ու մեկնաբան»: Սեդա Գալստեան` «Նոր մանրամասներ Անդրկովկասից հայերի 1949-ի...

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Շաբաթ, 13 յուլիս 2024-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կից գտնուող «Յովնանեան հիմնադրամ»-ի շէնքի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան աւանդութիւններէն եղող ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը: 13-24 յուլիս երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 20 հայ երիտասարդներ: Հաւաքի բացումը կատարեց «Ֆորում...

Page 134 of 808 1 … 133 134 135 … 808

Արխիւներ