Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքը

July 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ՈՒ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Վերջերս պարզուած իրականութիւն մըն է, որ շատեր կը փափաքին ձերբազատիլ իրենց տան գրադարանէն, մանաւանդ, երբ այդ գրադարանի տէրը ծնողք մըն է, որուն մահէն ետք զաւակները պատրաստ են «նուիրելու» իրենց ժառանգ մնացած գիրքերը:

– Գիտէ՞ք  շատ արժէքաւոր գիրքեր են, հայրս տարիներով գնեց, կարդաց, հիմա գիտէք, այլեւս գիրքով հետաքրքրուող չկայ, լաւ կ՛ըլլայ դպրոցին նուիրեմ:

– Յարգելի մահացած ծնողքի զաւակ, նախ` դպրոցը իր հարուստ գրադարանը ունի, երկրորդ` արդեօք թղթատեցի՞ր այդ գիրքերը, թերեւս հայրդ միտք մը գրած է հոն, թերեւս մայրդ իր սիրած մէկ նախադասութիւնը ընդգծած է: Արդեօք մտածեցի՞ր, թէ այդ գիրքերը ծնողքիդ միտքն են եւ հոգին, արդեօք մտածեցի՞ր, թէ ինչո՞ւ անոնք դրամ ծախսած են այդ գիրքերուն համար, թերեւս թերթօն առ թերթօն պահած են եւ վերջը կազմել տուած, արդեօք մտածեցի՞ր, որ անոնք թերեւս բաւարար ուսում չէին ստացած, սակայն այդ գիրքերը զիրենք զարգացուցին, եւ այդ պատճառով կրցան քեզի համար լաւ ծնողք ըլլալ: Արդեօք ոսկին կամ դրամը, որ ժառանգած ես իրենցմէ նոյն արագութեամբ պատրա՞ստ ես ասդին անդին նուիրելու…

– Բայց ես Լիբանան չեմ ապրիր, եկայ հօրս թաղումին եւ շատ արագ պէտք է կարգադրութիւն ընեմ, տունը պարպեմ եւ մեկնիմ…

– Բարեկա՛մս, տունը պարպէ, կահ կարասին ծախէ, բայց գիրքը շատ արագ կրնաս փոխադրել քու ապրած վայրդ, եթէ անոնք արժէքաւոր են, ինչպէս կը փորձես մեզ համոզել` շեշտելով, որ մե՛նք պէտք է անոնց արժէքը գիտնանք, որպէսզի քեզմէ հոգ մը թեթեւցնենք…

Սիրելի՛ ընթերցող, տարուան ընթացքին քանի՜ այսպիսի առաջարկ կը ստանայ դպրոցի տնօրէնը, անշուշտ դպրոցը կարեւորութիւն կու տայ գիրքին, անշուշտ կը քաջալերէ ընթերցումը, եւ մեր պարագային` մեր գրադարանը բաց ձգած ենք մեր աշակերտներուն դիմաց, անոնք ազատօրէն կրնան գիրք առնել տուն տանիլ եւ կարդալ, իսկ եթէ փափաքին այդ գիրքը պահել, այդ ալ կ՛արտօնենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այդ փոքրիկը ընթերցանութեան արժէքը գիտցաւ:

Յարգելի՛ ընթերցող, ծնողքիդ ձգած գիրքի ժառանգութիւնը մի՛ մսխեր, այլ` գուրգուրանքով պահէ:

 

 

 

Նախորդը

«Աշխարհը Խենթերու Ձեռքն Է Մնացեր»

Յաջորդը

Նարէ Քիւրքճեան Բեմադրեց «Հայտա Ըսմի» Թատերախաղը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.