Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն

Յուլիս 25, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով,  հայաստանեան դպրոցներուն մէջ Հայոց պատմութեան փոխարէն, պիտի դասաւանդուի Հայաստանի պատմութիւն նիւթը:

Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, հանրային կեանքի կեդրոնին պէտք է զետեղել պետութիւնը: «Մենք կը գտնուինք հոլովոյթի մը մէջ, ուր կը փորձենք, ըստ էութեան, բարձրանալ դէպի պետական ընկալման աշտարակ, ուրկէ աշխարհը կ՛երեւի բոլորովին այլ կերպ: Ասիկա չափազանց կարեւոր հոլովոյթ է: Ասիկա միայն անուններու փոփոխութիւն չէ», յայտարարեց ան եւ շեշտեց,որ եթէ կ՛ուզեն, որ պետութեան ուժեղացման, կայացման եւ պետութեան յարատեւութեան ապահովման հոլովոյթներ տեղի ունենան, պէտք է այդ խնդրին լուծումը գտնել նաեւ կրթութեան մարզին մէջ:

Ըստ Փաշինեանի, Հայաստանի պատմութիւնը պետութեան գոյութեան զարգացման պատմութիւնն է` պետութեան չգոյութեան դրուագներով, իսկ Հայոց պատմութիւնը պետութեան չգոյութեան պատմութիւնն է` պետութեան գոյութեան դրուագներով:

Տեղին է նշել, որ Հայաստանի պատմագիտական շրջանակները, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնը չեն ողջունած կրթութեան նախարարութեան այս նախագիծը` այն հիմնաւորմամբ, որ Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի եւ հայերու պատմութիւնն է` իր պետականութեան պատմութեամբ:

Շատ յստակ խնդիր մը գոյութիւն ունի: Երբ Հայաստան կ՛ըսենք, ի՞նչ կը հասկնանք: Վարչակարգին յանկերգած «իրական Հայաստան»-ի սահմաննե՞րը: Եթէ այդպէս է, Իլհամ Ալիեւի սրբագրութեամբ եւ տրամաբանութեամբ անիկա 29.743 քառակուսի քիլոմեթր է, ոչ թէ 29.800 քառակուսի քիլոմեթր: Ազրպէյճանցիները մեր ինքնիշխան պետութեան սահմանները կը ճանչնան իրենց տրամաբանութեամբ, եւ հարց կը ծագի, թէ   անոր դէմ դնելու գործիքակազմին մէջ Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերը ի՞նչ արդիւնք պիտի տան:

Հազարաւոր տարիներու ընթացքին ունեցած ենք` պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններ, թագաւորութիւններ, կիսանկախ իշխանութիւններ, հարկատու թագաւորներ, վասալներ, մելիքութիւններ եւ այլ տեսակի իշխանութիւններ: Հիմա հարցը, որ կը յառաջանայ, հետեւեալն է: Այս բոլոր պատմութիւնները ինչո՞վ կը հիմնաւորուին: Կը խորհիմ, թէ` հայութեամբ: Հայութիւնը` ժողովուրդը, որ ապրած է տարբեր տեսակի իշխանութիւններու տակ եւ գոյատեւած ու պահպանած հայ ազգը` իր բոլոր բաղադրիչներով: Պետականութիւնը  իր մէջ կ՛ընդգրկէ ազգը եւ անոր պատմութիւնը, որ սերտօրէն միաձուլուած է պետութեան պատմութեան հետ, որուն ընթացքին պետականութեան չգոյութեան դարաշրջաններուն ազգը պահած է իր ինքնութիւնը եւ համախումբ ապրելու կարողութիւններ եւ հմտութիւններ  ցուցաբերած է, անկախ թէ որո՛ւ տիրապետութեան տակ գտնուած է: Պետութեան չգոյութեամբ ազգը չէ վերացած: Հայոց պատմութիւնը այս տրամաբանութեամբ ալ ընկալելու եւ չի սորվեցնելու հոլովոյթին մէջ պետութեան գաղափարը չի զիջիր եւ չի նսեմանար, ոչ ալ երկրորդական կարգի վրայ կը դրուի: Երբ անկախութիւն ունեցանք, պետութիւն կերտելու հոլովոյթը ընթացք առաւ, եւ ամէն բանէ վեր դասուեցաւ անիկա` հակառակ բազում դժուարութիւններու եւ յաճախ անյաղթահարելի թուացող մարտահրաւէրներու: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երկամեայ պատմութիւնը վկան է ասոր, եւ պետութիւնը, որ կերտուեցաւ, փոխանցուեցաւ յաջորդ իշխանութիւններուն: Պետութեան հիմքերը դրուած էին, եւ համայնավարները ժառանգեցին զայն:

Ազգ եւ պետութիւն միաւորման մէջ ազգի գաղափարը կը յաղթէ, որովհետեւ պետութիւնը ապրեցնողն է, անոր ամուր յենարանը: Հայոց պատմութիւնն ալ այս տրամաբանութեան արտացոլացումն է եւ այդպէս պէտք է ըլլայ: Պետութիւնը եւ ազգը փոխկապակցուած են եւ զիրար կը պահեն ու կը պահպանեն:Հայոց պատմութեան առանցքը ասիկա է, եւ այս գաղափարով ալ պէտք է առաջնորդուի հայոց պատմութեան դասագիրքերուն ներքին տրամաբանութիւնը` հայ ժողովուրդին պատմութիւնը խմբագրելու ընթացքին: Ազգը եւ պետութիւնը իրարու չեն զիջիր եւ մէկը միւսէն առաւել կարեւորութիւն չունի: Բայց յստակ է, որ պետութիւնը ապրեցնողը, զայն ոտքի պահողը ազգն է: Հայը եւ հայութիւնը: Հայ ժողովուրդը, որուն պատմութիւնն ալ կը կոչուի Հայոց պատմութիւն` պետականութեամբ եւ առանց պետականութեան:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Զինուորներ, Նահատակներ

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Պատժական Արշաւանքին Միւս Իրագործումը (25 Յուլիս 1897)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?