Տարինե՜ր առաջ ունէի տարեց բարեկամ մը, իմաստուն մարդ մը, որ ծնած էր Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, կտրած-անցած էր Բ. Աշխարհամարտի փուլը, ականատես ու ականջալուր եղած էր աշխարհը տագնապեցնող մեծ ու փոքր պատերազմներու: Ամէն անգամ, որ նոր տագնապ մը պայթէր (օրինակի համար` պաղեստինեան ոլորտին, Լիբանանի կամ ափրիկեան ու ասիական «ճակատներ»-ու վրայ), կը կրկնէր տեսած-լսածներէն ծնած իր մէկ փիլիսոփայութիւնը. «Աշխարհը խենթերու ձեռքն է մնացեր»: Նման բանաձեւումներ կատարած են նաեւ ուրիշներ, սակայն զիս առանձնապէս տպաւորած էր այդ բարեկամիս խօսքը:
Այս օրերուն յաճախ առիթ կ՛ունենամ յիշելու իմաստուն բարեկամս: Թող Աստուած հոգին լուսաւորէ: Աշխարհէն հեռացաւ Արցախի ազատագրումը տեսնելէ քանի մը տարի ետք. բախտաւոր էր, չտեսաւ կորուստը…
Դուն ալ վստահաբար համաձայն պիտի ըլլաս, սիրելի՛ ընթերցող, որ «խենթանոց աշխարհ»-ը տեսնելու առիթները կը ներկայանան ամէ՛ն օր, երբեմն` օրական քանի մը անգամ: Նորագոյն առիթը եղաւ ՕԹԱՆ-ի գերաստիճանը, որ տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ: Զայն կանխած էին Եւրոպական Միութեան համաժողովներն ու այս կամ այն երկիրներու վարիչներու միջեւ երկկողմանի ու բազմակողմանի հանդիպումները: (Եկո՛ւր, պահ մը մէկդի դնենք ընտրական դաշտերը):
Ինչո՞ւ այժմէական կը հնչէ «Աշխարհը խենթերու ձեռքն է մնացեր»-ը: Արձանագրեմ քանի մը պատճառ:
– Ուքրանիոյ պատերազմը պայթեցաւ մօտաւորապէս երկուք ու կէս տարի առաջ յայտարարուած ու չյայտարարուած պատճառներով: Չմտնենք այն ճախճախուտին մէջ, թէ ո՞վ է իրաւացին` Արեւե՞լքը, թէ՞ Արեւմուտքը (նաեւ չկատակենք` յիշելով, որ ՕԹԱՆ-ի ծննդեան նախօրեակին, ո՞վ որո՛ւ դաշնակիցն էր կամ թշնամին): «Խենթանոց»-ի պատկերը կը շեշտուի այս ու նախընթաց համաժողովներէն բխած որոշումներով ու հռետորաբանութեամբ, արձագանգներ կը գտնէ մինչեւ Ասիոյ խորքերն ու Ծայրագոյն Արեւելք: Արեւմուտքը քարոզչական մեքենաներն ու զինանոցները լարած է ընդդէմ Ռուսիոյ: Իւրաքանչիւր քայլափոխի նոր տեսակի զէնքեր եւ զինական հսկայական օժանդակութիւններ կը մատակարարուին ու կը խոստացուին Քիեւի վարիչներուն, որոնք «տուէ՛ք, տուէ՛ք» կը կրկնեն (Նորագոյն խաղալիքները պիտի ըլլան Էֆ. 16 օդանաւերը): Ռուսիա կը հակադարձէ բանիւ եւ գործով: Ճակատումները օր մը կը սաստկանան, հազիւ թէ կը մեղմանան` աւելի մահասփիւռ ու աւերիչ փուլ մը սկսելու համար: Քաղաքներու քանդումը կը շարունակուի, հաւաքական սպանդները` նմանապէս: Պատերազմը քաջալերողներուն համար այդ բոլորը անխուսափելի «կողմնակի վնասներ» են (collateral damage), եւ կարծէք թէ զոհուողն ու դիտող աշխարհը ա՛լ համոզուած են, որ այդ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, այսինքն` պիտի ըլլան պատերազմողներ, կրակին վրայ նոր վառելանիւթ թափողներ, մարդիկ պիտի ըլլան «էշ նահատակ»… (Միշտ ալ այդ նահատակները եղած են):
– Այս բոլորը կարծէք թէ բաւ չըլլան, եւ ահա օրէ օր աւելի՛ լսելի կը դառնան արհաւիրքի սպառնալիքներ. Ռուսիա բացայայտ կը դարձնէ, որ եթէ ստիպուած զգայ, պիտի չվարանի կորիզային զէնք գործածելու: (Ամերիկացիք ըրին, ո՞վ պատժեց զանոնք): Արեւմուքէն կը յիշեցնեն «նիւթընեան օրէնք»-ի մը տրամաբանութիւնը. «Որեւէ արարք իր դիմաց կը գտնէ համազօր հակադարձութիւն» (every action has an equal and opposite reaction): Այս հակաճառութիւնները լսող զանգուածները, այսինքն` հաւանական թիրախները, մատաղցուները` կարծէք թէ կ՛ապրին երազային աշխարհի մէջ: Կան մտածողներ, թէ իրենց երկիրներու վարիչները այդքան տխմար չեն, որ կորիզային զէնք գործածեն, ո՛չ միայն անոր համար, որ այդ զէնքին առաջին փորձարկման անմիջական եւ հեռահաս վնասները ծանօթ են բոլորին, այլ նաեւ` այն պատճառով, որ ճակատումի դաշտերը հեռու եւ անհասանելի տեղեր պիտի չըլլան. Հիրոշիման եւ Նակազաքին այս տրամաբանութեամբ հեռու էին այդ օրերուն մարտնչողներու դաշտերէն, մինչդեռ այս զէնքին դիմողը գիտէ, պէտք է գիտնայ, որ հակառակորդին չափ ալ պիտի պատուհասէ ինքզինք, իր շուրջբոլորը: Չեռնոպիլի կայանին պատմական աղէտը (եւ ատիկա ռումբ չէր, այլ արկածի հետեւանք)` շողավարակ նիւթերու «փախուստ»-ը միայն այդ քաղաքը չպատուհասեց, այլ ահազանգի մատնեց մինչեւ Սկանտինաւիան ու այլ` դրացի երկիրներ: Եւ հիմա հարց տանք. եթէ մէկը կորիզային զէնքի սպառնալիք կ՛արձակէ, «իմաստութեան» ինչպիսի՞ մակարդակ նուաճած պէտք է ըլլայ, իսկ հակադարձելու սպառնալիք նետողն ալ խելագար մը չէ՞: (Չանտեսենք այլ գործօն մըն ալ. կորիզային զէնքի դիմելով` հակառակորդները պիտի կրճատեն շահաբեր պատերազմին տեւողութիւնը: Որո՞ւ գործին կու գայ նման բան…):
Եւ մտածել (եթէ յիշողութիւնները չեն բթացած), որ կար ժամանակ, երբ աշխարհը պահ մը ինկաւ կորիզային լայնածիր պատերազմի մը սպառնալիքին տակ, երբ ստեղծուեցաւ Քուպայի տագնապը: Խրուշչով կօշիկով թմբկահարեց ՄԱԿ-ի սեղանը, Արեւմուտքը, Թրումենի ժառանգորդ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ, հակադարձեց սպառնալիքին, յետոյ… «խենթեր»-ուն զսպաշապիկ հագցնող եղաւ, ու ատեն մը ետք բացուեցաւ մեղմացումի եւ դրական մրցակցութեան երկարաշունչ փուլը, Արեւելքն ու Արեւմուտքը փոխադրեց ապազինման «դարաշրջան» (որ ունէր խաբուսիկ երես մըն ալ): Անիկա աշխարհի հասցուց… Խորհրդային Միութեան փլուզման, խաղաղութեան դարաշրջանի վերաձեւաւորման եւ նորաձեւ մրցակցութիւններու ուրուագծման (Եուկոսլաւիա, Ծոց, Աֆղանիստան, Կովկաս եւ մասամբ նորին), մինչեւ որ հասանք… նորագոյն խենթերու դարաշրջան:
Ժողովուրդը իմաստուն է եւ լաւ գիտէ պատասխանը այն հարցումին, թէ վնասարար բան մը կրկնողը, գիտա՛կցաբար կրկնողը ինչ կը կոչուի (եկէ՛ք, իշուն խնայենք անպատւութիւնը…):
– Այլ օրինակներ են, այսինքն խելագարութեան ապացոյցի դաշտեր` Կազան, Արեւմտեան ափը, (նախագահազուրկ) Լիբանանը, յատկապէս անոր հարաւային գօտին, Եմէնը, ափրիկեան «տաք» եւ մերթ ընդ մերթ «ջերմացուող» երկիրներ ու այլք: Ինչպէս Ուքրանիոյ մէջ, նոյնպէս ալ յիշեալ ու այն շրջաններու` զանգուածներու սպանդը կը շարունակուի հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններով, ինքնապաշտպանութեան պատրուակներով, «Մեր երկիրը կամ աշխարհը կը փրկենք»-ի յոխորտանքներով: Ոեւէ մէկը հարց տուա՞ծ է, թէ ջարդուող, բնակարանազուրկ, քաղաքազուրկ եւ հայրենազուրկ դարձող զանգուածները ի՞նչ կարծիք ունին նման յոխորտանքներու մասին: Որեւէ ատեան իսկապէս կը փորձէ՞ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ կիրարկել, անցնիլ խօսքի սահմաններէն անդին եւ ձեւը գտնել ՈՃՐԱԳՈՐԾ ԽԵԼԱԳԱՐՆԵՐԸ զսպելու, մահն ու աւերը կասեցնելու: ՄԱԿ-ն ու նման ատեաններ այլապէս խաղալիք են խենթերու ձեռքին մէջ (որքա՜ն դիպուկ է Չարլի Չեփլինի «Մեծ բռնատէրը» (The Great Dictator) ժապաւէնն ու անոր հիթլերանման տիպարին` աշխարհը իբրեւ օդագնդակ խաղցնելու տեսարանը: https://youtu.be/IJOuoyoMhj8?si=-M1aOq9c9LAvQG63: Ատիկա 1940-ին էր):
How did Hitler react to Chaplin’s The Great Dictator? – Quora
***
Մենք` հայերս, գոնէ վերջին 6-8 տարիներուն քանի՛ցս մեր մորթին վրայ կրեցինք նման ոճրային խելագրութիւններու անհաշուելի հետեւանքները, տուինք բազմահազար զոհեր, կորսնցուցինք մեր պատմական հայրենիքէն նոր տարածքներ, իսկ Երեւանի իշխանութիւնները, իրենց կարգին, ամէն օր նոր ապացոյց մը կը ցուցահանեն, թէ վարակուած են խենթութեան «նորաձեւութեամբ»: Օրը նոր, խելագարութեան փաստը` նոր: Անոնցմէ ամէնէն աղաղակողը հայկական պատմական հողերու յանձնումն է Ազրպէյճանին` յայտարարելով, որ անոնք երբեք հայկական չեն եղած (թութակելով ազերիական «վարկածները»), եւ այս ախտով զանգուածներ վարակած են Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Արցախի յանձնումն ու Հայաստանէն պատառ-պատառ զիջումները «հիմնաւորեցին» Ալմա Աթայի հռչակագիրով, ու իշխանութեան քարոզչութեան գերի բռնուածները չեն ուզեր ձանձրոյթը յանձն առնել` կարդալու այդ հռչակագիրին տառը, կամ ականջ տալու իրաւագէտ մասնագէտներու ըսածին, թէ այդ հռչակագիրը (եւ նման դատարկաբանութիւններ) խճաքար մը իսկ չեն կրնար հայթայթել իբրեւ հիմնաքար` դրացիներու հետ բարեկամութեան ու սահմանագծման բաղձանքներուն համար: Վաղը, երբ (հեռո՛ւ հեռո՛ւ մեզմէ ու Հայաստանէն) Ազրպէյճան իրականացած տեսնէ Հայաստանի նոր սահմանադրութիւն մը պարտադրելու իր կրկնուող պահանջը ու ցարդ չբացայայտուած նոր պահանջներ դնէ Երեւանի իշխանութիւններուն սեղանին (ո՜վ գիտէ, Միրզոյեան ի՞նչ թղթապանակով ճամբու դրուած է Ուաշինկթընէն), արդեօք անոնք տեղ մը, դարակի մը մէջ պահ դրած ունի՞ն, օրինակ, Վլատիվոսթոքի, Քաթմանտուի կամ Ուլանպաթորի հռչակագիր մը, որ կրնայ կապ չունենալ Հայաստանի հետ, սակայն Ազրպէյճանի ձեռքին դրուելով` լծակ դառնալ Հայաստանէն նոր հողամասերու խլման:
… Լուսահոգի բարեկամս պիտի յուշէր. «Աշխարհը խենթերու ձեռքն է մնացեր»: Իսկ ինչո՞ւ կ՛ուզէինք, որ Հայաստան ետ մնար աշխարհէն: Չէ՞ որ ինքնութեան ու ազգային արժէքներու ոտնակոխման անոնց քայլերը արագ վազքով կը հետեւին աշխարհի արշաւի կշռոյթին:
11 յուլիս 2024