Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Տարի, Մարդուժի Տարի…

Յուլիս 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Երբ կը ստանձնեմ պայքարը,
չեմ մտածեր այն մասին, որ կրնամ այդ կորսնցնել»

ԺԱԳ ՇԻՐԱՔ,  ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ազգի, հայրենիքի եւ հայ մշակոյթի տիրութեամբ տագնապող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի հռչակած «Սփիւռքի տարի»-ի եւ Մարդուժի տարի»-ի մասին երբ կը մտածեմ, կը կանգնիմ հարցականի մը առջեւ: Ի՞նչ նոյնութիւն եւ հասարակաց ի՞նչ ունին մոլորակին վրայ տարածուած եւ տարտղնուող հին եւ նոր հայկական հաւաքականութիւնները, զորս կը դասենք ՍՓԻՒՌՔ գլխուն տակ: Առաջ կ՛ըսուէր` գաղթականութիւն, ապա,  աճերով եւ համարկումներով, ան բազմացաւ եւ ինքնիրեն  կցեց բնակավայրի անուն ու դարձաւ այս կամ այն քաղաքի եւ երկրի հայութիւն, ինչպէս` սուրիահայութիւն, ամերիկահայութիւն, հալէպահայութիւն, յունահայութիւն, հիմա նաեւ` քուէյթահայութիւն, նորզելանտահայութիւն, իրլանտահայութիւն, սպանահայութիւն, հինգ ցամաքամասերու յար բազմապատկուող նորանուն հայութիւններ, զորս կը խմբենք նոյն գլխու տակ, կ՛ըսենք` ՍՓԻՒՌՔ: Անոնք  նո՞յն են: Հարցման պատասխանէն կախում ունի ՄԱՐԴՈՒԺ-ը, անոր յառաջացումը եւ աշխատանքը, որպէսզի սփիւռքը ունենայ որակ եւ նպատակ:

Պատմութեան  ընթացքին եղած են հայ գաղթականութիւններ, տեղահանութիւններ: Ներկայի սփիւռքը ընկերաքաղաքական տարբեր երեւոյթ է իր համրանքով, տարածումով եւ դիմագիծով:

Սփիւռքի ծննդոցը ցեղասպանութենէ ճողոպրածները եւ հայրենահանուածներու այլ երկինքներու տակ ապաստանած բազմութիւններն էին, անոնք ուզած էին շարունակութիւն ըլլալ` վերադարձի համար: Հիմա կայ հայրենիքը կամաւոր լքողներու նոր սփիւռքը, որ նախկին սփիւռքի հետ ճակատագրի եւ հոգեբարոյական նոյն ենթահողը եւ ինքնութեան նոյն պատկերացումը չունի, խաբկանք պէտք չէ ունենալ: Աճող եւ բազմանուններով սփիւռքը յոգնակի է, ո՛չ նախկինները եւ ո՛չ նորերը ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ որպէս օրակարգ եւ հեռանկար չունին, համարկուած են, կը համարկուին «նոր հայրենիք»-ներու, մշակոյթով, բարքով, կենսաոճով: Հարցում. ԴԱՐՁ` ո՞ւր: Բոլորն ալ կոչենք ՍՓԻՒՌՔ, ծնունդ` հին արմատներու վրայ աճած եւ աճող նոր ու բազում համայնքներու, որոնք կը կարծեն ազգի շարունակութիւն եւ շարունակող ըլլալ:

Մտածելու եւ աշխատանք ծաւալելու համար պէտք է գիտնալ, թէ ի՛նչ կը ներկայացնեն ՍՓԻՒՌՔ-ի մարդոց ինքնութիւնը եւ ՀԱՄՐԱՆՔ-ը, այսինքն քանի միլիոն մարդ կայ այդ անուան տակ: Սփիւռքի տարուան մտածումներու եւ նախաձեռնութիւններու առանցքին կը տեսնե՞նք մէկ, երկու, հինգ, տասը, քսան կամ աւելի միլիոն մարդ, ընդլայնուած գաղթականութիւններ, զորս անցեալին կը կոչէինք գաղութներ: Եթէ թուական պատկերացում չունենանք, կը մնանք թաղային մակարդակի վրայ, ո՛չ ազգային-քաղաքական, կը բազմապատկենք կարծիքները: Կ՛ըլլանք` պոլսահայ, իրանահայ, լիբանանահայ, սուրիահայ, հայաստանցի, եւ դեռ` յունահայ, ֆրանսահայ, մարսէյահայ, ամերիկահայ, իւրաքանչիւրը` իր կոտորակներով: Հիմա նաեւ` շուէտահայ, իրլանտահայ, նորզելանտահայ, չինահայ: Այս բոլորը նաեւ` կրօնական-յարանուանական, կուսակցական կարծրացած տարբերութիւններով: Սփիւռքներ… Ի՞նչ գիտենք սփիւռքի մասին, եթէ անդին անցնինք տեղականէ եւ կոտորակներէ:

Սփիւռքը ունի գիտուն մարդիկ, անոնք կը գործեն որպէս քաղաքացի: ՄԱՐԴՈՒԺ են: Հայոց կաթողիկոսի մտածումը կը վերաբերի Ազգային Մարդուժ-ի, որ ունենայ ազգային ըմբռնում եւ տեսիլք, ըլլայ ներդրում ազգապահպան գործին մէջ:

Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ գիտնալ ՍՓԻՒՌՔ-ի մասին, ի՞նչ ընելու համար: Այս հարցերու մասին տեսակէտներ, եւ վիճարկում չկան, որպէսզի հասարակ յայտարարի մը շուրջ հասարակական կարծիք ստեղծուի, եւ ապա, մասնակիներէն անդին, գոյութենական առաջադրանքի մը շուրջ միացման գաղափարախօսութիւն ծնունդ առնէ, որուն հեռանկարը ըլլայ ԱԶԳԻ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ եւ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ, որ կ՛ենթադրէ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՀԻՄՆԱԿԱՌՈՅՑ-ը, առանց որուն` կը մնանք ուրիշներու դրան առջեւ կամ անոնց դուռը բախող տարբեր անուններով անհատներու գաղթականութիւններ, մինչեւ որ նոր ինքնութիւններու տարազ հագնինք, որ կ՛ըլլայ նորի սկիզբ, ոչ նախկինի շարունակութիւն: Մարդուժ պէտք է ունենալ գաղթական զանգուածները ոչ թէ կուշտ եւ յաջողած դարձնելու համար, այլ` հայամէտ շարունակութիւն:

Իրատեսութեամբ պէտք է գիտնալ, որ համայնքներու բնակավայրերը հայու հայրենիք չեն, չեն կրնար ըլլալ: Այս մոլորութեան մէջ պէտք չէ իյնալ, ան կ՛ըլլայ հակասութիւնը շեփորուած  հայրենասիրութեան, զոր ուզած ենք կամ կը կարծենք պաշտպանել:

Եղած են իմաստուն եւ ոչ աղմկարար հայ մտաւորականներ, բայց կը շարունակենք պոռոտախօսները լսել, իմաստունները չենք ճանչնար եւ չենք լսեր: Անոնք ազգի հոգեբարոյական մարդուժն են:

Ո՞վ կը յիշէ Վիգէն Խեչումեանը եւ անոր «Գիրք լինելութեան»-ը, ուր կայ մեծ եւ խոր իմաստութիւն: Եթէ իր խօսքը` «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ», ամէն օր եւ ժամ, ամէն բնոյթի առաջնորդ, քաղաքական ղեկավար, գրող, հրապարակախօս, կրօնական, իւրաքանչիւր հայածնունդ, հայրենաբնակ, հայ գաղթող, սփիւռքահայ յիշէ եւ լսէ, ան կը դառնայ ներշնչող միտք, եւ շատ բան կը փոխուի մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ:

Հիւրը տանտէր չէ, ժամանակաւոր ներկայութիւն է իրեն չպատկանող ծածկի տակ: Երբ կը դադրինք հիւր ըլլալէ, կամ կ՛երթանք այլ տեղ, կամ ինքնութիւն կը կորսնցնենք, կ՛այլանանք, ընդունելի ըլլալու համար կ՛ըլլանք ծառայ: Նոյն Վիգէն Խեչումեանը գերեվարուած հայու մը համար կ՛ըսէ, որ անոր «լեզուն կտրած էին, որ հայերէն չխօսի»: Մտածել գերեվարուած եւ լեզուն կտրած հայուն մասին:

Ո՞վ ի՛նչ գիտէ ՍՓԻՒՌՔ սահմանումին տակ դասուած մարդոց համրանքի, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին, ծոցի գրպանի շնորհուած նոր ինքնութիւններէն տարբեր: Ի՞նչ գիտենք անոնց ազգային նկարագրի եւ իրաւ շարունակութիւն ըլլալու ըմբռնումի մասին, որ տարբեր որակ կ՛ենթադրէ  ծագման մը միգամածային յիշողութենէն, որքան ալ յայտնի եւ բազմաթիւ ըլլան այդ միգամածային անունները, անոնցմէ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒԺ ՉԻ ՅԱՌԱՋԱՆԱՐ:

Բառեր, ինչպէս` ձուլում, համարկում, օտարում, այլասերում, հայապահպանում, տարբեր անուններով կրօնական համայնքներ, յանձնառու հայեր, կուսակցութիւններ, հայախօսներ եւ օտարախօսներ: Իւրաքանչիւր եզրի տակ ի՞նչ թիւ կրնանք արձանագրել: Այս անորոշութեան մէջ ինչպէ՞ս ղեկավարում կարելի է խաղալ` բացի անցեալ յիշելու եւ յիշեցնելու ենթակայական ճապկումներու խաղին անձնատուր ըլլալէ, կամ մեղաւոր փնտռելով խծբծանք ըսելէ եւ լսելէ:

«Սփիւռքի տարի»-ն կը ստեղծէ՞ պայմանները, որպէսզի ղեկավարութիւնները կարենան մտածել, կողմնորոշուիլ եւ առաջնորդել` հիմնուելով առարկայական տուեալներու վրայ, հեռանալով ենթակայական եւ քարոզչական  դատարկ գնահատումներէ: Յառաջիկային պիտի կարենա՞նք ունենալ, մօտաւոր ճշգրտութեամբ, սփիւռքի թուական եւ ազգային որակի պատկերացում: Այդ ինչպէ՞ս կարելի է ընել` առանց նպատակային կազմակերպական կառոյցներու եւ անոնց աշխատանքի իրականացման համար անհրաժեշտ  նիւթական միջոցներու տրամադրման, ինչպէ՞ս ոչ ենթակայական, գէթ մօտաւոր գնահատումը կրնանք ընել սփիւռքի թուաքանակի եւ անոր մարդկային, գիտական ու նիւթական կարողականութեան, որպէսզի մտածուի անոնց օգտագործման եւ ներդրման մասին, որպէսզի ՄԱՐԴՈՒԺ-ը չխարխափէ  եւ գիտնայ` որո՛նց հետ գործել:

Այս աշխատանքին պէտք է ձեռնարկել` մեկնելով կառուցողական քննադատութեան դիրքերէ, խուսափիլ անցեալի սխալներէ, մարդկային եւ նիւթական ծիծաղելիութեան հասնող մսխումներէ, որոնք անցեալին չեն անհանգստացուցած հանրային կարծիքը: Կը յիշեմ հայկական փոքրիկ համայնքի  մը պարագան, որ ունէր երկու դրկից ակումբ-կեդրոններ: Ովկիանոսէն անդին, ուրիշ համայնք մը, եկեղեցիի շրջափակին կից ունէր երկու հայկական պատկից վարժարաններ: Ուրիշ տեղ, փողոցի մը դէմ դիմաց մայթերուն կից կային երկու վարժարաններ: Նման կոտորակումներով ինչպէ՞ս ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ կը ստեղծուի: Մարդուժը, եթէ կայ անգամ, կը մսխուի:

Հիմա արդէն դասական սփիւռքին պահած հայերէնի  լեզուական միութիւնը խախտած է տեղի ունեցած եւ շարունակուող հայրենալքում-արտագաղթին պատճառով, որ կը գումարուի տեղական լեզուներու որդեգրման խառնակութեան վրայ` սփիւռքը դարձնելով լեզուական, մշակութային եւ քաղաքական տարբեր ըմբռնումներու խառնավայր, լաբիւրինթոս:

«Սփիւռքի տարի», «Մարդուժի տարի», կը ստեղծե՞ն պայմանները հասկնալու եւ յանդգնութեամբ գնահատելու ՍՓԻՒՌՔ-ի ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ, ապա ընելու այնպէս, որ ԱԶԳ-ի համրանքը շրջապատի մէջ մոմի պէս չհալի: Պէտք չէ մտածել անմիջականի ճնշման տակ, այլ` գալիք սերունդներու: Եթէ այս աշխատանքը այսօր չընենք, այդ մեր փոխարէն ոչ ոք պիտի ընէ` ո՛չ այսօր, ո՛չ վաղը: Պարզ է,  որ սփիւռքը ազգի տեսանկիւնէ, պատմական արկած մըն է, ան ոչ մէկ պարագայի յաւերժական է, ինքնանպատակ գոյութիւն չէ, ան իմաստ ունի, եթէ հետապնդէ հայրենատիրութեան իրականացումը:

Հայոց կաթողիկոսի յայտարարութիւնները յուզման էսթեպլիշմընթային հանդիսութեան հրաւէր չեն, այլ` ազգի ապագայ նախատեսելու եւ ըստ այնմ կազմակերպուելու ու գործելու նախաձեռնութեան սկիզբ, որպէսզի տոկանք եւ մնանք ԱԶԳ:

Ո՞վ պիտի որոշէ, թէ շաբաթավերջի զուարճութիւններէն տարբեր ի՛նչ բովանդակութիւն եւ ի՛նչ որակ պէտք է տալ «Սփիւռքի տարի»-ին, «Մարդուժի տարի»-ին,  որպէսզի  ազգի լինելիութեան եւ հայու հայրենիքի հեռանկար ըլլան, իմաստաւորեն ճշմարիտ եւ խորքային յանձնառութիւնները, եւ հայ, հայութիւն ու հայրենիքը օր մը չյայտնուին անցեալի մոռացման  էջերուն վրայ:

Միշտ պէտք է մտածել, որ վաղը միշտ ուշ է: Յիշեցում` դառն ու կոշտ իրականութիւնը մտահան չընելու, թէ համաշխարհայնացման գերաճող սպառնալիքն է, որ  դամոկլեան սուրի  պէս կախուած է մեր մանրուած ու մանրուող ազգի եւ անոր փոքրացած հայրենիքի վերջին բեկորի գլխավերեւը:

Ֆրանսայի նախագահներէն հարուստ կենսափորձ ունեցող Ժագ Շիրաք ըսած է. «Երբ կը ստանձնեմ պայքարը, չեմ մտածեր այն մասին, որ կրնամ այդ կորսնցնել»:

Չգիտակցիլ եւ չպայքարիլ` կ՛առաջնորդեն հարաքիրի ընելու:

Իրատեսութեան պահ պէտք է ըլլան «Սփիւռքի տարի»-ն եւ «Մարդուժի տարի»-ն` ընելու համար այնպէս, որ ասդին կամ անդին եղած ինքնութիւն պահելու յաւակնութիւն ունեցող ինքնագոհ փոքրամասնութիւններ չմոռցնեն նահանջող մեծամասնութիւնը, եւ «ծառը չծածկէ անտառը», ինչպէս կ՛ըսէ ֆրանսացին: Սեւեռել ազգը` որպէս ամբողջ, ոչ որպէս սոսկ համայնք, թաղ, գիւղ: Եւ հայրենահանուածներու ՍՓԻՒՌՔ-ի յիշողութեան մէջ վառ պահել ԻՐ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը, Ravished Armeոia, որուն ազատագրութիւնը իր գոյութենական անժամանցելի դատն է, որուն տէր ըլլալէ հրաժարիլ` վատասերածի վատութիւն է:

Փարիզ

Նախորդը

Պատերազմական

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ակնկալուի Մեր Ուսեալ Հայորդիներէն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?