Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Պատժական Արշաւանքին Միւս Իրագործումը (25 Յուլիս 1897)

July 25, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Խանասորի արշաւանքին բարոյական արժէքը մեծ եղաւ կուսակցական վերակենդանացման եւ քիւրտերու հետ բարեկամանալու տեսակէտէն:

ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Կան թերահաւատներ, որոնք դարձեալ զարկ տալով իրենց հնաբոյր մտքին ու ժամանակավրէպ մօտեցումներուն եւ ընթերցելէ ետք վերեւի մէջբերումը, պիտի ըսեն, թէ բարոյական արժէքներ վաղուց անտի կորսնցուցած են իրենց գրաւչութիւնը, մանաւանդ` ներկայ դարուս, երբ անբարոյութիւնն ու նիւթականութիւնը ուղղակիօրէն ներթափանցած են մեծ թէ փոքր ժողովուրդներու առօրեայ կեանքին մէջ` ոչ միայն աւերներ գործելով, այլ նաեւ ստրկացնելով հսկայածաւալ շրջանակներ:

Ի դէպ, ոչ ոք կրնայ ուրանալ կամ անտեսել արդի մարդու թէ հաւաքական կեանքի տնօրինման մէջ յոռի բարքերու ազդուութիւնը, որ, նորութիւն մը չըլլալով հանդերձ, սկսած է իր ուժեղ տիրակալութիւնը բանեցնել երիտասարդական խաւին թէ ընդհանրապէս մարդ էակին վրայ:

Միւս կողմէ, մտահան պէտք չէ ընել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ առանց մարդկային արժէքներու թէ գաղափարական արժեհամակարգի, ինքզինք յարգող ոեւէ հաւաքականութիւն հազիւ թէ կարենայ տոկալ օրըստօրէ ահագնացող յորձանուտին դէմ, որ կը փորձէ այլասերել եւ անդիմագիծ դարձնել ներկայ ժամանակին մէջ ապրող մարդ արարածը` ժողովուրդ թէ ազգային շրջապատ:

Ահա թէ ինչո՛ւ անցեալէն դասեր քաղելու հրամայական պահանջը ի զօրու է նաեւ մեր օրերուն, այլապէս ճանչնալու մենք զմեզ եւ նորովի մտածելակերպ ու աշխատանքի ոճեր որդեգրելով` դիմակայելու զարմանազան մարտահրաւէրները:

Խանասորի արշաւանք:

ՀՅ Դաշնակցութեան պատմագրութիւնը սպիտակ էջերու վրայ արձանագրած է դիպաշար մը, որ 127 տարիէ ի վեր կը շարունակէ հմայել եւ ոգեզինել պատանի թէ երիտասարդ փաղանգներ, որովհետեւ սովորական արարք մը չէ եղած անիկա, ոչ ալ` թուրքի կամ քիւրտի դէմ մղուած անցողակի կռիւ մը, այլ հանդիսացած է իր բնոյթով եզակի արշաւանք մը, պատժական արարք, կազմակերպուած բուռ մը ֆետայիներու կողմէ վայրագ ցեղախումբի մը դէմ, որ յանդգնած էր սպաննել հայ ժողովուրդի ընտիր զաւակները, որոնք հեռացած էին Վանէն թրքական բանակի դէմ մարտեր մղելէ ետք:

Քիւրտ մազրիկ ցեղախումբը` պաշարելով 800 ֆետայի եւ անզէն ժողովուրդ, Վասպուրականի լեռներուն վրայ բնաջնջած էր զանոնք: Փաստօրէն, արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի եւ դաշնակցական Պետոյի ղեկավարութեամբ նահանջող ֆետայիներէն հազիւ քանի մը հոգի ողջ մնացած էին:

Հայութեան տրուած ծանր հարուած մըն էր: Ժողովուրդ մը ամբողջ բարոյալքուած վիճակ ունէր:  Ըստ Ռուբէն Տէր Մինասեանի. «Յեղափոխականներու վարկը ինկած էր ժողովուրդի աչքին», կը տիրէր ընդհանուր յուսալքութիւն:

Անկրկնելի հայդուկապետ, ռազմավար ու հզօր կամքի տէր Նիկոլ Դուման կը յղանար արշաւանք մը կազմակերպելու միտքը: Ներքին թէ արտաքին բազմաթիւ արգելքներ շրջանցելէ ետք, իր լրումին կը հասցնէ կազմակերպչական աշխատանքը: 250 հոգիէ բաղկացած արշաւախումբը կը յարձակի Արաուլ լերան լանջին կայք հաստատած մազրիկ ցեղախումբին վրայ: Սաստիկ հրացանաձգութիւն, եւ մարտեր երկուստեք: Ցեղապետ Շարաֆ բէկ փախուստ կու տայ, իսկ վրանաքաղաքը հրոյ ճարակ կը դառնայ: Քիւրտը` անակնկալի եկած, կը ճաշակէ հայ բազուկին ու կամքին ուժգնութիւնը ու անկէ ետք միշտ հաշուի կ՛առնէ ՀՅ Դաշնակցութեան ուժը, աւելի զգուշ կեցուածք կ՛որդեգրէ եւ կ՛ուզէ բարեկամանալ հայութեան հետ:

Մասնաւորելով` կարելի է ընդգծել, որ Խանասորի արշաւանքով հայութիւնն ու ֆետայական շարքերը կը վաստկէին նորովի ինքնավստահութիւն: Քիւրտը մօտէն ճանչցած էր հայութեան հարուածելու արիութիւնը եւ անդրադարձած, որ հայու բազուկը ի պահանջել հարկին կրնայ նաեւ պատժել թշնամին:

Հակառակ հայ ֆետայիներու ստուար կորուստին, Խանասորի արշաւանքէն ետք, Դաշնակցութեան կազմակերպական թէ զինուորական աշխատանքները առաւել թափ կ՛առնէին, հոգեփոխութիւնը համատարած էր, վրէժի զգացումը կամ թշնամին հարուածելու կորովը բարձրացած էր: Ուրեմն, հայը, իր կարգին, կարող էր ուժգին հարուած տալ քիւրտին եւ թուրքին` ցոյց տալով իր բազուկի մեծութիւնը:

Այս արշաւանքէն ետք հայ զինատար խումբերը աւելի հանգիստ ու անվտանգ կը կատարէին իրենց սրբազան գործը` դէպի Երկիր փոխադրելով զէնք ու զինամթերք:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս արշաւանքով փաստած էր իր կարողականութիւնը եւ թշնամին պատժելու որոշումի գործադրութիւնը:

Արդ, Խանասորի արշաւանքը բարոյական արժէքներու խտացումն է ինքնին, որով պէտք է հոգեզինուիլ բոլոր ժամանակներուն, մանաւանդ` օրհասի պահերուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն

Յաջորդը

127-Ամեակ Խանասորի Արշաւանքին. Խանասորը` Պայքարի Եւ Յաղթանակի Խորհրդանիշ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.