Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սապատի Պատմութիւն…

Յուլիս 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրայատուկ են նաեւ արաբները` իրենց սրամտութեամբ եւ վիճակներու ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ: Անծայրածիր անապատին մէջ շրջանէ շրջան տեղափոխութեան ժամանակ անոնք առակներ ու մանրավէպեր հիւսած են` իրենց շրջապատէն տպաւորուած եւ ներշնչուած:

Դիպուկ պատմութիւններէն մէկը հետեւեալն է: Անոնք իրենց ամէնէն վստահելի փոխադրամիջոց ուղտերէն մէկուն հարցուցած են, «Ինչո՞ւ կռնակդ ծուռ է (այսինքն սապատ ունիս)»: Պաղարիւն եւ իմաստուն ուղտը բերնին մէջ բան մը վեր-վար ծամծմելով եւ խոհուն նայուածքով մը պատասխանած է, «Ինչու մարմնիս ո՞ր մէկ մասը շիտակ է, որ կուզ կռնակիս մասին կը խօսիք»:

Հայաստանի մէջ անապատ չկայ, ո՛չ ալ ուղտ: Սակայն ուղտին ծուռ տեղերուն մասին պատմութիւնը պերճախօս կերպով կը բացատրէ ծռութիւններով հարուստ իրականութիւնը, կը մերկացնէ ներկայ ձախաւեր իշխանութիւնը:

Քիչ մը երկար ժամանակի վրայ դիտենք իրականութիւնները. պիտի տեսնենք, որ ո՛չ մէկ բան ճիշդ ձեւով կը գործէ: Ծռութիւնները վարակած են ամէն կալուած` ներքին թէ արտաքին ոլորտներու մէջ: Իսկ ինքզինք տակաւին «ազգընտիր» նկատող վարչապետը, կառչած իր աթոռին, չունի կարողութիւնը գիտակցելու, որ անհատն ու անձնականութիւնը բոլորովին տարբեր են պետութիւն եւ պետականութիւն հասկացողութենէն: Իր կողքին հաւաքուած խունթան ալ միեւնոյն ընթացքին մէջ է եւ չի տեսներ, որ երկրի կառավարման կառոյցը ամբողջութեամբ փուլ եկած է:

Ու երբ երկիրը քարէ քար եւ վնասէ վնաս կը նետուի իշխանաւորներուն բերած յորձանուտին մէջ, վարչապետի հլու կամակատար` նախկին «գերնախարար» Արայիկ Յարութիւնեան հրապարակ կու գայ կոյրի, անտարբերի ու անիրատեսի մեկնաբանութեամբ մը. «Նկատելի է, որ դժգոհներու թիւը պակսած է: Քանի մը օրէն պիտի մարի»:

Կայ աւելին. ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել դիւանագիտական ոլորտէն ներս ստեղծուած պարապութիւնը: Ժամանակին, նորացուած Պաղ պատերազմի օրերուն, երկու կողմերուն միջեւ գործող դիւանագէտները հայրենիքի շահերուն գիտակից հայորդիներ էին: Այսօ՞ր: Ազգային շահերու պաշտպան դիւանագիտական անձնակազմին մէջ մոմով պէտք է փնտռել իսկապէս գործողներ, ասպարէզը ձգուած է օտարներու, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի «դժոխք»: Կորսուած է այն ճկունութիւնը, որուն վստահելով` կարելի ըլլայ «լեզու գտնել» թէ՛ Արեւմուտքին եւ թէ՛ Արեւելքին հետ: Միայն կը փորձուի լեզու գտնել… թուրք-ազերիին հետ, որ վճռած է քարտէսէն ջնջել Հայաստանը: Իշխանաւորները դարձած են այլոց շահը պաշտպանողներ, միջազգային եւ մեկուսի աղտոտ ու ճղճիմ հաշիւներու զոհ գացած մունետիկներ: Մինչդեռ խելամիտ դիւանագիտական անձնակազմ մը կրնար հետեւողական կերպով կապեր հաստատել զանազան բեւեռներու հետ, ՀԱՊԿ-ին անդամակցութիւնն ու սերտ յարաբերութիւններ պահելով մէկտեղ` գործակցական որոշ կապեր մշակել ՕԹԱՆ-ին հետ: Առաւել կամ նուազ չափով այդպէս էր անկախութեան վերականգնումէն ետք, մինչեւ 2018. եւ թող ո՛չ ոք ինքզինք պատսպարէ «աշխարհը փոխուած է»-ի վահանին ետին: Աշխարհը ամէ՛ն օր կը փոխուի, ամէնէն կծու հակառակորդներ ու մրցակիցներ իսկ ձեւը կը գտնեն գործակցական կապերը բոլորովին չխզելու: Չենք ուզեր օրինակներ ցանկագրել…

Արեւմուտքը ամէն գնով պարան կ՛երկարէ եւ կը ներգրաւէ ներկայ իշխանութիւնները` մոռնալով կամ երկրորդական սեպելով համաթուրանականութեան լուրջ վտանգները, գերադասելով Ուքրանիոյ ներկայ իրավիճակը: Գաղտնիք չէ նաեւ այն, որ երկար ատենէ ի վեր երկրորդ Ուքրանիա մը կ’ուզեն ստեղծել Կովկասի բարձրաւանդակին, եւ իրենց համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ հայե՞ր, թէ՞ վրացիներ (կամ ուրիշներ) կրնան կոտորուիլ, հող կորսնցնել, իսկ մենք արդէն կը կորսնցնենք` առանց ուքրանական տարողութեամբ պատերազմի մէջ ձգուելու…

Տեղին է հարց տալ. Արեւմուտքը բաց աչքերով չի՞ հետեւիր Երեւանի անցուդարձերուն, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին ստեղծած հոսանքին ու անոր դէմ իշխանաւորներուն ափաշկարա բռնամիջոցներուն: Հոն ալ ծածկուած է իրավիճակը: Արեւմուտքի լրատուական ցանցերը հազիւ թէ կ’արձագանգեն (ընդհանրապէս կը նախընտրեն չարձագանգել) աւելի քան ամիս մը առաջ ծայր առած իրադարձութիւններուն, փոխարէնը` երկրորդական նիւթեր առաջնահերթութեամբ կը ներկայացուին:

Արեւմուտքը քաջատեղեակ է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «ժողովրդավարութեան պասթիոն» չէ, այլ վերածուած է ոստիկանապետական բռնատիրութեան:  Աւելի՛ն. սուտ ու շինծու լուրեր կը տարածուին, թէ Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումը «հիներ»-ուն ստեղծած մէկ գաղափարն է ու կը վայելէ Մոսկուայի աջակցութիւնը: Իսկ բոլորովին այլ հարց է, թէ արդեօք հին կամ  նոր մնացա՞ծ է, կամ կարելի՞ է մէկը միւսէն զանազանել փաշինեանական «թազա Հայաստան»-ին մէջ:

Քաղաքական անապատէն դուրս գալով` վերադառնանք աշխարհագրական անապատ: Հակառակ իր մարմնական բոլոր ծռութիւններուն` օգտակար ուղտը իր պարտականութիւնը լի ու լի կը կատարէ: Նոյնը կարելի չէ ըսել Երեւանի վարչախումբին մասին. կը բաւականանանք կրկնելով այս «իմաստուն» սապատաւորին խօսքը. «Ինչու մարմնիս ո՞ր մէկ մասը բնական է»:

 

Նախորդը

Մանուէլին Հայկական Տուները

Յաջորդը

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ- Բ.- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Թրիփոլիի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?