Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրթական Հոգեր

Յուլիս 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նախորդ շաբթուան մէջ յայտարարուեցան Հայաստանի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու (ԲՈՒՀ-համալսարան) մուտքի քննութիւններու արդիւնքները: Յունուարին առաջին առիթ մը տրուած էր դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն մասնակցելու համալսարան ընդունման քննութիւններու. երկրորդ առիթը, գլխաւորը, յունիս ամսուն կայացաւ: Ժամանակին այս քննութիւններուն կը դիմէին 19-20 հազար դիմորդներ. այժմ այդ թիւը նուազած է 12-14 հազարի, հակառակ համալսարաններու բազմացման: Լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրող աշակերտները կ՛ընդունուին անվճար` պետական պատուէրով, միւսները վճարովի: Արդիւնքները կը վկայեն 271 պետական պատուէրով (անվճար) եւ 6300 վճարովի տեղերու թափուր մնալուն մասին: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը որոշած է յաւելեալ առիթ մըն ալ տալ աշակերտներուն` յուլիս ամսուն, լրացնելու համար բացերը:

Համալսարաններու բազմաթիւ բաժանմունքներ ընդունուած են մատերու վրայ հաշուըուող թեկնածուներ: Ամէնէն աւելի ուսանողներու կարիք ունին Հայաստանի պետական մանկավարժական ու գիւղատնտեսական համալսարանները: Հայաստանի բնակիչները ո՛չ ուսուցիչ կ՛ուզեն ըլլալ, ոչ ալ գիւղատնտես:

Բարձրագոյն ուսման նկատմամբ այս անտարբերութեան պատճառները բազմաթիւ են ու խոր: Ըստ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին, համալսարանները չեն առաջարկեր ուսանողներու պահանջներուն համապատասխանող դասանիւթեր: Համալսարանը պէտք է հայթայթէ երկրին կարիքներուն համապատասխանող մասնագէտներ, սակայն նկատելի է, որ ուսուցիչներու ծով կարիք կայ, բայց թեկնածու չկայ. ինչպէ՛ս բացատրել ուրեմն, այս անտարբերութիւնը:

Վերջին երեսուն տարիներուն բազմաթիւ բարեկարգումներ կատարուեցան կրթական մարզին մէջ: Խորհրդային Հայաստանի օրերուն դպրոցը տասնամեայ էր, իսկ համալսարանի առաջին մասը` քառամեայ: Ամբողջ աշխարհի մէջ կիրարկուող դպրոցական տասներկուամեայ դրութեան համարկուելու համար, Հայաստան միացաւ եւրոպական երկիրներու կրթական համակարգերը միաւորող Բոլոնիայի համաձայնութեան. Բոլոնիայի համակարգը եւրոպական երկիրներու մէջ տրուող դպրոցական թէ համալսարանական վկայականները իրարու համապատասխան կը դարձնէր:

Դպրոցական տարիները տասնէն նախ տասնմէկ, ապա տասներկու դարձնելով, Հայաստանի մէջ յառաջացան միջնակարգ դպրոցներ, մինչեւ իններորդ դասարան եւ աւագ դպրոցներ` տասնէն տասներկու դասարաններով: Աւագ դպրոցի ստեղծումը (ֆրանսական լիսէներու հետեւողութեամբ) կը պահանջէր լուրջ նախապատրաստութիւն. ծրագիր, դասաւանդման  եղանակ, ուսուցիչներու վերապատրաստում, եւ այլն: Այդ աշխատանքները կատարուեցան թէեւ, բայց` թերի եղանակով, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի ուսուցիչներու վերապատրաստման: Ուսուցիչները պարտաւորուեցան դասաւանդել այնպիսի նիւթեր, որոնք նախապէս կը դասաւանդուէին համալսարանի առաջին տարիներուն: Աւագ դպրոցներուն մէջ կարելի չեղաւ ստեղծել ուսումնական այն միջավայրը, որ 15-էն 18 տարեկան աշակերտները կը նախապատրաստէ համալսարանական բարձրագոյն ուսման: Աւելցուցէք վրան դասերու նկատմամբ անտարբերութիւնը եւ բացակայութիւններու մեծ թիւը: Աւագ դպրոցը աւարտողը պատրաստ չէ բարձրագոյն ուսման, ձգտում չունի ու կը նախընտրէ կա՛մ դիմել արհեստագիտական դպրոցներ, կա՛մ ալ` ուղղակի առեւտրական շուկայ:

Իշխանութիւնները կ՛ուզեն բոլոր համալսարանները համախմբել ակադեմական քաղաքի մը մէջ: Երեւանի մէջ տարտղնուած թէ համախմբուած ակադեմական քաղաքի մը մէջ տագնապին լուծում չեն հանդիսանար: Անհրաժեշտ է վերանայիլ ընդհանուր համակարգը, ինչպէս կ՛ըսուի` չափորոշիչները, եւ կամաւոր «թեսթաւորման» փոխարէն կազմակերպել մնայուն ուսուցման ձեւեր, այսինքն` միջնակարգ ու աւագ դպրոցներու, նաեւ համալսարաններու դասախօսներու վերապատրաստման դասընթացքներ: Կրթական ասպարէզը կարիքը ունի լրջագոյն հետեւողականութեամբ վերանայումի, որպէսզի կարելիութիւնը ունենայ  պետական եւ ազգային կարիքներու գոհացման համար պատրաստել մասնագէտներ, որոնք ուշ կամ կանուխ բոլոր մարզերուն մէջ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնեն:

 

 

 

Նախորդը

Պայտընի Ուշացած Որոշումէն Ետք

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Հայ Հոգեւոր Ձեռագրական Կեդրոններու Հիմնադիր Առաջին Նիստին

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?