Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Յուլիս 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 13 յուլիս 2024-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կից գտնուող «Յովնանեան հիմնադրամ»-ի շէնքի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան աւանդութիւններէն եղող ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը:

13-24 յուլիս երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 20 հայ երիտասարդներ:

Հաւաքի բացումը կատարեց «Ֆորում 2024»-ի ընդհանուր պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանը, որ նախ հրաւիրեց ներկաներ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու բոլոր ժամանակներու հայ նահատակներուն յիշատակը, ապա ներկայացուց ֆորումը, անոր նպատակը, անոր ձգած ազդեցութիւնը մասնակիցներուն վրայ, ինչպէս նաեւ այն ծրագիրը, զոր միասին պիտի գործադրեն յաջորդող օրերուն:

Մասնակիցները ողջունեցին եւ հերթաբար խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արա Գէորգեանը, Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Տիգրան Պապիկեանը, Արտաշէս Շահպազեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի աշխարհասփիւռ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան:

Պաշտօնական բաժինին յաջորդեցին հաճելի պահեր` «Նուպար» ազգագրական երգ ու պարի համոյթին հետ, իսկ անկէ ետք տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ընթրիք:

Կիրակի, 14 յուլիսին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Չարենցի կամար, Գառնի, Քարերու սիմֆոնիա եւ Գեղարդ: Նոյն օրուան երեկոյեան` ընկերային մթնոլորտի մէջ ունեցան մտերմիկ ընթրիք:

Երկուշաբթի, 15 յուլիսին ֆորումականները  ուղղուեցան Էջմիածինի Մայր տաճար եւ Ս. Գայիանէ եկեղեցի, որմէ ետք մօտակայ Արշալոյս գիւղին մէջ առիթ ունեցան շրջելու, դիտելու եւ մասնակից դառնալու Ռուբէն Նալպանտեանի «Խաչքարերու վարպետաց դպրոց»-ի արուեստին եւ աշխատանքներուն: Մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց լաւաշ թխելու եւ խաչքարի փորագրման առաջին փորձառութիւն ունենալը: Երեկոյեան անոնք հանդիպում ունեցան «Պըրթ Ռայթ Արմենիա»-ի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի հետ, որ համառօտ ծանօթացում մը տուաւ ծրագիրի նպատակին, գործելաոճին եւ դիւրութիւններուն մասին:

Երեքշաբթի, 16 յուլիսի առաւօտեան ֆորումականներուն այցելութիւնը եղաւ Սարդարապատ, ապա «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախի ազատագրական պայքարին, 2016-ի քառօրեայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն: Ապա Ծիծեռնակաբերդի մէջ երիտասարդները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Անոնք  ծանօթացան նաեւ Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանին, հոն տեղադրուած հսկայական հաւաքածոյին:

Նոյն օրը կէսօրէ ետք անոնք այցելեցին «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն եւ ծանօթացան կեդրոնի զանազան աշխատանքներուն ու բաժիններուն:

Չորեքշաբթի, 17 յուլիսին ֆորումի մասնակցող ուսանող-երիտասարդները այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի ընդունելութեան բաժինի պատասխանատու Մեղրի Խօշեանի հետ, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց համալսարանը եւ պատասխանեց ֆորումականներու հարցումներուն:

Ապա անոնք այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարան (Ազգային ժողով), ուր զանոնք դիմաւորեցին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիստինէ Վարդանեան, Գեղամ Մանուկեան եւ Արթուր Խաչատրեան:

Այս առիթով Գեղամ Մանուկեան Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Համազգային մշակութային միութիւնը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան  երեւելիներից շատերի կողմից ստեղծուեց 1928 թուականին, որպէս նոր ձեւաւորուած Սփիւռքում մշակութային, կրթական գործի կազմակերպիչ: Մէկդարեայ գործունէութեան ընթացքում` տասնեակ դպրոցներ, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, մշակութային խմբեր: Սա՛ է Համազգայինի գործունէութեան արդիւնքը: Արդէն տարիներ շարունակ միութիւնը հայրենիքում կազմակերպում է տարեկան ուսանողական ֆորումներ, որի ժամանակ Հայաստան են ժամանում տասնեակ երկրների երիտասարդներ:

«Այսօր պատիւ ունեցայ գործընկերներիս հետ Ազգային ժողովում ընդունել Համազգային ֆորումի մասնակիցներին: Ջերմ զրոյց էր 8 երկրից ժամանած երիտասարդների հետ: Յատուկ շեշտեցի, որ համազգայնականների համար խորհրդանշական է խորհրդարանում լինելը: Համազգայինի հիմնադիրներից եւ Դաշնակցութեան ականաւոր գործիչներից մէկը` Աւետիք Սահակեանը եղել է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Խորհրդարանի նախագահը, Լեւոն Շանթը` փոխնախագահը»:

Ֆորումի մասնակիցները ծանօթացան նաեւ Ազգային ժողովի թանգարանին եւ գրադարանին, Ազգային ժողովի գրադարանին նուիրեցին Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի վերջին հրատարակութիւններէն օրինակներ` «ես եմ, Ես կամ», «Հնչող ձայներ» եւ շարք մը այլ հրատարակութիւններ:

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ֆորումականները «Խնկօ Ապոր» գրադարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան Կիպրոսի «Սիփան» պարախումբի անդամներուն հետ, պարախումբի ելոյթը վայելելէ ետք անոնք եւս սորվեցան կարգ մը պարեր ու «Սիփան»-ի պարողներուն հետ միասին կատարեցին հայկական պարեր:

 

Նախորդը

Վկայագիր Մը «Ֆայհա»-ին

Յաջորդը

«Քոնֆըրընսի Լիկա». Նոա Եւ Ուրարտու Յաղթեցին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?