Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Կ՛ուզեն Վայելել Կեանքը, Ոչ Թէ Յաւերժ Պայքարիլ, Ըսած Է Փաշինեան

Յուլիս 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթ շարունակած է պաշտպանել իր զիջողական քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի հանդէպ` համարելով, որ հայերը կը նախընտրեն վայելել իրենց կեանքը, քան` յաւերժական պայքար մղել:

23 յունիսին, դիմելով իր Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ղեկավարներուն, Փաշինեան հռետորական հարցում ուղղած է. «Կրնա՞նք պետութիւնը ընկալել իբրեւ հոս ապրող մարդոց բարեկեցութիւնը եւ երջանկութիւնը կարելի  դարձնելու միջոց եւ ոչ թէ ռազմական խարիսխ, յառաջապահ կէտ` յաւերժական պայքարի մը համար… Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւերժական պայքարի գործի՞ք է, թէ՞ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրելու գործիք է»:

Ասիկա այն վարդագոյն խոստումն է, զոր Փաշինեան տուած է ժողովուրդին 2018-ին,  իշխանութեան գալու համար: Ան խաբած է հայ հասարակութիւնը` խոստանալով բերել խաղաղութիւն եւ աւելի բարձր եկամուտ: Հիմա մենք կը տեսնենք, որ մահէն ու տառապանքէն բացի, ան ոչինչ բերած է ազգին` զոհաբերելով հազարաւոր զինուորներ, Արցախի ամբողջ տարածքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ հատուածներ: Հակասելով նախկին վարչակարգերուն ուղղած իր իսկ քննադատութիւններուն` պետական պարտքը աւելցուցած ըլլալնուն համար, ան աւելի քան կրկնապատկեց զայն` միլիառաւոր տոլարներու պարտք վերցնելով միջազգային ֆինանսական կառոյցներէ` այդպիսով հսկայական բեռ դնելով ապագայ հայ սերունդներու ուսերուն:

Փաշինեանի միակ ձեռքբերումը սեփական ընտանիքին համար շքեղ կեանք ստեղծելն է` ապրելով կառավարական առանձնատան մէջ, պտտելով սուղ ինքնաշարժներով, թռչելով կառավարական շքեղ օդանաւով ամբողջ աշխարհով մէկ եւ մնալով տարբեր մայրաքաղաքներու հինգ աստղանի պանդոկներուն մէջ: Ի հակադրութիւն` վեց տարի առաջ ան հեծանիւով կ՛երթար գրասենեակ:

23 յունիսի իր ելոյթին մէջ Փաշինեան յօրինեց գոյութիւն չունեցող երկու «մարտահրաւէրներ եւ սպառնալիքներ», զորս, ենթադրաբար, կը դիմագրաւէ հայ ժողովուրդը: Ան ըսաւ.

1) «Կան մեծ երկիրներ, միջազգային մեծ խաղցողներ, որոնք կ՛ըսեն. «… Դուն չէ՞ որ ապրող ժողովուրդ չես, դուն տառապո՛ղ ժողովուրդ ես, դուն պէտք է տառապիս, դուն պէտք է գաղթես, կոտորուիս, մաքառիս եւ այդ բոլորով գաս եւ ինձմէ փրկութիւն աղերսես, ու ես պէտք է գամ ու քեզ փրկեմ»:

2) Փաշինեան ըսաւ, որ երկրորդ մարտահրաւէրը եկած է «Ազրպէյճանէն, յատկապէս Ազրպէյճանէն, որուն ըսածը, շատ կարճ ձեւակերպուած, հետեւեալն է. դուն ինծի չես ձգած 30 տարի ապրիմ, ես ալ քեզի պիտի չձգեմ, որ դուն ապրիս, ու վրէժս պիտի լուծեմ քեզմէ»:

Փաշինեանի վերոնշեալ պարտուողական երկու յայտարարութիւնները լաւագոյնս կ՛ապացուցեն, որ ան ապաշնորհ ղեկավար մըն է, այս պատճառով ալ կը պահանջուի անոր անյապաղ հրաժարականը` քանի դեռ ան չէ կործանած մեր հայրենիքը:

Նախ եւ առաջ` աշխարհի մէջ ոչ ոք ըսած է, որ հայերը պէտք է տառապին: Ասիկա կեղծ լուր է: Միակ մարդը, որմէ պէտք է հայերը փրկել, Փաշինեանն է: Եթէ հայերը կ՛ուզեն շարունակել իրենց գոյութիւնը իբրեւ ազգ, ապա պէտք է հնարաւորինս շուտ Փաշինեանը փոխարինեն աւելի ատակ ղեկավարով, որ պիտի կարենայ պաշտպանել Հայաստանի շահերը` միաժամանակ ժողովուրդին ապահովելով պատշաճ կենսամակարդակ: Այս երկու նպատակները չեն ժխտեր զիրար:

Երկրորդ` ինչո՞ւ Փաշինեան կը վարուի այնպէս, կարծես թէ ինքը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսնակն է: Ամէն անգամ, երբ Փաշինեան կը բանայ բերանը, յստակ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Ալիեւ նստած է ոչ թէ Պաքու, այլ Երեւանի մէջ` Հայաստանի վարչապետի աթոռին… Ազրպէյճանցիները 30 տարի չեն տառապած. անոնք հիանալի ապրած են` միլիառաւոր տոլարներ շահելով իրենց նաւթն ու կազը աշխարհով մէկ արտահանելով, Պաքուի մէջ բազմաթիւ երկնաքերներ կառուցելով եւ  միջազգային հեղինակաւոր ձեռնարկներ ու համաժողովներ հիւրընկալելով: Աւելի զարմանալին այն է, որ քանի  Փաշինեանը կ՛ըսէ` Ալիեւ մտադիր է վրէժ լուծել Հայաստանէն, ապա ան Ազրպէյճանէն ինչո՞ւ կը խնդրէ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել: Արդեօք թուղթի մը կտորը պիտի խանգարէ՞ Ալիեւին` Հայաստանէն վրէժ լուծելու մտադրութենէն հրաժարելու: Կարծես թէ այս անհեթեթ յայտարարութիւնները բաւարար չէին, Փաշինեան նաեւ խօսեցաւ «այն պատճառներուն մասին», թէ ինչո՛ւ ընդդիմադիր շարժումը, զոր կը ղեկավարէ Բագրատ արք. Գալստանեան, «թուլցած է»: Բացի բարձրաստիճան հոգեւորականին նուաստացման ուղղուած աղաղակող սուտերէն` Փաշինեան ու իր համախոհները անընդհատ կը կրկնեն այն կեղծ գաղափարը, թէ ընդդիմադիր շարժումը ձախողած է: Եթէ շարժումը իսկապէս ձախողած է, ինչո՞ւ Փաշինեան կը շարունակէ խօսիլ այդ մասին: Ճշմարտութիւնը այն է, որ Փաշինեան եւ իր հետեւորդները լուրջ մտահոգուած են արքեպիսկոպոսին գործունէութեամբ եւ անոր բազմաթիւ հետեւորդներով: Վարչակարգի մտահոգութիւնը արդարացուած է, որովհետեւ վեց տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով մարդ մը կրցած է համախմբել ամբողջ ընդդիմադիր դաշտը մէկ հովանիի տակ, ինչ որ մինչեւ հիմա ոչ ոք յաջողած է իրականացնել…

Նման անհեթեթ յայտարարութիւններով Փաշինեան պարզապէս կը փորձէ յանձնուելէ ետ պահել իր կուսակցութեան անդամները, խորտակուող նաւը լքող առնէտներու պէս: Գաղտնիք չէ, որ խորհրդարանի եւ կառավարութեան մէջ իր հետեւորդները խիստ անհանգստացած են իրենց աշխատանքով եւ եկամուտներով, եթէ ընդդիմութիւնը յաջողի տապալել իշխանութիւնը: Ասկէ զատ` Փաշինեան եւ իր կողմնակիցները լուրջ մտավախութիւն ունին, որ կը ձերբակալուին եւ կը մեղադրուին` փտածութեան, իշխանութեան չարաշահման, Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները խախտելու եւ Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները Ազրպէյճանին յանձնելու մէջ:

Վերջին օրերուն, արքեպիսկոպոս Գալստանեան սկսած է ճամբորդել Երեւանէն դուրս` երկրի այլ հատուածներու մէջ համախոհներ ձեռք բերելու նպատակով: Արքեպիսկոպոսը պէտք է ընդդիմադիր խումբեր կազմէ Հայաստանի բոլոր գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ, որպէսզի շարժումը ընդլայնի Երեւանէն դուրս` զայն դարձնելով ազգային: Բողոքի գործողութիւնները ամբողջ երկրին մէջ տարածելու երկրորդ առաւելութիւնը այն է, որ Փաշինեան չի կրնար ամբողջ երկրէն հազարաւոր ոստիկաններ բերել Երեւան` ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնները ճնշելու համար: Եթէ միեւնոյն օրը Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ նո՛յն ժամանակ բողոքի ցոյցեր ըլլան, ոստիկաններ ստիպուած կ՛ըլլան մնալ իրենց տեղական տարածքներուն մէջ, եւ ուրեմն անկարելի կը դառնայ մեծ թիւով անոնց Երեւան գալը` ցուցարարներու վրայ յարձակելու համար:

Վերջապէս, քանի որ սփիւռքահայերը նոյնպէս կ՛աջակցին ընդդիմադիր շարժման, արքեպիսկոպոսը պէտք է իր շարժման ներկայացուցիչներ նշանակէ տարբեր երկիրներու մէջ, որպէսզի անիկա դառնայ համահայկական համաշխարհային շարժում` չսահմանափակուելու համար միայն Երեւանով կամ Հայաստանով:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 44-րդ Հատորի Առաջին Գիրքը

Յաջորդը

«Աշխարհը Խենթերու Ձեռքն Է Մնացեր»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?