Ներկայ Կացութիւնը Կը Թուի Երկարատեւ Ըլլալ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ուաշինկթըն այցելութիւնը չափազանց կարեւոր է Կազայի մէջ պատերազմի ճակատագիրի եւ այդ պատերազմի ընդլայնման կարելիութեան տեսանկիւնէն: Ահա թէ ինչո՛ւ Իսրայէլի վարչապետը Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ իր նախարարներէն պահանջեց ամերիկեան վարչակազմը չքննադատել, որպէսզի այդ յայտարարութիւնները ժխտականօրէն չազդեն Միացեալ Նահանգներ անոր այցելութեան ու անկէ սպասուած արդիւնքներուն վրայ: Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յստակ դարձուց...



















