Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք` Հայերս

Յուլիս 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մենք` հայերս, իրական եւ ապրող ժողովուրդ ենք: Այսպէս ենք: Մենք, նոյնիսկ հեռուէն կամ մօտիկէն, մեր նստած տեղէն, յանկարծ ամէն մէկս կրնայ «փիլիսոփայել» իր ուզած ձեւով եւ կշիռով: Սակայն նաեւ պէտք է աւելցնել, որ իբրեւ առանձին-առանձին անհատներ` հայերս խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ ալ ենք: Բայց երբ կը միանան հինգ-տաս հայ, անմիջապէս կը ծնի տեսակ մը աներեւակայելի կացութիւն, որ կը խանգարէ եւ կը խոչընդոտէ հայու կեանքի ընթացքը: Մէկ խօսքով` անհրապոյր մթնոլորտ: Սուր մեղադրանքներով` երկպառակտում: Անվայել նախանձ եւ ոխ:

Ահա` մարդկային նկարագրէն փոխ առնուած «գոյներ»:

Եւ որովհետեւ շա՜տ շատերու նման` ես ալ մտահոգ եմ, ուստի ամէն առիթով մեր մարդկային ժեսթերու ետեւ թաքնուած այս իրականութիւն-կէտերը փորձած եմ եւ համեստօրէն լոյսին բերել ու ընթերցողին հրամցնել, որպէսզի ան ալ, իր կարգին, կատարէ իր «վերլուծումը» ազատօրէն եւ անկաշկանդ:

Բայց… ինչո՞ւ յանկարծ այս մտորումներն ու տեսակէտները: Միտքս պարզեմ:

Իբրեւ հայեր` նաեւ ըսեմ, որ խոր տխրութիւն մը կայ մեր շուրջը: Սուգ եւ ցաւալի իրավիճակ: Նորութիւն չէ: Հայրենիքի համար ո՛չ միայն հազարաւորներ զոհուած են, նաեւ` համայնական հողի կորուստ եղած է: Տեսած ենք վիշտ: Աւելի սարսափելին` տեսած ենք սերունդի մը կորուստը: Տակաւին` հայրենի ներկայ եւ մօտիկ անցեալի անօրինակ եւ անժամանակ դէպքերը, պարտութիւնները, գոյութեան վտանգն ու աղէտալի վիճակը, որոնք ամէն օր սկսած են մրճահարել մեր միտքերն ու հոգիները:

Այս ընթացքով, ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս իրագործել մեր պատմական ճակատագիրը:

Միշտ շեշտած ենք, որ հայրենիքը պէտք է ըլլայ ու մնայ մեր բոլորի կեանքի բանալին եւ առաքելութիւնը: Այս մէկուն հաւատացողներէն եմ հաստատապէս: Լաւ յիշենք… մեր անհոգութեան եւ գիտակցութեան պակասէն կրնայ նաեւ զոհ երթալ մեր երկրի անկախութիւնը: Պարզ զգացումներով հայրենիք եւ պետութիւն չի ստեղծուիր: Հայրենասիրութիւնը խօսքով չ՛ըլլար: Արեանդ մէջ պէտք է ըլլայ` իբրեւ արիւնէդ խօսքին անցնող աւիշ:

Ներկայիս, լաւատեղեակ ենք, որ հայրենի հողին վրայ ամէն ինչ խառնակ է: Տեսանելի է: Նաեւ գիտենք, թէ ինչպէ՛ս քաղաքական գայլերը պատրաստ են մեզ յօշոտելու: Ու թէեւ ամէն հայրենիք եւ ամէն ազգ իր իւրայատուկ պայմանները ունի հաւաքական կենսունակութեան համար, բայց այնպէս կ՛երեւի, թէ մենք տակաւին չենք անդրադարձած այս իրողութեան: Այսօր դարձեալ մեզ կը տանջեն յաւիտենական հարցերը: Արդեօ՞ք տեղեակ ենք, թէ ի՛նչ կը կատարուի մեր մօտ, մեր շուրջը: Արդեօ՞ք գիտենք, թէ մեր այս ներկայ ընթացքով մենք եւ մեր հայրենիքը ո՛ւր կ՛երթանք եւ ո՛ւր  պիտի հասնինք: Արդեօ՞ք մեր գլխաւոր նպատակը միայն հայ մնալն է:

Չեմ գիտեր… պատասխան չունիմ: Դուք ձեզի հարցուցէ՛ք: Ասոնք անկասկած լուրջ հարցեր են, որոնց մասին միասին պէտք է մտածել:

Կ՛ըսեն` «Երազելը աւելի լաւ է, քան մտածելը»: Շա՛տ ճիշդ: Որովհետեւ երազելը քաղցր եւ անուշ է: Որովհետեւ նաեւ պատասխանատուութիւն չի կրեր: Բայց… երազելով հայրենիք չենք կրնար պահել: Այս օրերուն մեզմէ անկախ եւ յաճախ ալ մեր ձեռքերով հասունցած են մեր երկրի ցաւերը, որոնք կը ցնցեն մեր գիտակցութիւնը: Մեր հպարտութիւնը: Հայու պատմական հոգիի մեր թռիչքը:

Միշտ արդարութիւն երազած ենք եւ միամտօրէն անոր ներկայութեան սպասած` առանց անդրադառնալու, որ նախապայման է մեր միասնական նպաստը ա՛յդ արդարութեան ձեռնամուխ ըլլալու եւ զայն վերահաստատելու ձգտող ճիգերուն: Նաեւ ճիշդ է, որ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին շատ բաներ հանդուրժած ենք:

Բայց…

Ներկայիս մեր երկրին ամէնօրեայ աղմուկը գողցած է մեր բոլորին ուրախութիւնը: Լոյսէն եւ իրականութենէն խոյս տուողներ դարձած ենք: Սխալներ շատ ունինք, գիտակցաբար կամ ոչ` սակայն գործուած: Դժբախտաբար չենք փորձած սրբագրել: Անոր համար «դիզուած» են: Ուստի սրբագրելու եւ սրբագրուելու համար ընդհանուր միջին լուծում պէտք է փնտռենք: Արագ եւ արդար:

Անկասկած այս մտահոգութիւնները կը պատկանին բոլորիս: Ու կը կարծեմ, որ այս բոլորին իբրեւ պատասխան-լուծում` մենք անմիջական պահանջն ու կարիքը ունինք ստեղծագործ ե՛ւ միտքերու, ե՛ւ բազուկներու: Ձեւապաշտ մեր ներկայ վիճակէն դուրս գալ է պէտք, որպէսզի մեր երազը մեզի հետ տանինք` իբրեւ ժառանգ եւ օրհնութիւն:

Այս «կէտերը» միշտ թելադրած ենք եւ նոյնիսկ ամէն առիթով` շեփորած, թէ էական է, որ մեր մօտեցումները, ըմբռնումները վերանայուին ու վերարժեւորումի ենթարկուին յանուն մեր եւ մեր հողի ապահովութեան:

Այո՛, լաւատեղեակ ենք: Գիտենք: Պատմութիւնը վկայ: Մեր մօտ ձեռք-ձեռքի, գիրկ-գիրկի, լացն ու ժպիտը, հաճոյքն ու կոծը, սէրն ու վէրքը դարերով քալած են եւ տակաւին կը քալեն: Անոր համար տակաւին շուարած կը նայինք մեր ճակատագրի կոյր աչքերուն:

Եւ որպէսզի կարողանանք ձեռնամուխ ըլլալ մեր երկրի վերակառուցման ճիգերուն, նաեւ նախապայման է հայրենիքը դարձնել մեր ամէնօրեայ օրացոյցը: Մեր բոլորին ճիգերը պէտք է ծառայեն նպատակին, որուն իրականացման համար զոհողութիւն է պէտք` սիրով, նուիրումով, ազգային գիտակցութեամբ եւ քաղաքական հասունութեամբ շաղախուած:

Մեր մեծերէն լսած եւ սորված ենք, որ` «Յաղթանակի ուղին մեր միասնութիւնն է»: Բայց ո՞վ է լսողը:

Պայման է, որ բոլորս ալ կոչուինք որակ դառնալու հայրենիքին եւ ազգին համար:

Եւ եթէ այդպէս է… Արդեօ՞ք այս բոլորէն ետք քաջութիւնը պիտի ունենանք մենք զմեզ սրբագրելու: Ա՛լ հերիք է ըսենք` «Մենք հայերս… այսպէս ենք», ու մենք զմեզ արդարացնենք կամ դիմացինը համոզենք:

Ազգի վերազարթնումին եւ նոր յաղթանակներու կերտումին հաւատացող մըն եմ: Բայց այս գաղափարներուն իրականացման համար մեր ազգային սթափումը կենսական է: Պէտք է սթափի՛լ, որովհետեւ ճակատագրական պահը հասած է:

 bedig43@aol.com

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ակնկալուի Մեր Ուսեալ Հայորդիներէն

Յաջորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Լիբանանի Հայկական Երգչախումբերու Մասին Հանրագիտարանի Արժէքով Հատոր Մը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?