Յունիս ամիսը շատ վայրերու մէջ դպրոցական շրջանաւարտութեան ամիս էր: Առ հասարակ այդ ամսուան ընթացքին դպրոցները իրենց տարեշրջանը կ՛ամբողջացնեն եւ իրենց կրթական հունձքը կ՛ունենան: Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր շրջանաւարտները եւ իրենց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ:
Համալսարանական շրջանաւարտներ գործի նոր աշխարհ մը կը դիմակալեն իր իւրայատուկ մարտահրաւէրներով: Երիտասարդներու այս նոր սերունդը յուսադրիչ երեւոյթ մըն է մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Այս սերունդն է, որ կոչուած է մեր ներկան ակօսելու եւ ապագան դարբնելու:
Յուսադրական երեւոյթ է, որ սփիւռքահայ նոր սերունդներու մէջ կան արժանաւոր հայորդիներ, որոնք իրենց ուսումը ստանալէ ետք իրենց տաղանդն ու արժանիքները կը գործածեն իրենց գաղութներու ազգային վերելքին համար: Անոնց նիւթական եւ բարոյական ներդրումը ոչ միայն գնահատելի եւ գովելի է, այլ նաեւ սրտառուչ եւ ներշնչող է:
Սակայն այս սքանչելի հայորդիներէն անջատ դժբախտաբար կան նաեւ նկատելի թիւով համալսարանաւարտ երիտասարդներ, որոնք թէեւ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրած են եւ լաւ պաշտօններու ու դիրքերու տիրացած են, սակայն մեկուսացած ու ինքնամփոփ` իրենց պատեաններուն մէջ կ՛ապրին անձնակեդրոն կեանք մը: Անոնցմէ շատեր անտեղեակ կամ անտարբեր են հայրենիքի եւ սփիւռքի մեծ ու փոքր կարիքներուն:
Այսպիսիներ ազգային իրենց պարտականութիւններէն խուսափելու իրավիճակը կ՛աշխատին չքմեղացնել իրենց չէզոք ըլլալու, կամ ազգային կազմակերպութիւններէն յուսախաբ ըլլալու պատճառաբանութեամբ: Անոնք հայ կազմակերպութիւններու գործունէութեանց չեն մասնակցիր, ազգօգուտ հանգանակութիւններէ հեռու կը մնան, հայերէն թերթ ու գիրք կարդալէ դադրած են:
Կ՛ակնկալուի, որ այս անտարբեր եւ անհոգ երիտասարդները երախտամոռ չըլլան զիրենք ծնող ժողովուրդին, զիրենք դաստիարակող կրթական հաստատութեանց եւ իրենց ծնողաց հանդէպ: Կ՛ակնկալուի, որ անոնք իրենց հոգեւոր, մտաւոր եւ հայեցի դաստիարակութիւնը գէթ որոշ չափով մը գործածեն ի շահ իրենց ազգին:
Այսօր, աւելի քան որեւէ ատեն, սփիւռքահայութիւնը օրհասական պայքարի մէջ է հայապահպանումի եւ Հայ դատի ճակատներու վրայ: Մեր ուսեալ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ իրենք` որպէս ուսեալ տարրեր, մաս կը կազմեն մեր մտաւորականութեան: Եւ հայ մտաւորականներ կոչում ունին ոգեւորելու մեր երիտասարդ ուժերը` պայքարելու համար այլասերումի եւ ուծացումի դէմ եւ պահելու մեր նախնիներէն մեզի կտակուած աւանդն ու ժառանգութիւնը:
Մեր ուսեալ հայորդիները երբեք մտահան ընելու չեն, որ իրենք կը պատկանին ազգութեան մը, որ իր արեան գնով մեզի փոխանցած է սքանչելի հոգեմտաւոր ժառանգութիւն մը. ազգ մը, որ իր կրանիթեայ կամքով ճակատ տուած է պատմութեան բոլոր ամպրոպներուն եւ մրրիկներուն եւ ցոյց տուած է իր ապրելու եւ ստեղծագործելու կամքն ու արժանիքը:
Մեր ուսեալ, բայց ինքնագոհ եւ ինքնահաճ հայորդիները, որոնք լքած են հայկական կազմակերպութիւնները եւ իրենց մեկուսացման մէջ հիւսած են իրենց ոստանը, պէտք է զգաստանան եւ հասկնան, որ իրենք ամբողջին մաս կը կազմեն, եւ ամբողջը իրենցմով կը լիանայ: Ոչ մէկ գիտակից հայ կ՛արդարանայ ինքզինք ազգէն անջատելով: Հետեւաբար մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնը արդար եւ բնական է. մեր ուսեալ հայորդիները իրենց գործօն մասնակցութիւնը պէտք է բերեն մեր հաւաքական կեանքին:
Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի ակնկալելու իր ուսեալ նոր եւ եկուոր սերունդներէն պատրաստակամութիւն, որ ան իր արդար բաժինը բերէ հայ ժողովուրդի նիւթական, բարոյական եւ հոգեւոր վերելքին:
Այո՛, իրազեկ ըլլանք թէ ոչ, մենք` հայորդիներս, իրարու հետ կապուած ենք եւ մէկ մեծ ընտանիքի զաւակներ ենք կեանքի ամէն պայմաններու մէջ` ուրախութեան կամ տառապանքի, յաջողութեան կամ ձախողութեան մէջ: Ուստի բոլորս ալ մեր գործօն մասնակցութիւնը բերելու ենք մեր հաւաքական կեանքի բարգաւաճումին եւ վերելքին: