Անդրադարձ

Վարուժան Արք. Հերկելեանի «Ես Այս Գիշեր» Երեք Հատորներու Գինեձօն

Վկայագիր Մը «Ֆայհա»-ին

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Աւելի քան յիսնամեակ մը սպասելէ ետք «Ֆայհա» երգչախումբի ելոյթը` խմբավարութեամբ Պարգեւ Թասլաքեանի, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Այնճար, հոգեպէս վերանալու առիթ մը եղաւ ինծի եւ վստահաբար հարիւրաւոր ներկաներուն: Այսպէս կ՛ըսեմ` առանց թերագնահատելու անցնող յիսնամեայ տարիներու ընթացքին ներկայացուած գեղարուեստական ձեռնարկները, որոնք ազգային գետնի վրայ իրենց իւրայատուկ դրոշմը  զետեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին վրայ, սփիւռքեան նոր պայմաններու տակ: «Ֆայհա»-ի յայտնութիւնը, սակայն, այսօ՛ր...

Իրաւուքներ Եւ Պարտաւորութիւններ

Մեր Խօսքը. «Պատանիի Օր»-ը` Առիթ Արժեւորելու Պատանիներուն Դերը

Այսօր դաշնակցական «Պատանիի օր»-ն է, հինէն եկած աւանդութիւնը վերականգնելու օրն է, որ առիթ է հաւաքաբար մտածելու պատանիներու կարեւորութեան, դերին, իրաւունքներուն եւ ներդրումին մասին: Հայաստանի ու Արցախի վերջին տարիներու դիմագրաւած տագնապներու ծիրին մէջ, ներկայիս առաւել եւս այժմէական է ունենալ այնպիսի դաստիարակուած սերունդ, որ ջահը անմար կը պահէ, որ` կ՛արժեւորէ հերոսներուն գործը, որ կը մերժէ թշնամիին յանձնուելու հոգեբանութիւնը, որ` դէմ է զիջումներուն,...

Պաշտպանուինք Բռնութիւններէն

Պաշտպանուինք Բռնութիւններէն

ՃՈՐՃԻՆԱ ՃԵՆԱՆԵԱՆ ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ Իւրաքանչիւր պատանի իր ապրած միջավայրին մէջ ունի իրաւունքներ` անհատական եւ մարդկային, տարիքի եւ կարիքներու համապատասխան: Պատանիին իրաւունքներն են` ինքնութիւնը, դպրոց յաճախելը, հայոց լեզուն սորվիլը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը ճանչնալը, ընտանիք ունենալը, առողջ դաստիարակուիլը, բժշկութիւնը, կեանքի հոսանքներուն դէմ կանգնելու պատրաստուածութիւնը, բնակավայր ունենալը, օգտաշատ սնունդ ստանալը, անհատականութիւնը պահպանելը, նախասիրած արուեստի ճիւղին հետեւիլը, խաղը, մարզանքը, ժամանցը, ընկերներու ընտրութիւնը եւ......

Պատանիին Սրբութիւնները

Պատանիին Սրբութիւնները

ԼՈՌԻ ԶԷՅԹԼԵԱՆ ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ Պատանեկան տարիները կարեւոր փուլ են անհատի մը կեանքին մէջ: Պատանիներն են սերմեր ցանողները գալիքի բարգաւաճման համար: Անհրաժեշտ է, որ պատանիներու իրաւունքները պատշաճ կերպով ճանչցուին ու յարգուին: Եթէ անոնք պաշտպանուած չեն, կրնան դառնալ տարբեր տեսակի օգտագործումներու եւ բռնութիւններու անմեղ զոհերը: Պատանիներուն իրաւունքները սրբութիւն են որեւէ միջավայրի մէջ: Ամենակարեւոր իրաւունքներու շարքին մաս կը կազմեն ապահով շրջանակ ու...

Խօսքերէն Անդին…

Խօսքերէն Անդին…

ՏԷՅՎԻՏ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ Պատանիներուն իրաւունքները տարբեր են եւ կախեալ են երկիրներու ապրած միջավայրերէն, բայց, ընդհանուր առմամբ, անոնք կ՛ընդգրկեն շարք մը իրաւունքներ, որոնց գլխաւոր նպատակը լաւ երիտասարդներ պատրաստելն է: Կրթութիւնը պէտք է ըլլայ անվճար, ֆիզիքական եւ հոգեկան բարեկեցութեան համար առողջապահական ծառայութիւնները` բոլորին հասանելի, ազատօրէն արտայայտուիլը` ընդունուած կարգ, եւ ծանր աշխատանքները` մերժելի: Պատանիները պէտք է ունեան իրենց ընտանիքին մօտ ապահով...

Մենք Ալ Պարտաւորութիւններ Ունինք…

Մենք Ալ Պարտաւորութիւններ Ունինք…

ԿԱՐՈՒԺ ԱՐՈՅԵԱՆ ՀՅԴ «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ՊՄ Չի բաւեր խօսիլ միայն իրաւունքներուն մասին: Իրաւունքը անպայման նաեւ ունի պարտաւորութիւններ: Հայ պատանին միշտ յարգանք պէտք է ունենայ իր ընտանիքին հանդէպ: Հայ ընտանիքը արժէք է, ունի սրբութիւններ ու կարգ, եւ պատանին պէտք է գիտնայ գնահատել ու արժեւորել հօր եւ մօր դերը: Պէտք է ըլլայ կարգապահ եւ մաքուր: Պէտք է իր ինքնութեան տէր կանգնի, ծառայէ ազգին...

Արցախի Պատանիներն Ալ Իրաւունքներ Ունին

Արցախի Պատանիներն Ալ Իրաւունքներ Ունին

ԲԱՐՏԻ ՈՒՐԷԼԵԱՆ ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ Մանուկներու միջազգային օրը առաջին անգամ նշուած է 1925-ին, Ժընեւի մէջ մանուկներու նուիրուած համաժողովի ընթացքին: 1950-էն սկսեալ 1 յունիսը ճշդուած է Մանուկներու միջազգային օր, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի: Այս օրը առիթ է նշելու մանուկներու եւ պատանիներու իրաւունքները: Այս օրը առիթ է յիշելու ու լսելու այն պատանիներուն ձայնը, որոնք զրկուած են նուազագոյն իրաւունքներէ, որոնք` մօտիկ անցեալին...

Մեր Ինքնութեան Տէր Ըլլանք

Մեր Ինքնութեան Տէր Ըլլանք

ՅԱԿՈԲ ԱՆՏՈՆԵԱՆ ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ» ՊՄ Միշտ ալ կը լսենք «ինքնութիւն» բառը, որ շատ կը գործածուի, եւ կը թուի, որ սովորական ու պարզ բառ մըն է, բայց խորքին մէջ այդպէս չէ: Ինքնութիւնը հաւաքականութեան մը յատկանիշներուն մէկտեղումն է, հաւաքածոն է, որ մէկ ամբողջութիւն է: Ինքնութիւնը ճանչնալը մեծապէս կ՛օգնէ, որ հասկնանք, թէ մենք ո՛վ ենք, ուրկէ՛ եկած ենք, ի՛նչ արժէքներ ունինք, ի՛նչ...

Պոլսահայ Գրող, Հրապարակագիր Սիրան Սեզայի Արխիւը՝ Հասանելի Հանրութեան

Պոլսահայ Գրող, Հրապարակագիր Սիրան Սեզայի Արխիւը՝ Հասանելի Հանրութեան

Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը վերանորոգումի փուլին մէջ է, իսկ այս շրջանին ամբողջութեամբ չ՚աշխատիր թանգարանը: Օգոստոսին նոր շունչով պիտի կատարուի թանգարանին վերաբացումը, եւ հետազօտողներն ու այցելուները ոչ միայն նորոգուած սենեակներ պիտի տեսնեն, այլեւ՝ նորութիւններ: Ի թիւս այլ նիւթերու, հետազօտողներուն հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ պոլսահայ նշանաւոր գրող, հրապարակախօս, հասարակական-քաղաքական գործիչ Սիրան Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան-Քիւփէլեան) մեծարժէք արխիւը: Արխիւին գիտական մշակումը...

Ստացուած Գիրքեր.  «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք» (Նոր Շրջան, Ժգ. Տարի 2011-2023)

Ստացուած Գիրքեր. «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք» (Նոր Շրջան, Ժգ. Տարի 2011-2023)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն 2024-ին լոյս տեսաւ «Հասկ հայագիտական տարեգիրք. նոր շրջան ԺԳ. տարի. 2011-2023» հատորը, որ ձօնուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին` անոր վախճանման 850-ամեակին առիթով: Հատորը հրատարակուած է Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին եւ ընտանիքին կողմէ` ի յիշատակ Սաթենիկ Տէր Յովհաննէսեանի: Հատորը կը բացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին սրբատառ կոնդակով, որուն մէջ ան կը...

Սթափելու Ժամանակը

Հայո՞ց, Թէ՞ Հայաստանի Պատմութիւն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Վեց տարիներէ ի վեր կատարուող յայտարարութիւններուն եւ անոնց յաջորդած դէպքերուն հետեւելով կարելի է մտածել, որ ականատես ենք մանրամասնօրէն մշակուած ծրագիրի մը գործադրութեան: Այդ ծրագիրը նախ վերջնականօրէն լուծարումն է Հայ դատին, կարելի նեղ սահմաններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մը գոյառումը, որ կը մերուի շրջապատի թուրք-իսլամական աշխարհին, որ կը հրաժարի իր պատմական անցեալէն ու կը խզէ կապերը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանք սփիւռքէն:...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Ճշդել Հայրենիքի Սահման Եւ Մնալ Իրաւատէր Ու Տէր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ    Պետութիւնները ունին սահմաններ: Ազգերը ունին հայրենիք: Ո՞ր սկզբունքներով` իրաւական, պատմական եւ բարոյական, կը ճշդուին ժողովուրդի մը հայրենիքի սահմանները: Ե՞րբ տարածք մը կը դառնայ ժողովուրդի մը հայրենիք: Այս կը հարցնե՞նք մենք մեզի եւ աշխարհի մեծին ու պզտիկին: Քաղաքակիրթ, բարոյականէ, արդարութենէ եւ օրէնքի գերակայութենէ ճառող ՄԵԾԵՐ եւ ԱՏԵԱՆՆԵՐ պատահա՞ծ է, որ խօսին  Ժողովուրդներու ԻՐԱՒ հայրենիքներու մասին, ըսեն, թէ ինչո՛ւ եւ...

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Հի՜ն Եւ Մոռցուած Թերթեր, Թուղթեր, Անուններ…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Ինչպէս ամէն գրասէր մարդ, ե՛ս ալ տանս սա կամ նա անկիւնը ունիմ հին թղթապանակներու բազմաթիւ տրցակներ, որոնք տասնամեակներէ   ի վեր իրարու վրայ կուտակուած թանկագին «մասունք»-ներ կը պարունակեն: Մասունքներ` բացառաբար ինծի՛ համար: Որովհետեւ կասկած չունիմ, որ իմ անմիջական շրջապատին մէջ ոչ ոք անոնցմով պիտի հետաքրքրուէր ինձմէ զատ, ոչ ոք զանոնք գուրգուրանքով պիտի պահէր-պահպանէր այսքան երկար տարիներ` պահարանի մը մէկ...

Ամբոխահաճութենէն Եւ Խնամակալութենէն Անդին. Հայաստանի Ազգային Իրապաշտ Այլընտրանքը

Ամբոխահաճութենէն Եւ Խնամակալութենէն Անդին. Հայաստանի Ազգային Իրապաշտ Այլընտրանքը

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Վերջին իրադարձութիւնները մեզմէ շատերը անհանգստացուցած են Հայաստանի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովրդագրութեան, տնտեսութեան եւ կառավարման ապագայով։ Աշխարհէն մեկուսացած Հայաստանը ամէն վայրկեան կը գտնուի սպառնալիքի տակ. ներկայիս շատերս արդէն կը գիտակցինք, որ կը գտնուինք հայոց պատմութեան վտանգաւոր խաչմերուկի մը վրայ: Ձեւաւորուող փոքր ազգերը զարգացման եւ ազգային անվտանգութեան համար ընդհանրապէս ռազմավարական որոշ ծրագրումի կարիք ունին: Ցաւօք, Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը 1991-էն ի վեր...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Որբացած Գիրքեր

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անցեալները գրասենեակս ներկայացաւ երիտասարդ մը: Ըսաւ, որ ինք երկու օրէն Ամերիկա պիտի երթայ: - Եկած էի հօրս թաղումին, երթալէ առաջ կ՛ուզեմ հօրս գիրքերը քեզի նուիրել, որովհետեւ դրացիները առաջարկեցին քիլոյով ծախել: Ստուգումէ ետք ի յայտ եկաւ, որ 2000-է աւելի հայերէն գիրքերու հաւաքածոյ մը ունի ողբացեալը` տարիներու վրայ հաւաքած ու կոկիկ մը շարած: Յուզիչ էր պահը: Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Հայաստանի Սահմանադրութեան Օրը Փաշինեան Քննադատած Է Սահմանադրութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Միայն Հայաստանի մէջ կրնայ երկրին ղեկավարը ելոյթ ունենալ սահմանադրութեան տարեդարձին առիթով` քննադատելով Սահմանադրութիւնը... Ասիկա կը նմանի անոր, որ երկրին ղեկավարը Անկախութեան օրը քննադատէ իր երկրի անկախութիւնը: Աւելի տեղին կ՛ըլլար, եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վեց տարի առաջ յայտարարէր, որ կ՛ուզէ փոխել սահմանադրութեան որոշ մասեր: Բազմաթիւ երկիրներ փոփոխութիւններ կը կատարեն իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ` իրենց ժողովուրդներուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն համահունչ:...

Ազրպէյճանի Սահմանադրութիւնն Ալ Պէտք Է Փոխուի

Ա. Ա. Խոչընդոտներ գոյութիւն ունին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու դիմաց, մեծագոյնը, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, Հայաստանի սահմանադրութիւնն է, որուն մէջ նշում կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման անդրադարձող Անկախութեան հռչակագրին: Խաղաղութեան պայմանագրի ճակատագրին շուրջ նախատեսութիւնները բազմաթիւ են: Ոմանք, ինչպէս Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան անդամներ, կը պնդեն,որ համաձայնագիրը գրեթէ պատրաստ է եւ կրնայ մէկ ամսուան ընթացքին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Տան Պէս Մաքուր Պահենք Մեր Թաղերը, Մեր Շրջապատը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Տան Պէս Մաքուր Պահենք Մեր Թաղերը, Մեր Շրջապատը

ԿԻՒԼԷՆ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Քանի մը օր առաջ մեր շրջանի խաչմերուկին աղբակոյտը յանկարծ բոցավառած եւ հրդեհ մը բռնկած էր: Շրջանի ակումբի տղաքը հրկիզուած տեղը մաքրեցին եւ, դեղին ժապաւէնով շրջանակաձեւ արգելափակելէ ետք, երկլեզու ազդարարութիւն մը դրին, որ` «Հաճեցէք հոս աղբ չթափել»: Հասկնալի էր, քանի որ աղբամաններն ալ փոխադրած էին փողոցին վերի ու վարի կողմերը: Յաջորդ օրը, իրիկուան ժամը 10:30-ի շուրջ պատշգամբ կանգնած` կը...

Մեր Խօսքը

Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Երիտասարդական էջ»-ի այս թիւը իր բովանդակութեամբ իւրայատուկ է: Ազգային եւ գաղափարական նիւթերէն անդին ԼԵՄ-ը նաեւ մտահոգ է մարդուժի պատրաստութեամբ: ԼԵՄ-ականը կու գայ ներկայացնելու այն թեզը, որ երիտասարդութիւնը պէտք է պատրաստուի դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ յաջողի յաղթահարել զանոնք: Աւելի՛ն, երիտասարդութիւնը ուժեղ է, կարող է եւ զարգացած է: Սակայն, միաժամանակ, մեր երիտասարդութիւնը կարիքը ունի ուղղութեան, քաջալերանքի եւ հոգատարութեան: ՀՅԴ...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ԼԵՄ-ի ԵՒ ԼՊՄ-ի Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրի Եզրափակիչ Հանդիպում Եւ Հաստատագիրներու Տուչութիւն Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրի Մասին ԼԵՄ-ականներու Կարծիքներ

Մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ, սակայն միեւնոյն ժամանակ մեր միութեան գործելադաշտի հիմնական նպատակներէն մէկն է` պատրաստել ՀԱՅ մարդը: Այսօր դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը պատրաստուի` դառնալու ապագայի դաստիարակը եւ յաջորդ դաշնակցական սերունդը պատրաստողը: Այսպէս են մեր միութիւնները, ապագայի նկատմամբ լուրջ յանձնառութեամբ կը մօտենան ու կը ծրագրեն, այսպէս ենք մենք, եւ այս ծրագիրը լաւագոյն ապացոյցն է, որ դաշնակցական երիտասարդը  օժտուած ու...

Page 135 of 808 1 … 134 135 136 … 808

Արխիւներ