ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
«ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան» եւ «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակներ» հատորներու շնորհահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 8 յուլիս 2024-ին Պէյրութի մէջ, Յունաստանէն հրաւիրուած էր կրթական-հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան` ներկայացնելու համար երկրորդ հատորը: Կամքէ անկախ պաստառներով ան չկրցաւ ներկայ ըլլալ շնորհահանդէսին: Այդ պատճառով ալ «Չարտասանուած խօսք» խորագիրը կը կրէ ստորեւ տրուած գրութիւնը:
Ինծի եղած առաջարկէ մը ետք, երբ փորձեցի կեդրոնանալ այսօրուան խօսքս դասաւորելու, ինքզինքիս տրուած առաջին հարցումը եղաւ այն, թէ արդեօք կ՛արժէ՞ յատուկ շնորհահանդէս սարքել եւ զայն նուիրել նամակներու հաւաքածոյի մը, որ գրուած է հարիւր եւ այսքան տարիներ առաջ, եւ որուն բովանդակութիւնը ընդհանրապէս կ՛անդրադառնայ այդ ատենի դէպքերուն, դէմքերուն, պատահարներուն կամ հաշուական խնդիրներու: Մանրամասնութիւններ, որոնք այսքան տարի ետք, հիմա մասնաւոր արժէք մը չունին կամ չեն ներկայացներ, գէթ` հասարակութեան լայն շերտերուն համար:
Մանրամասնութիւնները կարեւոր են անշուշտ ապրուած կեանքի մէջ, գործի ընթացքին եւ իրենց ժամանակին, որովհետեւ կեանքը ի՛նք մանրամասնութիւններու ամբողջութիւն մըն է, եղելութիւններու, դէպքերու, գիտակից թէ անգիտակից մեր արարքները մանրամասնող օղակներէ կազմուած է կեանքը: Բայց ժամանակէն դուրս, երբ ժամանակը կ՛անցնի, երբ դէպքերն ու դէմքերը չկան այլեւս, բուն արժեւորուողը գործն է եւ ոչ` մանրամասնութիւնը:
Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, գէթ` այս պարագային, կայ մեծ գործը` ազգի ազատագրական պայքարի պատմութիւնը, որ բոլոր տեսակի գործերուն մէջ մեծագոյնն է, գերազանցը չունեցող: Եւ ինչպէս ամէն ինչ, պատմութիւնն ալ կերտողներ ունի…
Ազատագրական մեր պայքարի պատմութիւնը կերտողներուն մէջ ամէնէն լուսաւոր դէմքերէն մէկն է զօրավար Անդրանիկ, որուն գրած նամակները հատորի մը մէջ մէկտեղուած` իբրեւ մասունք ու նշխար, ահա մատուցուած են մեզի եւ եկող սերունդներուն:
Միշտ մտածած եմ, որ հերոսները կը զինուորագրուին այս կամ այն կուսակցութեան դրօշին, կը կռուին անոր հովանիին տակ եւ կը պատկանին այդ կուսակցութեան: Բայց անոնք (հերոսները) մեռնելէ ետք կը պատկանին ամբողջ ազգին: Սա է, կամ պէտք է ըլլայ բնականը, պարզ օրինաչափութիւնը մեր կեանքին մէջ:
Այս օրինաչափութեան մէջ կարծես բացառութիւն մը եղաւ Անդրանիկ, որ ֆետայական կեանքի առաջին տարիներէն իսկ, Դաշնակցութեան դրօշին նուիրուած ըլլալով հանդերձ, համազգային ընկալում ու ընդգրկում ունեցաւ, եւ հայութիւնը անոր անձին մէջ տեսաւ անձնականացուած փառքը` հերոսական արարքներու, քաջութեան խոյանքներու: Եւ հայ ազգը իր այդ ընկալումը պահեց մինչեւ վերջ` անոր անունը պանծացնելով ու համբաւը յաւերժացնելով «Ազգային հերոս» կոչումի պատուանդանին վրայ… Խնդրեմ` չշփոթենք, թուղթէ վկայականով այս կամ այն անձին տրուած «ազգային հերոս» տիտղոսի մասին չէ խօսքը, այլ ժողովուրդի հոգիին ու մտքին եւ յիշողութեան մէջ խարսխուած հերոսական տիպարի մը նամակներու հաւաքածոյին շնորհահանդէսի մասին է խօսքը:
Պատկեր մը` քաղուած նամակներու հաւաքածոյէն: Թուական` 1904, Սասունի ապստամբութենէն ետք Անդրանիկ քանի մը մարտակից ընկերներով կու գայ Սուրբ Թադէի վանք, ուրկէ կ՛անցնի Մինարեթի (Սալմաստ) Ղալասար հայաբնակ գիւղը: Գիւղի հասարակութիւնը եկողներուն ընդառաջ` «Մարդ, կին, տղայ աղջիկ` բոլորն էլ դուրս էին եկել գիւղից, ճանապարհները բռնել, դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիները իրենց ուսուցիչներով, ծաղկեփնջերով եւ Անդրանիկի պատկերով դուրս էին եկել դիմաւորելու ազատութեան հերոսին ու ընկերներուն: 7-8 ձիաւոր աւելի առաջ գնացինք, րոպէ առ րոպէ սպասում էինք նրանց երեւալուն: Վերջապէս յայտնուեցան: Աննկարագրելի է այն տեսարանը, երբ մենք իրար հանդիպեցանք: Գիւղ մտնելիս աշակերտներու խումբը սկսեց երգել «Հայրենիքի սիրուն» երգը, աշակերտուհիները ծաղիկներ էին սփռում ձիաների ոտների տակ, իսկ տանիքներից ծաղիկներ էին շաղ տալիս հերոսների գլխին, եւ օդը թնդում էր «ԿԵՑՑԷ՛ ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ, ԿԵՑՑԷ՛ ԻՐ ԽՈՒՄԲԸ» որոտներով: Ընդհանուր ոգեւորութիւնը չափ ու սահման չունէր…
Անդրանիկ Պարսկաստանէն կը մեկնի Պաքու, հոն քանի մը օրով հիւրը կը դառնայ Նիկոլ Դումանի, ապա կ՛անցնի Թիֆլիս, բայց երկար չի մնար Կովկաս, որովհետեւ կը փնտռուէր ռուսական գաղտնի ոստիկանութենէն եւ կը մեկնի Ժընեւ, Եւրոպա:
Այս պատկերը յատկապէս քաղեցի ու ներկայացուցի ըսելու համար, որ Անդրանիկ հերոսական խոյանքներու առաջին օրերէն արդէն գրկուած անուն մըն էր ամբողջ ազգին կողմէ, եւ անոր հռչակը տիրապետած էր հրապարակի վրայ, նաեւ` հայութենէն դուրս:
Կը յիշեմ` պատանեկան օրերուս դժուար էր գտնել հայու տուն, ուր հպարտութեանբ պատէն կախուած չըլլար Անդրանիկի պատկերը: Նոյնիսկ պատի գորգեր կային` Անդրանիկի պատկերով ասեղնագործուած…
Ուրեմն, այո՛, ազգին փառքն ու պատիւը եղած է Անդրանիկ եւ ամէն ինչ, որ իրմէ մեզի մնացած է` իբրեւ մասունք ու իբրեւ սրբազան հաղորդութիւն, պիտի պահուի ու մատուցուի սերունդէ սերունդ:
Անուղղելի թրքատեաց մըն էր Անդրանիկ եւ ջերմ պաշտպան` Արեւմտահայաստանի ու արեմտահայութեան դատին, որուն ծայրայեղ արտայայտութիւններէն կարելի է համարել 1918-ի անկախ Հայաստանի քաղաքական գործիչներուն հետ իր ունեցած տհաճ ու դատապարտելի տարակարծութիւնները…
Յամենայն դէպս Անդրանիկի կեանքի փուլերը ներկայացնելը չէ այսօրուան հանդիպումին նպատակը, բայց` իբրեւ եզրակացութիւն, պէտք է արձանագրել, որ ֆետայական գործունէութենէն մինչեւ զինուորական զօրավարի հանգամանք ու անկէ ալ անդին, Անդրանիկի կենսագրութիւնը կը կազմէ սքանչելի ատաղձ` առասպելական վիպագրութեան մը համար:
Այս առիթով արձանագրեմ նաեւ, որ մարդ պարզապէս կը զարմանայ, թէ ինչպէ՛ս փրկուած է այն քիչը` Դաշնակցութեան արխիւային ներկայ հարստութիւնը: Ինչո՞ւ կ՛ըսեմ ասիկա: Կ՛ըսեմ անոր համար, որ կուսակցութիւնը դիւանակալութիւն` պիւրոկրասի չէր ունեցած, որպէսզի քարտուղարութիւն կատարէր, որոշումները, նամակներու պատճէնները օրը օրին թուագրէր, թղթածրարներու մէջ տեղադրէր եւ այլն: Մտքի ու զէնքի գործիչներն են, որոնք գրած են, ինչ որ գրուած է, ստացուածները պահած են, կեդրոնացուցած ու կորուստէ փրկած: Անո՛նք են, որ մտքով, զէնքով ու կենդանի գործքով կերտած են իրենց ժամանակի պատմութիւնը, եւ գիտենք, որ պատմութիւն կերտողները այնքան ալ հոգը չեն ապրիր պատմութիւնը գրելու…
Այն քիչը , որ կայ Դաշնակցութեան արխիւային պահեստանոցին մէջ, մեր պատմութիւնն է, եւ անոնց ամէն մէկ կտորը, գունատած ամէն մէկ թերթիկ նշխարի մը պէս նուիրական է կուսակցութեան համար, հայութեան համար:
ՀՅ Դաշնակցութեան ձեռնարկած գաղափարական շարժումին, յեղափոխական քուրայի մէջ տարածած ազատագրական պայքարին, ինչպէս նաեւ աւելի վերջ` սփիւռքեան երկիրներու ընդարձակութեան մէջ ծաւալած իր տիտանեան ջանքերուն պատմութիւնը թէեւ պակասաւոր, բայց այնուամենայնիւ ունեցաւ իր սեփական արխիւը, որուն գէթ մէկ բաժինը` առաջին 30 տարիներու հատուածը (1890-1920), խորքին մէջ այդ ժամանակաշրջանի եթէ ոչ ամբողջական, բայց անպայման կը պարփակէ գէթ հիմնական ու գերակշիռ մասը հայ ազգի վերականգնումի պատմութեան:
Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, շատեր կ՛անգիտանային ՀՅԴ-ի արխիւային պահեստանոցի գոյութիւնն անգամ, կամ հազիւ կցկտուր տեղեկութիւններ ունէին անոր մասին:
Երկու խօսք` ՀՅԴ-ի արխիւներու անխոնջ հետազօտող ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻ մասին
Այդ արխիւները դասաւորելու, մէկտեղելու եւ գիրքի տեսքով հետազօտողներու սեղանին դնելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հրաչ Տասնապետեանին, որուն մահը պատճառ դարձաւ, որ քանի մը հատոր միայն կարենայ հրատարակել: Բայց նախաձեռնուած երախտապարտ գործը կիսատ չմնաց, չկասեցաւ: Ընդհակառակն, այդ աշխատանքը շարունակուեցաւ գերազանց թափով, խորքային նոր բովանդակութիւն եւ մեթոտիկ շարունակականութիւն ունեցաւ ան, երբ այդ աշխատանքը ստանձնեց նախաձեռնողին գաղափարակից գործընկերը, պաշտօնակիցը` Երուանդ Փամպուքեան:
Այս երկուքը` Հրաչ Տասնապետեան եւ Երուանդ Փամպուքեան հանրային բեմի վրայ երկար ճամբայ կտրած են միասին, կուսակցական միջավայրի մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած են միասին, կրթական մարզի մէջ գործակցած են իրարու հետ եւ վերջապէս` իբրեւ վաւերական մտաւորականներ իրենց կարելի նպաստը բերած` հանրային կեանքին:
Բնական է, իբրեւ անջատ անհատականութիւն ու ինքնուրոյն նկարագիր` կը տարբերէին իրարմէ, բայց, ինչպէս առիթով մը հանգուցեալ ընկերոջ համար ըսած եմ, նոյնպէս եւ ամենայն համոզումով պիտի ըսեմ մեր երէց ընկերոջ` Երուանդ Փամպուքեանի համար, որ ան իր հոգիին խորը դրոշմած է գաղափարի զինուորագրուած դաշնակցականի մտապատկերային տիպար մը` յատկանշուած գերազանց համեստութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ նուիրուածութեամբ: Մտքին մէջ իր իսկ ուրուագծած այդ տիպարն է ինք, որ անձնական կեանքը կ՛ապրի ու հանրային գործին մէջ կ՛առաջնորդուի այդ տիպարին առաքինութիւններով: Ինծի կը թուի, թէ այդ տիպարն է, որ ներշնչած ու մղած է ընկ. Երուանդ Փամպուքեանը, որ երիտասարդ տարիքէն ու մշտատեւ հետազօտէ հայոց պատմութիւնը եւ ազգի վերականգնումին նուիրուած իր կուսակցութեան պատմութիւնը` յետին մանրամասնութիւններով: Ինծի կը թուի տակաւին, որ Դաշնակցութեան արխիւներու հետազօտութեան լծուելով` Երուանդ Փամպուքեան գտած եղաւ իր հետաքրքրութեանց հարազատ տարերքը, որուն շնորհիւ` կարճ ժամանակի մէջ ունեցանք քանակով, ծաւալով ու որակով շշմեցնող արխիւային հրատարակութիւններ, որոնց կարեւոր յատկանիշը կը կազմեն ոչ միայն ժամանագրական դասաւորումը, այլ նաեւ ու մանաւանդ` իր կողմէ տրուած յաւելեալ բացատրութիւնները, վերլուծումները, վերծանումները: Շշմեցնող է նոյնպէս այն, որ չկայ դէպք ու պատահար, շրջանի, վայրի, անձի կամ մարմինի ծածկանուն թէ գաղտնագիր, որ առնչուած ըլլայ Դաշնակցութեան պատմութեան եւ որոնց բոլոր ծալքերուն բացատրութիւնը չունենայ ինք: Յիշողութեան աժդահա մը… Այս տեսակէտէն, իր հմտութեամբ, կը կարծեմ, թէ դաշնակցական վերջին մոհիկանն է Երուանդ Փամպուքեան, քիչ մնաց պիտի ըսէի միակն է, անգիտակ ըլլալով, որ իրմէ առաջ ու իրեն պէս հմուտ մը ունեցած ենք, թէ ոչ:
Հրատարակուած նամականիներու նորագոյնները Քրիստափորի, Նիկոլ Դումանի եւ Ռոստոմի նամակներն են, իսկ վերջին երկուքը` Անդրանիկի նամակներու հաւաքածոն է եւ Դաշնակցութեան ծածկագրերը` թուանշաններով…
Այս նամակներու ընթերցումը ենթադրել կու տայ, թէ կուսակցական գործիչներ նամակներու ճամբով իրենց տեսակէտները իրարու փոխանցելով` յաջողած են յեղափոխական գործը յստակացնել , կուսակցութեան քաղաքական գիծը սահմանագծել եւ մեծագործութիւն կատարել:
Կարելի՞ է արդեօք այսօր եւս մտածել, որ անմիջական հաղորդակցութեանց ներկայ դարուն, երբ հեռաւորութիւնները «չքացած» են արդէն, կուսակցական գործիչներու կամ մտաւորականներու միջեւ տեսակէտներու անկաշկանդ շրջագայութիւնը քաջալերուի, ինչպէս հարիւր եւ այսքան տարի առաջ էր` յուսալով, որ ատկէ կ՛օգտուին նախ իրենք` գործիչները, ապա նաեւ կուսակցութիւնն ու հայ կեանքը…
Վա՛րձքը կատար եւ արեւշատութիւն մեր երէց ու սիրելի ընկերոջ` Երուանդ Փամպուքեանին:
(Խտացուած)