Նշմար. Բանտարկեալներու Առ-Եւ-Տուր
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Օգոստոսի առաջին օրերուն միջազգային մամուլը ողողուեցաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ բանտարկեալներու փոխանակման լուրերով: Միաձայնութեամբ հռչակուեցաւ, որ Պաղ պատերազմէն ի վեր սա փոխանակման մեծագոյն գործողութիւնն էր: Ընդամէնը 26 բանտարկեալներու առ-եւ-տուր տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ արեւմուտքցի դաշնակիցներու միջեւ` դռները լայն բանալով հազար ու մէկ մեկնաբանութեան առջեւ, որոնք փորձեցին պատասխաններ գտնել որոշ հարցումներու, սակայն նաեւ նոյնքան ալ նոր հարցականներ ստեղծեցին: Փոխանակման...



















