ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Ահա ամիսներ անցած են այն օրէն, երբ իր հարազատներէն, մեզմէ եւ բոլորէն հեռու, անծանօթ տեղ մը կը պլպլայ Անի Պէզիքեան մոմը, որ իր արցունքէն գոյացած էր մեր աչքերուն առջեւ:
Այս կեանքը իր սահմանուած տարիներուն մէջ դժուար է, ցաւերով ու մտահոգութիւններով յորդուն: Բայց այդ բոլորը անցած վիճակ կը ստանան գոնէ 100 տարի ետք: Խոստացուած նոր կեանքին մէջ չկան այդ ցաւերը, այդ մտահոգութիւնները, տագնապները, գաղթերը, ուրախ թէ տխուր մթնոլորտը: Բայց այդ կեանքը ապրողներուս համար անհասանելի է ու խորհրդաւոր: Առնուազն մենք անտեղեակ ենք: Յամենայն դէպս, եթէ ցաւատանջ այս կեանքը կրցած ես Աստուծոյ մօտ, անոր պատուիրաններուն հետ ներդաշնակ ապրիլ` գիտնալով, որ մեղքը անխուսափելի է մարդուն համար, եւ դուն կրցած ես նուաճել քեզ հետապնդող մեղքը, հեռու պահել զայն արցունքով, զղջումով եւ կամաւոր մերժումով, կը նշանակէ այս դաշտին մէջ վառած ես լոյսը, որ յաւերժ պիտի պլպլայ անդի դաշտին մէջ: Վարագոյր մը չէ, ոչ ալ` պատուհանուած պատ մը, որ կը բաժնէ աստի եւ անդի կեանքերը: Անդունդ մը կայ երկուքին միջեւ, որ կրնայ խորտակուիլ հոգիով միայն` վերստին իրարու հետ ըլլալու համար: Հոգիները միայն կրնան անցնիլ այդ անդունդէն անդին եւ կը սպասեն խոստացուած ժառանգութեան:
Անին եւս ամիսներ առաջ ճեղքեց այդ անդունդը եւ անցաւ անդի կողմը: Հոն` խորհրդաւոր տեղ մը, վստահաբար կը պլպլայ մոմի մը պէս, որ իր արցունքով գոյացաւ այս կեանքին մէջ: Արցունք, որ կը բխէր այս կեանքի ցաւերէն, դժուարութիւններէն, տագնապներէն, տխրութիւններէն եւ… ուրախութիւններէն:
Ցաւի եւ ուրախութեան արցունքները, որոնք կարկուտի գնդիկներու պէս գլորուեցան եւ կաթկթեցան իր աչքերէն Պրիւքսելի (Պելճիքա) մէկ ճաշարանին մէջ…
2004: Որպէս Եւրոպայի մէկ եկեղեցւոյ հովիւ մը` հրաւիրուած էի Պրիւքսել, Հայ դատին նուիրուած խորհրդաժողովի մը:
Զարեհ սրբազան 50 օրերէ ի վեր ասկէ մեկնած էր դէպի անդենական: Այլ աշխատանքներու կողքին, ձեռնարկած էի «Արծիւ»-ի բացառիկով մը երախտագիտութիւնս արտայայտելու վաղամեռիկ սրբազան եղբօրս: Քառասունէ աւելի գրութիններ դիզուած էին գրասեղանիս վրայ: Ասդենականէն բազմաթիւ ձայներ կը գովերգէին, կը ցաւէին, կ՛ափսոսային, կ՛ողբային ու կը մեծարէին: Անդի դէմէն, ուր այսօր կը բնակի նաեւ Անին, ո՛չ մէկ ձայն, ո՛չ մէկ շշուկ:
Այդ հեւքոտ օրերէն ետք, երբ արդէն «Արծիւ»-ի բացառիկը հրապարակի վրայ էր, երեկոյ մը հեռաձայնը հնչեց: Անին էր.
– Սրբազա՛ն, լսեցի, որ Պրիւքսել կու գաս, մի՛ մոռնար «Արծիւ»-ի բացառիկէն քանի մը օրինակ հասցնել ինծի:
Շաբաթ երեկոյեան Պրիւքսելի մէջ փոքր պանդոկի մը մէջ տեղաւորուեցայ: Պրն. Միհրան Սարգիսեան պանդոկ եկաւ եւ տոքթ. Անդրանիկին հետ, որուն ազգական էր Միհրան, նստանք ճաշարան մը: Յաջորդ առաւօտուն, ժամադրութեան համաձայն, ներկայ եղանք ս. պատարագին: Անմիջապէս ետք Միհրանին ինքնաշարժով պտոյտի ելանք ծանօթանալու համար քաղաքի տեսարժան վայրերուն: Կէս ժամ չէր անցած, հեռաձայնը հնչեց: Ալեքքոն եւ Անին էին` մեր փոքր պանդոկին առջեւ կանգնած: Վերադարձանք: Ողջագուրուեցանք, ու փոքր սենեակէս իջեցուցի «Արծիւ»-ի բացառիկը, եւ կէսօր ըլլալով` ուղղուեցանք ճաշարան մը: Հոն Անին աճապարանքով բացաւ «Արծիւ»-ը եւ սկսաւ թերթատել, մինչ արցունքները իլիկի դերձաններուն պէս կը կախուէին այտերէն: Ճաշի ընթացքին, երբ խօսքը կը դառնար վաղամեռիկ սրբազանին շուրջ, յայտնեցի ցանկութիւնս: Սրբազանին կիսանդրին պիտի կանգի Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին: Անին յանկարծ բազուկները տարածեց եւ բացագանչեց. «Մե՛նք պիտի հովանաւորենք այդ ձեռնարկդ, սրբազա՛ն…»: Արցունքները ոլորուելով կը հոսէին աչքերէն բոցկլտացող մոմի մը պէս:
Ալեքքոն վճռեց.
– Իրիկունը մեր պանդոկը կու գաք, եւ կը խօսինք:
Քանի մը ժամէն արդէն Ալեքքոյենց իջեւանած պանդոկն էինք` հակապատկերը մեր պանդոկին: Անին անմիջապէս խօսքի անցաւ.
– Կիսանդրի սարքող վարպետ կը ճանչնա՞ս:
– Երկու արուեստագէտի մօտիկ եմ, մէկը քարի վրայ կ՛աշխատի, միւսը` պրոնզի: Ես կը կարծեմ, որ նախընտրելի է պրոնզէ կիսանդրին:
– Քարէ թող չըլլայ, պրոնզի վրայ աշխատող արուեստագէտը ո՞վ է:
– Մկրտիչ Մազմանեան, հայրենիքէն, որ հիմա Լիբանան կ՛աշխատի: Կ՛ուզէք` խօսի՞նք հետը:
– Անմիջապէս:
Զանգեցի Մազմանեանին եւ խօսեցայ ծրագրին մասին, մանրամասնութիւններու մասին երկուքս համաձայնեցանք: Ապա Ալեքքոն վերցուց հեռախօսը: Նոյն ժամուն իրենք եւս համաձայնեցան, որ Մազմանեան անմիջապէս գործին ձեռնարկէ: Երկու ամիս չանցած` հոգելոյս Զարեհ սրբազանին կիսանդրին Նիկոսիոյ եկեղեցւոյ դարպասին մօտ, իր յատուկ եւ մեղմ ժպիտով կը դիմաւորէր եկեղեցի ժամանողները: Այսպէս, առանց փողի եւ թմբուկի, քանի մը տասնեակ օրերու մէջ իրականացած էր իմ երազած երախտագիտական աշխատանքը` շնորիւ Անիի անմիջական պոռթկումին.
– Մե՛նք պիտի հովանաւորենք…
Անին հաճելի եւ շինիչ զրուցակից էր, ուղիղ դատող, հեռուն տեսնող ու հաւատացող: Առօրեայ մեր մտահոգութիւններուն շուրջ ունէր սեփական եւ անկեղծ կեցուածք: Օժտուած էր առաջնորդողի ձիրքերով: Բայց առաջնորդողի տաղանդ ունենալ եւ առաջնորդ ըլլալ տարբեր բաներ են մեր փոքր ու հետզհետէ փոքրացող ածուին մէջ:
Ամիսներ առաջ Անին մտաւ այն դարպասէն, որ մահուան դուռ կը կոչուի: Նոյն դռնէն կը մտնեն բոլորը` յափշտակողը եւ բաշխողը, վիրաւորողը եւ բուժողը, անհաւատը եւ հաւատացեալը, կեղծաւորը եւ անկեղծը, համեստը եւ ամբարտաւանը, աղքատը եւ հարուստը, խաբեբան եւ ճշմարտախօսը, բոլո՛րը: Բայց կը հաւատամ, որ Պրիւքսելի մէջ իր արցունքէն գոյացած մոմը այժմ կը պլպլայ տեղ մը, ինչպէս այս պահուն տակաւին կը պլպլայ աչքերուս առջեւ: Կ՛արժէ հետեւիլ այսպիսիներուն…