Անդրադարձ

Հայութիւնը Կորսնցուց Գլխագիր Դաստիարակ Մը (Ընկեր Յարութ Քիւրքճեանի յիշատակին

Հայութիւնը Կորսնցուց Գլխագիր Դաստիարակ Մը (Ընկեր Յարութ Քիւրքճեանի յիշատակին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի՜ ձեռքից եմ վառուել, Վառուել ու հուր եմ դառել, Հուր եմ դառել` լոյս տուել, Յոյս տալով եմ սպառուել։ Յ. Թումանեան  Մամուլի ծառայող ընկեր մը, իրեն սովորական լակոնական ոճով, երկու օր առաջ մօտաւորապէս հետեւեալ բառերը յղած էր հեռաձայնիս պատգամներու տփիկին. «Պիտի չուզէի գուժական ըլլալ, սակայն ընկ. Յարութ Քիւրքճեանն ալ...»: Անհաւատալի երեւցող բառերուն պատասխանեցի հարցումով մը. «Ինչպէ՞ս»: Պատասխան՝ «Քովիտ...»: Անմիջական...

Նշմար.  Ուսանողները Տապալեցին Պանկլատեշի Տիրակալը

Նշմար. Ուսանողները Տապալեցին Պանկլատեշի Տիրակալը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Շէյխա Հասինա Պանկլատեշի վարչապետ շէյխա Հասինայի երկրէն փախուստը երկուշաբթի, 5 օգոստոսին, գրաւեց միջազգային լրատու աղբիւրներու առաջին տեղը. նախընթաց օրերէն շատ աւելի լայն ու մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդուեցան, եւ բազում մեկնաբանութիւններ իրարու հետ մրցումի ելան յեղաշրջական շարժումին մասին, որուն շարժիչ ուժը ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ: Այս սիւնակին մէջ պիտի չմտնենք եղածին բազմաթիւ ծալքերուն մէջ, ո՛չ ալ պիտի պեղենք ստեղծուած վիճակին իրական կամ...

Սիմոն Սիմոնեանը, Իր «Սփիւռք»-ն Ու Տպարան «Սեւան»-ը, Իր Գուրգուրանքը` Հայաշխարհի Մատենագիրներէն Մինչեւ Ժամանակակից Գրողներուն Ու Ուսանողներուն

Սիմոն Սիմոնեանը, Իր «Սփիւռք»-ն Ու Տպարան «Սեւան»-ը, Իր Գուրգուրանքը` Հայաշխարհի Մատենագիրներէն Մինչեւ Ժամանակակից Գրողներուն Ու Ուսանողներուն

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Է՜, դուք չէք գիտեր Սիմոն Սիմոնեանի տպարան «Սեւան»-ին բոյրը-մոյրը: Կապարի հոտ, ֆելեֆիլի հոտ, սուրճ, օղի, սոտա, քրտինք, քուշէ թուղթ, խաւաքարտ, արաբական անուշեղէն, բարակ հաց եւ զաաթարով քախքէ, աշխարհի չորս ծայրերէն, ներառեալ Հայաստանէն հասած գրողներ, մտաւորականներ, նամակներ, ձեռագիրներ. տպարանին հազարաւոր գիրքերը` որոնք ապակիին ետեւէն կը դիտեն, տպուող անթիւ գիրքերը` մութ ու լոյս սրահին մէջ: Ստալինէն նոր յուշ մը, Սասունի...

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը  (Ը.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ը.)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ. Զ.- Ազգ-պետութիւններ III.- Կերպարանափոխութիւն Ժամանակակից պետութեան ստորոգութիւնները (տարածքային յստակ սահմաններ, ինքնակառավարում, օրինականութիւն` թէ՛ ներքին հասարակութեան եւ թէ՛ արտաքին պետութիւններու, կամ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած, տնօրինութիւն` տնտեսութեան, արտաքին թշնամիներէ սեփական սահմանները պաշտպանելու իրաւունք, կրթութեան եւ մշակոյթի հովանաւորութիւն եւ այլն, եւ այլն) եւրոպական ծնունդ ազգ-պետութեան ստորոգութիւններն են, կարգ մը ստորոգութիւններ ալ` անոնց հիման վրայ զարգացումներ: Հին անցեալին...

ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրը ՀՀ Սահմանադրութեան Հիմնաքարն Է

ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրը ՀՀ Սահմանադրութեան Հիմնաքարն Է

ԱՐՓԻ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ 1995 թուականի յուլիսի 5-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնն ընդունեց ՀՀ սահմանադրութիւնը. «Հայ ժողովուրդը, հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրում հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները եւ համազգային նպատակները, իրականացրած ինքնիշխան պետութեան վերականգնման իր ազատասէր նախնիների սուրբ պատգամը, նուիրուած հայրենիքի հզօրացմանը եւ բարգաւաճմանը, ապահովելու համար սերունդների ազատութիւնը, ընդհանուր բարեկեցութիւնը, քաղաքացիական համերաշխութիւնը, հաւաստելով հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներին, ընդունում է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը»: Ներկայումս ՀՀ...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Թիւերը, Մեր Բերնին Մէջ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այս տողերը միայն նորութիւններ չեն, ոչ ալ` սովորական շարադրանքներ, այլ` օրուան ընթացքին մեր գործածած կամ օգտագործած զանազան թիւերու մասին որոշ տեղեկութիւններ: Շատեր կրնան տեղեակ ըլլալ: Իմ կողմէ` պարզապէս ընթերցողին միտքը վերադարձի բերող կէտեր: Եւ որովհետեւ բոլորս ալ կ՛ապրինք «թիւերու» աշխարհի մը մէջ, ուզենք կամ ոչ, զանոնք ստիպուած կը գործածենք եւ պիտի շարունակենք գործածել, այնքան ատեն որ կը խօսինք:...

Կեանքին Հրաժեշտ Տուաւ Սփիւռքահայ Կարկառուն Մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան

Յարութիւն Քիւրքճեանին մեկնումին առիթով

 ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 2015 թուականին «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմը մտածեց եւ ծրագրեց յատուկ բացառիկ թիւ մը նուիրել ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին: Այդ բացառիկին մէջ ինծի վիճակուեցաւ պատրաստել անոր գրեթէ առիւծի բաժինը զբաղեցուցած՝ 125 դէմք, դէպք եւ քաղաքական կեցուածք-յայտարարութիւն՝ 125 տարուան վրայ տարածուած: Բաւական սպառիչ եւ աշխատատար աշխատանք էր, եւ ես հիմա չեմ գիտեր, եթէ ըստ արժանւոյն կատարած եմ այդ իմ առաքելութիւնս կամ ոչ:...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Այսօր Ո՛վ Կը Խօսի Սեւրի Դաշնագիրին Մասին. Ժխտե՞լ, Թէ՞ Անգիտանալ Զայն (104-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   Ներկայ օրերուն տեղին է լոյսին բերել բազմաթիւ հայ մտաւորականներու թէ հրապարակագիրներու այն ընդգծումը, որ հարիւր տարի եւ աւելի կեանք ունեցող դաշնագիրի մը մասին սիրտ ու մելան մաշեցնելը այլեւս անիմաստ է, ինչպէս նաեւ` ժամավաճառութիւն: Որովհետեւ, տասնամեակներու պատմաքաղաքական գործընթացները ցոյց տուին, որ չի բաւեր հզօր պետութիւններու շահերուն բախման կիզակէտին ըլլալ կամ օգտուիլ նման առիթներէ, այլ էականը կը մնայ այն, որ...

Մտորումներ.  Երնէ՜կ «Սեւր»-ին  Ափսո՛ս «Արցախ»-ին (101-Ամեակ)

Սեւրի Դաշնագիրի 104-Ամեակ. Սեւրի Դաշնագիրը Հիմնաքար` Ամբողջական Հայաստանի Տեսլականին

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սեւրի դաշնագիրը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան ամէնէն նշանակալից իրագործումներէն էր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը` «անձեւ քաոս»-էն ծնունդ առնելով եւ սկզբնական բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով, սկսած էր ընդարձակուիլ եւ իր գերիշխանութիւնը ամրապնդել հայկական տարածքներուն վրայ: Թրքաբնակ ըմբոստ շրջանները` Զանգիբասար եւ Վեդի Բասար, հնազանդեցուած  էին, եւ հայկական բանակը մտած էր Շարուր-Նախիջեւան: Միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի ճակատագրի լուծումը կը թուէր մօտալուտ: Խաղաղութեան վեհաժողովի...

Ցաւալի Մեկնում Մը Եւս.     Ճարտարապետ Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեան.  Հայ Մշակոյթի Պաշտպանն Ու Ջատագովը

Ցաւալի Մեկնում Մը Եւս. Ճարտարապետ Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեան. Հայ Մշակոյթի Պաշտպանն Ու Ջատագովը

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Կը կորսնցնենք յարգելի ու պատուական ազգային մը եւս, որուն համակ կեանքը եղաւ` աշխատասիրութիւն ու ծառայութիւն, ազնուականութիւն ու բարեսիրութիւն: Հանգուցեալ ՄԿՐՏԻՉ Լ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆը, ծանօթ էր` իր աշխատունակութեամբ, ժրաջանութեամբ, ձեռնհասութեամբ ու ճարտարութեամբ, միշտ օգտակար հանդիսանալով իր շրջապատին, բայց, ամէնէն աւելի խանդավառուելով ու հպարտանալով, իր հայրենիքի գոյութեամբ ու նուաճումներով, զանոնք նկատելով իւրաքանչիւր հայորդիի գերագոյն պարտականութիւնը եւ անգին նուիրականութիւնը: Ընթերցասէր ու...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Մկրտիչ Լուտվիկ Պուլտուքեանի Առյաւէտ Հեռացման Առիթով

Ա. Տ. Օգոստոսի առաջին օրերուն յետ կարճատեւ հիւանդութեան մահացաւ Մկրտիչ Լուտվիկ  Պուլտուքեան: Ան ծնած է 1938-ին, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է   Մխիթարեան, իսկ երկրորդական ուսումը ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ: Ապա հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի երկրաչափական ճիւղին` School of Architecture and Engineering-ի մէջ: 1963-ին արժանացած է նոյն համալսարանի պսակաւոր ճարտարապետի վկայականին: Ան երկար տարիներ ունեցած է փայլուն եւ յաջող գործունէութիւն...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Հակառակ Բոլոր Դժուարութիւններուն

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անցնող շաբթուան ընթացքին Իրանի եւ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական երկու գործողութիւններէ ետք, թէ՛ Համասի եւ թէ՛ Հըզպալլայի ղեկավարներու սպանութիւնները ապահովական, զինուորական եւ մանաւանդ շրջանային մեծ լարուածութիւն մը ստեղծեցին: Բնականաբար Լիբանանի մէջ անցնող ինը ամիսներուն հարաւի մէջ զինուորական մագլցումներէն ետք նոր փուլ մը մտնելու տպաւորութիւն ունինք: Քաղաքական, քաղաքացիական, ռազմական, ապահովական, ընկերային, կենցաղային, առողջապահական ու տնտեսական նոր մարտահրաւէրներ կ՛երեւին: Լիբանանահայութիւնը` իբրեւ...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Թուրքիա 544 Միլիոն Տոլար Յատկացուցած Է Օտար Երկիրներու Իր Համայնքները Աշխուժացնելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Երկու ամիս առաջ ես վերլուծական գրած էի` «Թուրքիան կ՛աջակցի արտերկրի իր քաղաքացիներուն, մինչդեռ Հայաստան կը վանէ իր սփիւռքը» վերնագիրով: Ատոր հիմքը Ապտուլլահ Պոզքուրթի` «Թուրքիան կ՛ընդլայնէ իր սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը` արտերկրին մէջ քաղաքական նպատակներու հասնելու համար» յօդուածն էր, որ հրապարակուած էր Nordic Monitor կայքէջին մէջ: Անցեալ շաբաթ Պոզքուրթ հրապարակեց յաջորդ յօդուածը` «Թուրքիա կը պատրաստուի ուժեղացնել իր միջամտութիւնը այլ երկիրներու ներքին...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

«Ազդակ»-ի Սագոն. 35 Տարիներու Հեռաւորութենէն Ողջոյն Մը

Ա. Ա. Յուլիս, 1989: Օր մը, առաջին անգամ ըլլալով, ոտք կոխեցի «Ազդակ»-ի յարկէն ներս: Խմբագրատունը կը գտնուէր «Շաղզոյեան» մշակութային կեդրոնի կիսայարկին մէջ, որ առաջին յարկէն կէս յարկ վար գտնուող տարածք մըն էր: Ներկայացայ լուրերու խմբագիրներու սենեակը, ուր կողք կողքի շարուած էին գրասեղաններ, որոնց ետին ծանօթ դէմքեր նստած` կը գրէին: Զոյգ շարքին դիմաց առանձին գրասեղանի մը ետին նստած էր կիսաճաղատ, սեւ...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Համբերութենէ Ծնող Մարգարիտներ

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ «Համբերութիւն պէտք է ունենալ մինչեւ վերջ, որպէսզի ամբողջական եւ կատարեալ ըլլաք, եւ ձեզի որեւէ բան չպակսի»: Յակոբոս 1:3 Մարգարիտները գեղեցիկ եւ թանկարժէք զարդարանքներ են ի վաղուց յետէ: Յիսուս իր առակներէն մէկուն մէջ երկինքի թագաւորութիւնը նմանցուց վաճառականի մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ: Երբ շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնէ, կ՛երթայ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ եւ...

Մինակ Չես

Զգուշութեան Եւ Արթնութեան Դար

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Պետրոս առաքեալ հաւատացեալները սատանայէն կը զգուշացնէ եւ անոնց կը պատուիրէ զգաստ եւ արթուն ըլլալ` ըսելով. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին` սատանան, առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ» (Առաջին Պետրոս 5. 8): Որքա՜ն այժմէական է Պետրոս առաքեալին այս խօսքը: Կարծէք` առաքեալը այսօ՛ր գրած ըլլայ զայն: Կարծէք` ան մեր մէջ կ՛ապրի, կը...

Մտաւորական Հոգեւորականի Եռահատորը …Եւ Կրկին՝ Աստուածամայրը՝ Լիբանանին

Մտաւորական Հոգեւորականի Եռահատորը …Եւ Կրկին՝ Աստուածամայրը՝ Լիբանանին

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ Jamanak Daily    :    Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2024 (8 օգոստոս 2020, Լոս Անճելըս) Ճերմակ թուղթին առջեւ միայնակ ու անկեղծ ըլլալու պատեհութիւնը զատ հմայք մը ունի: Շատեր կ՚ունենան այդ առիթները, բայց քիչեր կը զգան գիրին ուժը եւ այդ ուժով ազդելու կարեւորութիւնը: Մեր պատմութեան մէջ միշտ ալ եղած են գիրին, գրականութեան մօտ կեցած հոգեւորականներ: Աւելին՝ անցեալին գիրը գրեթէ անբաժան եղած է...

Մոսկուան Պաքուին Եւ Երեւանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Զերծ Մնալու Ռազմատենչ Հռետորաբանութենէն Եւ Փոխադարձաբար Ընդունելի Լուծումներ Գտնելու

Սխալ Ու Ձախողութեան Դատապարտուած Ճամբու Քարտէս Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքին փոխտնօրէն Անտրէյ Նասթասին ընդգծելով, որ Ռուսիան հանդէս կու գայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր վիճայարոյց հարցերու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով լուծման տեսանկիւնէն, յայտնեց, որ ատոր հասնելու համար ճամբու քարտէս կը նկատուի եռակողմ ձեւաչափի վերագործարկումը` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Այդ «ճամբու քարտէս»-ին` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութեան վերականգնումը, սակայն, առաջին...

Սթափելու Ժամանակը

Վտանգին Դիմաց Մնանք Միասնական

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի մէջ մթնոլորտը արձակուրդային է, մինչ Լիբանանի մէջ` անձկալի: Թեհրանի ու Պէյրութի հարաւային արուարձաններու զոյգ սպանութիւններէն ետք, Իրանի ու Հըզպալլայի կողմէ խոստացուած հակադարձութիւնները ստեղծած են տագնապալի վիճակ, Իսրայէլ եւս լարած է իր մարտական ողջ միջոցները` «նախազգուշական» հարուածներ հասցնելու համար իր հակառակորդներուն: Կազայի պատերազմը կը շարունակուի եւ Իսրայէլ ահաբեկիչներ ոչնչացնելու պատրուակով կը շարունակէ բացայայտ ոճիրներ գործել: Օդանաւային բազմաթիւ ընկերութիւններ...

Ի՞նչ Կը Կատարուի Այնտեղ` Մութին … ( Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

Քաղաքական Անորոշութիւն Եւ Մաքրոնականութեան Մայրամուտ` Ֆրանսայի Վերջին Ընտրութիւններուն Լոյսին Տակ

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ Վերջին 65 տարիներուն, զօր. Շարլ տը Կոլով հաստատուած 5-րդ Հանրապետութեան մէջ առաջին անգամն է, որ այսքան անորոշ վիճակ կը պարզէ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտը. աննախընթաց երեւոյթ մը, որուն հանգուցալուծումը բաւական բարդ կը թուի: Ի՞նչ տեղի ունեցաւ եւ ինչո՞ւ: 9 յունիսի եւրոպական խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Ֆրանսայի ծայրայեղ աջ կուսակցութեան յաղթանակին որպէս հակազդեցութիւն, նախագահ էմանուէլ Մաքրոն լուծարեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովը եւ նշանակեց...

Page 131 of 808 1 … 130 131 132 … 808

Արխիւներ