Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօք Փաշինեան Պէ՞տք Է Մեկնի Պաքու` Ալեւի Հրաւէրով Մասնակցելու Միջազգային Համաժողովին

August 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ 21 յուլիսին յայտարարեց, որ Հայաստան պաշտօնապէս հրաւիրուած է Պաքուի մէջ 11-22 նոյեմբերին կայանալիք Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով ՄԱԿ-ի միջազգային համաժողովին (COP29): Հաճիեւ ըսաւ, որ հրաւէրը Ազրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարար Մուխթար Պապայեւի կողմէ ուղարկուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան: Թէեւ ՄԱԿ-ի բոլոր անդամները ուղղակի կերպով կը հրաւիրուին, Հաճիեւ այնպէս ներկայացուց, կարծես Ազրպէյճան յատուկ բարեհաճութիւն ըրած է Հայաստանի` հրաւէրը որակելով իբրեւ «Բարի կամքի դրսեւորում եւ ներառական մօտեցում երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պարագային»: Հաճիեւ աւելցուցած է. «Հիմա ժամանակն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որոշում կայացնեն»:

Հայաստանի պաշտօնեաները տակաւին պաշտօնական պատասխան չեն տուած հրաւէրին: Անոնք խուսափողական երկու մեկնաբանութիւն ըրած են. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի խօսնակը ըսաւ, որ`  «Նման այց  նախատեսուած չէ վարչապետի աշխատանքային օրակարգին մէջ», իսկ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին խօսնակը լրագրողներուն ըսաւ, որ` «Հարցին անդրադարձ ըլլալու պարագային կը տեղեկացնենք»:

Պաքուն կը պնդէ, որ այդ առիթով 70-80 հազար զբօսաշրջիկ պիտի այցելէ Պաքու: Կը սպասուի, որ համաժողովին մասնակցին` հազարաւոր լրագրողներ, միջազգային բնապահպանական կազմակերպութիւններու պատուիրակներ, տարբեր կառավարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ տասնեակ մը պետութիւններու ղեկավարներ ամբողջ աշխարհէն: Աշխարհի 198 երկիր ստորագրած է Կլիմայի փոփոխութեան մասին համաձայնագիրը:

7 դեկտեմբեր 2023-ին, Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմը եւ Ազրպէյճանի նախագահին վարչակազմը միացեալ յայտարարութիւն տարածած էին, ուր կը բացայայտուէր, որ Կլիմայի համաժողովը հիւրընկալող Ազրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի վեթոյի իրաւունքը չկիրարկելու դիմաց` Ազրպէյճան ազատ կ՛արձակէ 32 հայ ռազմագերիները, որոնք կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ, իսկ Հայաստան իր հերթին ազատ կ՛արձակէ երկու ազրպէյճանցի զինուորներ, որոնք գերի ինկած էին Հայաստանի սահմանը հատելէ եւ հայ քաղաքացի մը սպաննելէ ետք: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան համաձայնած է աջակցիլ Հայաստանի թեկնածութեան Արեւելեան Եւրոպայի խումբին` COP29-ի Բիւրոյի կազմին մէջ: Այն ատեն ես գրեցի, որ նախագահ Ալիեւ այնքան տարուած է Պաքուի մէջ այս միջազգային հեղինակաւոր համաժողովի կայացման գաղափարով, որ Հայաստան պէտք էր պնդէր, որ Ազրպէյճան ազատ արձակէ 2020-ի պատերազմէն ետք Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները, ինչպէս նաեւ` սեպտեմբեր 2023-էն ի վեր պահուող Արցախի ութ բարձրաստիճան պաշտօնեաները:

Վերջին ամիսներուն, քանի մը միջազգային հաւաքներու ժամանակ նախագահ Ալիեւ յոխորտացած է, որ Ազրպէյճան կը հիւրընկալէ COP29 համաժողովը` այդ վերագրելով. «Իր երկրի նկատմամբ միջազգային յարգանքի աճով` երկուքուկէս ամիս անց» անոր կողմէ Արցախի բռնագրաւումէն եւ ցեղային զտումներէ ետք: «COP29-ն նախագահելը եւ այս ձեռնարկին կայացումը Պաքու` վառ օրինակներ են այն մեծ վստահութեան, որ միջազգային հանրութիւնը կը տածէ մեր երկրին նկատմամբ: Գրեթէ 200 երկիր միաձայն պաշտպանած է մեր թեկնածութիւնը», հպարտացած է Ալիեւ:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ Փաշինեան Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 համաժողովին մասնակցելու Ազրպէյճանի հրաւէրին կ՛անդրադառնայ օգոստոսին կայանալիք մամուլի ասուլիսի ընթացքին:

Ազրպէյճանցի պաշտօնեաները  ակնարկած  են, որ Պաքուի մէջ նոյեմբերին կայանալիք համաժողովի ընթացքին կրնայ ըլլալ, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ նախնական համաձայնագիր մը ստորագրեն, որ կը նախանշէ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրի հիմնական սկզբունքները: Հաճիեւ կը ծանուցէ «COP զինադադար»-ի գաղափարը` համաժողովի ընթացքին դադրեցնելու բոլոր ռազմական գործողութիւնները ամբողջ աշխարհի վրայ, նման` «Ողիմպիական զինադադար»-ի հայեցակարգին խթանելու համար Ազրպէյճանի կեղծ պատկերը` իբրեւ խաղաղարարի: Մայիսի վերջին նախագահի յատուկ բանագնաց Էլչին Ամիրբեկով նշած է, որ համաժողովը կրնայ լաւ հնարաւորութիւն ըլլալ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար:

7 մայիսին կայացած մամուլի ասուլիսին Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան համաձայն է մինչեւ նոյեմբեր Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու: Այսուհանդերձ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 19 յունիսին նախզգուշացուց, որ` «Ազրպէյճան կ՛ընէ կարելի ամէն բան` նոյեմբերին, Պաքուի մէջ COP29 գագաթաժողովին, Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման գործընթացը վիժեցնելու համար` Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ նոր յարձակում սանձազերծելու նպատակով»:

Յայտնի չէ, թէ օգոստոսին ի՛նչ պիտի յայտարարէ Փաշինեան` նոյեմբերին կայանալիք Պաքուի համաժողովին իր հնարաւոր մասնակցութեան կապուած: Սակայն, իմ կարծիքով, Փաշինեան պէտք է խուսափի Հայաստանի հաշուոյն համաշխարհային լսարանի առջեւ պարգեւային միաւորներ ձեռք բերելու նպատակով Ալիեւի ստեղծած ծուղակը իյնալէն` ցուցադրելով Փաշինեանի կամ անոր ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը Պաքուի համաժողովին: Ասիկա լուրջ ձեռքբերում կ՛ըլլայ Ալիեւի համար` հանդէս գալով իբրեւ խաղաղարար, միաժամանակ շարունակելով  յաճախակի  սպառնալիքներ հնչեցնել Հայաստանի հասցէին եւ մեծցնելով Հայաստանէն զիջումներու իր պահանջները: Աւելի՛ն. խաղաղութեան պայմանագիրի քողի տակ, թուղթի տակ ստորագրելը չի խոչընդոտեր Ալիեւը` Հայաստանի վրայ հետագայ յարձակումներէն:

Կը կարծեմ, որ ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ պէտք է նոյնիսկ մտածէ Պաքու մեկնելու մասին, քանի դեռ Ազրպէյճան կը պահէ տասնեակ հայ ռազմագերիներ եւ 2021-էն բռնագրաւած է Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ հատուածներ: Ազրպէյճանի կողմէ առանց բոլոր հայ բանտարկեալներու նախապէս ազատ արձակման եւ Հայաստանի տարածքներէն Ազրպէյճանի դուրս գալուն, ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ պէտք է երթայ Ազրպէյճան եւ ոչ իսկ հանդիպում ունենայ կամ բանակցութիւն վարէ Պաքուի հետ:

Նուազ բաղձալի այլընտրանք կ՛ըլլայ այն, որ Փաշինեան կամ իր ներկայացուցիչը մեկնի Պաքու եւ պահանջէ ելոյթ ունենալ  198  երկիրներու միջազգային համաժողովին` դատապարտելով Ազրպէյճանի բազմաթիւ սպառնալիքները` ներխուժելու Հայաստան, Արցախի բռնագրաւումը, 120 հազար արցախահայերու ցեղային զտումները, մերժումը` միջազգային երաշխիքներով անոնց վերադարձը իրենց պապենական հայրենիք, բոլոր հայ ռազմագերիները ազատ չարձակելը եւ ազրպէյճանական զօրքերը Հայաստանէն դուրս չհանելը:

Այսուամենայնիւ, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Ազրպէյճան կրնայ վերջին պահուն հրաժարիլ իր խոստումէն` թոյլ չտալով Հայաստանի ներկայացուցիչին` ելոյթ ունենալ համաժողովին: Հայաստանի համար շատ աւելի լաւ տարբերակ կ՛ըլլար հրաժարումը համաժողովին մասնակցելէ, այնքան ատեն որ համաժողովէն առաջ Ազրպէյճան ազատ չէ արձակած հայ ռազմագերիները եւ իր զօրքերը դուրս չէ բերած Հայաստանէն:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Լիզպոնի Տղոց Ճամբով Ու Ոգիով Երիտասարդութեան Պատգամը

Յաջորդը

Արցախի Հայկական Հետքերու Վերացման Ազրպէյճանի Քաղաքականութեան Միացած Են Միջազգային Գործընկերներ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.